Հրայր Շէրիկեան
Կլէնտէյլի Հայ համայնքը եւ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ Հայ Կաթողիկէ Աթոռանիստ եկեղեցին մեծ խանդաւարութեամբ ընդունեց Հովուական այցելութիւնը Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Տէր Ռափայէլ Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոցը:
Սարկաւագներու, կղերականներու եւ հիւր եպիսկոպոսներու հետ միասնաբար մեծ թափորով մուտք գործեց Հոգեւոր Տէր Ռափայէլ Պետրոս ԻԱ. Աթոռանիստ եկեղեցին որ ինք կարուցած էր 20 տարիներ առաջ:
Ապա, ներկայութեամբ քաղաքական տեղական եւ նահանգային ներկայացուցիչներու, ազգային, հասարակական ներկայացուցիչներու եւ մեծ բազմութեան կատարեցին «Երեկոյան ժամարգութեան» արարողութիւնը:
Արարողութեան աւարտին, Գերապատիւ Միքայէլ Եպիսկոպոս Մուրատեան ներկաններուն եւ հաւատացեալներու կողմէ երախտագիտութեան խօսքը ուղեց հոգեւոր Տիրոջ:
Ապա, Հոգեւոր Տէր Ռափայէլ Պետրոս ԻԱ. Շնորհակալութեան խօսքին աւարտին յիշեց «Ասուած մեր մէջ աւելցնէ յոյսը, սէրը եւ բարեգործութիւնը որպէս զի առժանի ըլլանք իր ողորմութեան եւ իր ներկայութեան մեր կեանքին մէջ:»
Թափորին ելքի ընթացքին, Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մուտքին պատին վրայ, Հոգեւոր Տէրը բացայատնեց բորագրուած խօսքը, ի պատիւ իր այցելութեան:
Երեկոյեան տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն: