Լուրեր Արևմտեան Թեմի Առաջնորդարանից

Լուրեր Արևմտեան Թեմի Առաջնորդարանից

ԱՌԱՋՆՈՐԴ ՍՐԲԱԶԱՆ ՀԱՅՐԸ ՆԵՐԿԱՅ ԳՏՆՈՒԵՑ  Ա. ԵՒ Մ.  ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՀԻՆԳԵՐՈՐԴ ԵՒ ՈՒԹԵՐՈՐԴ ԴԱՍԱՐԱՆՆԵՐՈՒ ԱՒԱՐՏԱԿԱՆ ՀԱՆԴԷՍԻՆ

       Կիրակի, 26 Յունիս 2022-ի երեկոյեան տեղի ունեցաւ Արեւմտեան Թեմէն ներս գործող Փասատինայի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցւոյ Ա. եւ Մ.  Յովսէփեան Վարժարանի հինգերորդ եւ ութերորդ դասարաններու ամավերջի աւարտական հանդէսը, ներկայութեամբ Թեմիս Բարեխնամ Առաջնորդ Գերաշնորհ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի, Վարժարանի տնօրենութեան, ծնողներու, բարեկամներու եւ շրջանաւարտներու:

      Հանդիսութիւնը բացուեցաւ Տէրունական <<Հայր Մեր>> աղօթքով եւ Հայաստանի Հանրապետութեան օրհներգի երգեցողութեամբ, որմէ վերջ, Վարժարանի Տնօրէն Շահէ Մանկրեան ողջունեց ներկաները եւ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Առաջնորդ Սրբազան Հօրը այս միջոցառումը Իր ներկայութեամբը պատուելու համար։

       Այնուհետեւ ամավերջեան հանդէսի գեղարուեստական բաժինէն յետոյ՝ տեղի ունեցաւ վկայականներու յանձնման արարողութիւնը:

     Վկայականներու բաշխումէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայր Իր հայրական բարեմաղթութիւնները փոխանցեց նախ աշակերտներուն, ապա բարձր գնահատեց ուսուցիչներուն անոնց ժրաջան աշխատանքը եւ անոր արգասիքը հանդիսացող հայաշունչ եւ հոգեպարար այս հանդէսը, շնորհակալութիւն յայտնեց  նաեւ ծնողներուն` փոքրիկներուն հայեցի դաստիարակութեան մէջ իրենց ունեցած ներդրումին համար, շեշտելով հայ դպրոցի եւ ուսման կարեւորութիւնը։

      Վկայականներու բաշխումէն յետոյ երեկոն փակուեցաւ Սրբազան Հօր «Պահպանիչ» եւ «Հայր մեր» աղօթքներով։

Դիւան Առաջնորդարանի

Հաղորդագրութիւն

Այսու կուգանք յայտնելու, որ Արեւմտեան թեմի Բարեխնամ Առաջնորդ Գերշ. Տ. Յովնան Արք Տէրտէրեանը Յուլիսի 5-էն սկսեալ պիտի ուղեւորուի Հայաստան՝ մասնակցելու համար «ՀԵՀԵՄ-ը Հայաստան-Սփիւռք կամուրջ» համահայկական երիտասարդական ուխտագնացութեանը եւ միջոցառումներուն։ Յովնան Արք. ընդհանուր պատասխանատու եւ հոգեւոր առաջնորդն է Հայ Եկեղեցւոյ Համաշխարհային Երիտասարդական Միաւորման։

Ն․Ս․Օ․Տ․Տ․ Գարեգին Բ Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի օրհնութեամբ և ՀԵՀԵՄ հոգևոր առաջնորդ Տ. Յովնան Արք. Տէրտէրեանի առաջնորդութեամբ Ուխտագնացութեանը պիտի մասնակցեն 200 եւ աւելի երիտասարդներ արտաշխարհի բազմաթիւ երկրներէն, որոնք Հայաստանի մէջ մէկտեղուած կ’ունենան հոգեւոր, կրթական, ժամանցային յագեցած ծրագիր մը։ Մէկշաբաթեայ ծրագրի աւարտին Առաջնորդ Սրբազանը նաեւ կը պատարագէ Բջնիի Ս. Աստուածածին վանքին մէջ։

Դիւան Առաջնորդարանի

29 Յունիսի, 2022

Share