Մենք ա՛յս ենք

Մենք ա՛յս ենք

Վրէժ-Արմէն

Ծուռ ենք մենք։

Ինչպէ՞ս կը դիմանանք բոլոր զրպարտանքներուն, յարձակումներուն, ծաղր ու ծանակին, որոնց կ՚ենթարկուինք, ենթարկուած ենք ի սկզբանէ ու տակաւին պիտի ենթարկուինք ասկէ ետք։

Որովհետեւ ծուռ ենք մենք։

 Մենք կը հաւատանք մեր երդումին։ Կը հաւատանք, որ մեր կոչումին արժանի ըլլալու համար հաւատարի՛մ պիտի մնանք մեր յանձնառութեան՝ յարգելու մեր ծրագիրը, կանոնագիրն ու որոշումները։ Ա՜խ այդ որոշումները։

Լաւ գիտենք, որ անոնց միշտ չէ, որ համաձայն պիտի ըլլանք, անոնք միշտ չէ, որ մեր սրտով պիտի ըլլան, բայց ամեն ջանք պիտի թափենք գործադրելու համար զանոնք, եւ եթէ տարակարծիք ենք, մեր տարակարծութիւնն ու մեր հակաառաջարկները պիտի յանձնենք առ որ անկ է՝ որոշումը կայացնող մարմինին կամ ժողովին՝ չշեղելով, սակայն, անկէ, մինչեւ մեր տեսակէտը դառնայ համոզիչ, ընդունուի պատշաճ կարգով ու փոխէ, բարեփոխէ կամ փոխարինէ տուեալ նախկին որոշումը։

Այո՛, ծուռ ենք մենք։

Մեր հակաառաջարկը կրնայ ընդունելի չըլլալ։ Եւ մենք, անկախ ատկէ, պիտի շարունակենք ծառայել մեր ուխտին, անշահախնդիր ու անսակարկ նուիրուիլ մեր սրբազան նպատակի հետապնդման։ Այդ նպատակը անձնական չէ, ընդհանրական է, եւ մենք համոզուած ենք, որ միայն մեր ընտրած ճամբով կրնանք իրապէս իրագործել զայն։ Հաւաքաբար, ո՛չ անհատաբար։

Բայց ծուռ ենք մենք։

Կրնանք եւ դադրիլ այդպէս հաւատալէ ու կրնանք ենթադրել, որ սխալ էր մեր ընտրած ուղին ու կարծել, թէ կարելի է այլապէս հասնիլ այդ նպատակին։ Ուստի կրնանք դուրս գալ այդ ուղիէն։

 Դուրս գալ, որոնել մեզի աւելի առինքնող այլ ուղի, փորձել անկէ՛ ընթանալ։

Եւ ինչքա՜ն ծուռ ենք մենք։

Կրնանք նաեւ շփոթել մեր հին ու նոր ուղիները, խորհիլ, թէ միշտ նոյն կերպարն ենք՝ նոյն դաւանանքով, նոյնիսկ ուզելով նոյն անունը կրել՝ յաւակնելով, թէ մե՛ր ուղին է ճիշտը, մե՛ր տեսակէտն է ուղիղը։

Կրնանք նաեւ նոր ուղիներով այլ նպատակներ հետապնդել։ Այդ բոլոր իրաւունքները կը վայելենք իբր ազգային։

Բայց չենք կրնար ըլլալ այդքա՛ն ծուռ եւ անպարկեշտ։

Չենք կրնար թէ՛ տարակարծիք ըլլալ, թէ՛ նոյն նպատակը կամ այլ նպատակներ հետապնդել եւ թէ՛ օգտագործել նոյն անունը, շահագործել այդ անունը, անոր վարկն ու աւանդութիւնը, անոր պատմութիւնն ու ժառանգութիւնը՝ մեր տեսակէտին արժէք տալու, մեր տեսակէտը տարածելու համար։

Եթէ համոզուած ենք, որ մեր այլընտրանքն է ճիշտը, քաջութիւնը պիտի ունենանք նոր անունով, նոր դիմագիծով ներկայանալու հանրութեան, ա՛յդ անունով վաստկելու անոր վստահութիւնը, վայելելու անոր աջակցութիւնը, ստեղծելու սեփակա՛ն միջոցներն ու ընթանալու մեր ընտրած նոր ուղիէն։ Սահմանն քաջաց զէնն իւրեանց։

Մեր երկնակամարին վրայ միայն մէկ աստղի տեղ չէ, որ կայ։ Իւրաքանչիւրը, սակայն, իր փայլքով պիտի երեւի եւ ոչ թէ պահուըտի միւսին փայլքին ետեւ։

Բայց, ըսի, ծուռ ենք մենք։

 Նոյնիսկ շեղելէ ետք կրնանք անդրադառնալ, որ մեր նոր ընտրած ուղին կրնայ որեւէ տեղ չհասցնել մեզ, կրնանք զղջալ այդ շեղումին համար, կրնանք վերադառնալ ու միասին շարունակել մեր ճամբան։ Աւելի ամուր, աւելի մեծ ներուժով։

 Եւ… շարունակել ունկնդրել զրպարտանքները, յարձակումները, ծաղր ու ծանակը այլոց։ Ի՜նչ փոյթ։

Այո՛, այդքա՛ն ծուռ ենք մենք։

Եւ ա՛յս ենք մենք։

Share