Յակոբ Բագրատունի միաձանութեամբ ընտրուեցաւ Խորհրդարանի դիւանի անդամ

Յակոբ Բագրատունի միաձանութեամբ ընտրուեցաւ Խորհրդարանի դիւանի անդամ

 ՀՅԴ ներկայացուցիչ, «Հայկական երեսփոխանական պլոք»ի ղեկավար,  Յակոբ Բագրատունի այսօր Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ նոր խորհրդարանի անդրանիկ նիստի ընթացքին միաձայնութեամբ ընտրուած է խորհրդարանի դիւանի անդամ։ 

Այս մասին տեղեկացել ենք լիբանանեան լրասփիւռներէ։

Կը նշուի նաեւ, որ Բագրատունիի կողքին (միաձայնութեամբ) դիւանի անդամ ընտրուած են երեսփոխաններ ՝ Միշէլ Մուսա եւ Ապտըլ Քէրիմ Քապպարա։

 Դիւանի ընտրութիւններէն առաջ խորհրդարանը դարձեալ միաձայնութեամբ (երկու երեսփոխաններու քաշուելէն ետք) Ալէն Աունն ու Հատի Ապու Հըսնը ընտրած են խորհրդարանի ընդհանուր քարտուղարներ։

Այս բոլորի կողքին հարկ կը համարենք յիշեցնել, որ Նէպիհ Պըրիի նախագահ ընտրուելէն ետք խորհրդրանի անդամները երեսփոխան Էլիաս Ապու Սահըպը ընտրած են Խորհրդարանի փոխնախագահի պաշտօնին եւ ընտրութիւնը եղած է մրցակցային վերջինիս եւ երեսփոխան Ղասսան Սըքաֆին միջեւ։ 

 Ապու Սահըպ ստացած է 64 քուէ, իսկ անոր մրցակից ՝ Ղասսան Սըքաֆ 49 քուէ։ 

 Մեր տեղեկութիւններով այսօր տեղի ունեցած ընտրական նիստը բազում ուղերձներ հաղորդող նիստ կը համարուի ու նաեւ ներ-քաղաքական առումով ունի կարեւոր պատգամներ։

«Արեւելք» 

Share