Հրայր Շէրիքեան
Շաբաթ Յունիս 4, 2022 երեկոյեան տեղի ունեցաւ ճաշկերոյթ մը կազմակերպութեամ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցին յատուկ յանձնախումբի կողմէ, Լոս Անճըլեսի Իրանահայ Միութեան սրահէն ներս, ի պատիւ Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռափայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոցին:
Ներկայ էին աւելի գան 400 հիւրեր, Հայ եւ օտար հոգեւոր կղերականներ, քաղաքական դէմքեր, Հայ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ, հովանւորներ եւ հսկայ հօտ մը որ եկած էին Հոգեւոր Տիրոջ միանալու իր հովուական այցելութեան: ՀՅԴ Արևմտեան ԱՄՆ Կեդրոնական Կոմիտէի կողմէ ներհկայ էին Տարօն Տ. Խաչատուրեան և Հովիկ Սալիպան:
Յայտագիրի վերջաւորութեան Հոգեւոր Տէրը իր խօսքէն ետք պատուեց շատ նուիրեալ անհատներու շքանշաններով: