Լիբանանի Խորհրդարանը ընտրեց Իր մնայուն յանձնախումբերը

Լիբանանի Խորհրդարանը ընտրեց Իր մնայուն յանձնախումբերը

Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ նախագահեց խորհրդարանական մնայուն յանձնախումբերու ընտրութեան նիստին, որ տեղի ունեցաւ կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, խորհրդարանին մէջ:

Անդրադառնալով հարաւային Լիբանան-Իսրայէլ ծովային սահմանագծումին` Պըրրի յայտնեց, որ ամերիկացի բանագնաց Ամոս Հոքշթայն Լիբանան պիտի հասնի կիրակի, 12 կամ երկուշաբթի, 13 յունիսին:

Խորհրդարանական յանձնախումբերուն ընտրութեան մասին Պըրրի շեշտեց, որ այդ մնայուն յանձնախումբերը խորհրդարանին իսկական խոհանոցը կը նկատուին, «եւ երանի կարելի ըլլար այդ իմաստով համախոհութիւն գոյացնել` նկատի ունենալով, որ բոլոր երեսփոխանները ներառելու կարելիութիւն կայ, այլապէս շաբաթներ պիտի տրամադրենք ընտրութիւնները ամբողջացնելու համար», ըսաւ Պըրրի:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի երէկ ընտրուեցաւ արտաքին գործերու եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու, ինչպէս նաեւ գաղթականներու հարցերու եւ արհեստագիտութեան խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամ:

Իր կարգին, Հայկական երեսփոխանական պլոքի անդամ Յակոբ Թերզեան ընտրուեցաւ երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան, ինչպէս նաեւ տնտեսութեան, առեւտուրի, ճարտարարուեստի եւ ծրագրաւորումի խորհրդարանական յանձնախումբերու անդամ:

Ժիհատ Բագրատունի երիտասարդութեան եւ մարմնակրթութեան խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցաւ:

Ժան Թալուզեան պաշտպանութեան, ներքին ապահովութեան եւ քաղաքապետութեան հարցերու, և ելեւմուտքի եւ պետական ամավարկի խորհրդարանական յանձնախումբի անդամ ընտրուեցաւ իսկ Փոլա Եագուպեան Տեղեկատուութեան եւ հաղորդակցութեան միջոցներու խորհրդարանական յանձնախումբի անդամներ ընտրուեցաւ:

Share