Անուշաւան Արք. Դանիէլեան արեւելեան թեմի առաջնորդ վերընտրուեցաւ

Անուշաւան Արք. Դանիէլեան արեւելեան թեմի առաջնորդ վերընտրուեցաւ

ՖԻԼԱՏԵԼՖԻԱ․- Արեւելեան Թեմի Ազգային Երեսփոխանական Ժողովը տեղի ունեցաւ Մայիս 12-14-ին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ կազմակերպութեամբ։ Շաբաթ, Մայիս 14-ին, եզրափակիչ նիստին ընթացքին, տեղի ունեցաւ Առաջնորդի ընտրութիւն, որուն հետեւանքով Թեմի բարեջան Առաջնորդ՝ Անուշաւան Արքեպիսկոպոս Դանիէլեան, վերընտրուեցաւ չորս տարուան երկրորդ շրջանի մը համար։ Ընտրութենէն ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը հետեւեալ խօսքը ուղղեց ներկաներուն.- «Կ՚ուզեմ բոլորիդ շնորհակալութիւն յայտնել, որ առաջնորդական պաշտօնը երկրորդ անգամ ինծի վստահած էք։ Միասնաբար պիտի այժմէականացնենք Ազգային Երեսփոխանական Ժողովի ընթացքին առաջարկուած բոլոր ծրագիրները, ինչպէս եւ նոր նախագիծերով ճոխացնենք զանոնք։ Իմ հաստատ հաւատքս է, որ, միասնաբար, միակամ տեսիլքով իբրեւ ծուխեր, Առաջնորդարան եւ Կաթողիկոսարան, պիտի զօրացնենք մեր ծուխերուն, մեր Առաջնորդարանին, ինչպէս եւ նաեւ Կաթողիկոսարանին հիմքերը։ Աստուած անսասան պահէ Հայ Եկեղեցին, Ամերիկայի Արեւելեան Ազգային Առաջնորդարանը եւ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութիւնը իրենց բոլոր կառոյցներով եւ քոյր կազմակերպութիւններով»։

Նոյն նիստին ընթացքին, տեղի ունեցան նաեւ Ազգային Վարչութեան ընտրութիւններ։ Կրօնական Ժողովի անդամ վերընտրուեցաւ Արժպ. Տ. Անդրանիկ Ա. Քհն. Պալճեան եւ ընտրուեցաւ Գերպ. Տ. Պօղոս Ծ. Վրդ. Թինքճեան։ Քաղաքական Ժողովի անդամներ վերընտրուեցան Դոկտ. Ռաֆֆի Մանճիկեան, Ճոն Գլընճեան եւ Արամ Յովակիմեան եւ ընտրուեցան Արամ Սարաֆեան եւ Ռիչըրտ Քանարեան։

Share