ԵՐԵՒԱՆ.- Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, որ Յունիս 8-ին ժամանած էր Հայաստան, Հ.Ա.Պ.Կ.-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու խորհուրդի նիստին մասնակցելու նպատակով, հանդիպումներ ունեցաւ Հայաստանի վարչապետ Փաշինեանին եւ արտաքին գործոց նախարար Միրզոյեանին հետ:
Մամլոյ ասուլիսի ընթացքին, ան անդրադարձաւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու գործընթացին:
Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացի յառաջխաղացքին մասին խօսելով՝ Լաւրով նշեց, թէ Ռուսիա համոզուած է, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման վերաբերեալ վերջնական պայմանաւորուածութիւններ պիտի ըլլան: Ան յիշեցուց, որ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի ղեկավարները երեք եռակողմ հանդիպումներ ունեցած են 2020ի լայնածաւալ պատերազմէն ետք՝ Արցախի հակամարտութեան հանգուցալուծման եւ յարաբերութիւններու լուծման վերաբերող գործնական հարցերը լուծելու նպատակով:
«Մենք ունինք ընդհանուր ըմբռնում, որ գործընթացը յառաջ կ՛ընթանայ: Անշուշտ, կողմերը ունին իրենց առանձնայատուկ տեսլականները, որոնք միշտ չէ, որ կը համընկնին, մասնաւորապէս այն հարցին գծով, թէ ինչպէ՛ս պէտք է աշխատիլ յառաջիկայ փուլին, բայց ամէն պարագայի մեր բոլոր գործընկերները եւ մենք համամիտ ենք, որ բարձրագոյն մակարդակով ընդունուած երեք յայտարարութիւնները շատ պարզ ճանապարհային քարտէսներ են, որոնցմով պէտք է առաջնորդուինք բոլորս», ըսաւ ան, որ նաեւ անդրադարձաւ Հայաստան-Թուրքիա կապերուն՝ նշելով, որ Ռուսիա կ՛ողջունէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու բնականոնացման միտող գործընթացը: Ան յայտարարեց, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւններու լուծումը պիտի նպաստէ շրջանի ընդհանուր իրավիճակի առողջացման ու կայունացման:
Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան իր կարգին անդրադարձաւ նաեւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին եւ ըսաւ, թէ կան քանի մը ուղղութիւններ, որոնց մէջ բանակցութիւններ կ՛ընթանան:
Լաւրով նաեւ հանդիպում ունեցաւ Նիկոլ Փաշինեանի հետ, որ շեշտեց, թէ ներկայ դրութեամբ Հայաստանի օրակարգի գլխաւոր հարցը կապուած է տարածաշրջանային իրավիճակի եւ ապահովութեան, Արցախի հիմնահարցի կարգաւորման՝ շեշտելով, որ Ռուսիոյ հետ բաւական լաւ աշխատանք կը տարուի այդ իմաստով:
Լաւրով աւելի ուշ այցելեց Հայոց Ցեղասպանութեան յուշահամալիրը եւ յարգանքի տուրք մատուցեց Ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին: