Լիբանան այցելեց Վիտալի Բալասանեան

Լիբանան այցելեց Վիտալի Բալասանեան

Անցնող շաբաթ Լիբանան այցելեց Արցախի հերոս եւ Արցախի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Վիտալի Բալասանեան: Ան իր առաջին այս այցելութեան ընթացքին ծանօթացաւ լիբանանահայ համայնքի գործունէութեան եւ կառոյցներուն:

Վիտալի Բալասանեան այցելեց Համազգայինի «Մելանկթօն եւ Հայկ Արսլանեան» Ճեմարան, Ազգային միացեալ վարժարան ու Ազգային «Եղիշէ Մանուկեան» քոլեճ եւ հանդիպում ունեցաւ տնօրէնութեանց ու աշակերտութեանց հետ: Ծանօթանալէ ետք կրթական օճախներուն, ան իր հիացմունքը արտայայտեց լիբանանահայ վարժարաններու կրթական եւ հայակերտումի ազգանուէր ու հայրենանուէր աշխատանքին կապակցութեամբ: Աշակերտութեան հետ հանդիպումները անցան ջերմ ու հետաքրքրական մթնոլորտի մէջ, եւ ան մեծ գոհունակութեամբ պատասխանեց անոնց հարցումներուն եւ լսեց նաեւ անոնց տեսակէտներն ու ականջալուր դարձաւ 44-օրեայ պատերազմին գծով անոնց ապրումներուն եւ տագնապներուն: Ան պատգամեց աշակերտութեան անմար պահել իրենց մէջ պահանջատիրութեան ջահը:

Բալասանեան այցելեց նաեւ «Ազդակ»-ի խմբագրատուն եւ հանդիպում ունեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ երեսփոխան Յակոբ Բագրատունիի ու «Ազդակ»ի տնօրէնութեան հետ: Խորհրդակցութիւններու առանցքը կազմեցին լիբանանահայ համայնքի դիմագրաւած մարտահրաւէրները եւ Արցախի ներկայ իրավիճակը: Բալասանեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ ՀՅԴ արխիւային նիւթերու պատասխանատու պատմաբան Երուանդ Փամպուքեանի հետ: Ան հետաքրքրութեամբ լսեց ՀՅԴ արխիւներուն մէջ Արցախի մէջ Դաշնակցութեան ծաւալած գործունէութեան վերաբերեալ գոյութիւն ունեցող նիւթերու մասին:

Արցախի հերոսը այցելեց նաեւ ԼՕԽ-ի ընկերաբժշկական կեդրոն եւ հանդիպում ունեցաւ ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան եւ կեդրոնի տնօրէնութեան հետ ու մօտէն ծանօթացաւ ԼՕԽ-ի գործունէութեան տարբեր բնագաւառներուն: Այս առիթով ան դրուատիքով արտայայտուեցաւ ՀՕՄ-ի Արցախի մէջ ծաւալած բազմաբնոյթ աշխատանքներուն մասին:

Բալասանեան այցելեց նաեւ Այնճար հայաւան ու հանդիպեցաւ քաղաքապետին եւ շրջանի կոմիտէին հետ ու շրջագայեցաւ նաեւ գիւղի կառոյցները: Ան ծանօթանալէ ետք գիւղի հայաբոյր մթնոլորտին եւ Հայաստանով ու Արցախով բաբախող անոր էութեան, բարձրօրէն գնահատեց տարուող աշխատանքը: Այնճար այցելութեան առիթով Բալասանեան այցելեց նաեւ Արցախի 44-օրեայ պատերազմին անմահացած հերոս Գէորգ Հաճեանի ծնողքին եւ հանդիպեցաւ անոր մօր ու ընտանեկան պարագաներուն հետ: Այս առիթով ան վկայութիւններ ներկայացուց Նայատակին մասին ու անդրադարձաւ նաեւ անոր հետ առնչուող դրուագներու:

Իր կեցութեան ընթացքին Բալասանեան այցելեց նաեւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսարան եւ Հաեօց ցեղասպանութեան նուիրուած Նայատակաց մատուռ, ինչպէս նաեւ Հաեօց ցեղասպանութեան որբերու «Արամ Պէզիքեան» թանգարան:

Վիտալի Բալասանեան խոր տպաւորութիւններով վերադարձաւ Արցախ` ցանկութիւն յայտնելով Արցախի ու լիբանանահայ համայնքին միջեւ յարաբերութիւնները յաւելեալ խորացնելու եւ այդ ծիրին մէջ յայտնելով իր ամբողջական պատրաստակամութիւնն ու գործակցութիւնը:

Share