Հարաւային Կովկասի եւ Վրաստանի ճգնաժամի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ Թոյվօ Քլաար «Թուիթըր»-ի վրայ գրառում մը կատարելով իր խոր գոհունակութիւնը յայտնած է Պաքուի 9-րդ համաշխարհային համախմբումին ընթացքին Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի կատարած այն յայտարարութեան համար, թէ Հայաստանի հետ խաղաղութիւն եւ համագործակցութիւն հաստատելու ցանկութիւն կայ:
«Ուրախ եմ կարդալու Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւի յայտարարութիւնը Պաքուի 9-րդ համաշխարհային համախմբումին ընթացքին. «Հիմա ժամանակն է խաղաղութիւն հաստատելու, համագործակցութիւն հաստատելու» եւ «անցնելու գործնական իրականացման»` հետեւելով Հայաստանի հետ դրական ընթացքին: Եւրոպական Միութիւնը վճռականօրէն կ՛աջակցի ատոր», գրած է Թոյվօ Քլաար:https:
aztagdaily.com