Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաղորդակցութիւններու Աշխուժացման»

Պայտըն. «Միացեալ Նահանգներ Պատրաստ Են Աջակցելու Հայ-Ազրպէյճանական Հաղորդակցութիւններու Աշխուժացման»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն շնորհաւորած է Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը յառաջիկայ ազգային տօնի` Անկախութեան օրուան առիթով: «Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնէ ազրպէյճանական պետութեան ղեկավարի պաշտօնական կայքը:

Ան նաեւ ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են աջակցելու Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ դիւանագիտական հաղորդակցութիւններու աշխուժացման, ինչպէս նաեւ նպաստելու Ազրպէյճանի տնտեսական, փոխադրամիջոցային եւ մարդկային կապերու կարգաւորման, «որ ամբողջ Կովկասին ու Անդրկասպեան շրջանին պիտի արտօնէ բարգաւաճիլ»:

«Արմէնփրես» աւելի ուշ հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Նետ Փրայս իր կարգին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին լրագրողներու յայտնած է, որ Միացեալ Նահանգներ պատրաստ են շարունակելու յարաբերութիւններու կարգաւորման հարցին մէջ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին աջակցելու, ներառեալ նաեւ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրի կարգավիճակին մէջ:

«Միացեալ Նահանգներ կ՛ողջունեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ երկխօսութիւնը: Այս ծիրին մէջ մենք կը շարունակենք յանձնառու ըլլալ խթանելու Հարաւային Կովկասի շրջանին համար խաղաղ, ժողովրդավարական եւ բարգաւաճ ապագան: Մենք հաստատակամօրէն կը յորդորենք, որ այս երկխօսութիւնը շարունակուի, եւ կողմերը աշխուժացնեն իրենց դիւանագիտական մասնակցութիւնը` օգտուելու գոյութիւն ունեցող ուղղակի փոխադարձ գործակցութեան մեքանիզմներէն, ձգտելու գտնել համապարփակ լուծումներ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին առնչուած կամ ատոր հետեւանքով յառաջացած բոլոր կարեւոր հարցերու առնչութեամբ, ինչպէս նաեւ կարգաւորելու իրենց յարաբերութիւնները համապարփակ խաղաղութեան համաձայնագիրի կնքման միջոցով:

«Մենք պատրաստ ենք աջակցելու այս հոլովոյթին: Մենք կը շարունակենք պատրաստ ըլլալ այս ջանքերուն մէջ աջակցելու Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին, նաեւ` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահի մեր կարգավիճակին մէջ», յայտարարած է Փրայս:

Share