Մարօ Քէշիշեան
Հայ Օգնութեան Միութեան (ՀՕՄ) Կեդրոնական Վարչութեան 26-29 Ապրիլ 2022ի չորսօրեայ Արցախ այցելութիւնը ոչ միայն պատմական, այլ նաեւ հրաշքի համազօր իրականութիւն մը հանդիսացաւ։ Յատկապէս 44-օրեայ պատերազմէն ետք տեսնել Ստեփանակերտը այդքան չքնաղ ու այդքան գեղեցիկ, ապա բառեր չկան այդ ներքին զգացումները նկարագրելու։
Տասը ժամերու դարձդարձիք ճամբաներէ, տասը անցարգելքներ անցնելէ, ոմանց դիմաց ժամեր սպասելէ ետք Երեքշաբթի, 26 Ապրիլի երեկոյեան ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան պատուիրակութիւնը պարտադրաբար հայկական մեր Շուշին շրջանցելով, հասաւ Ստեփանակերտ եւ ի զարմանս բոլորին Ստեփանակերտը գտաւ կանգուն, շէնքերը նորոգուած, ժողովուրդը եռուզեռի մէջ։ Թէեւ նկատելի էր որոշ մելամաղձոտութիւն, սակայն զգալի էր արցախցիի զօրաւոր կամքն ու հայրենիքէն մնացած փոքր տարածքը զարգացնելու, սակայն ապագային զայն ամբողջականացնելու եւ պաշտպանելու ինքնավստահութիւնը։
Ի տես այս յուսադրիչ երեւոյթին, յոգնութիւնը անտեսելով ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները այցելեցին ՀՕՄի Արցախի միաւորի կեդրոնը, ուր ծանօթացան տեղւոյն Վարչութեան անդամներուն, ներկայացուցին իրենց այցելութեան նպատակը, Արցախեան համեղ Ճինկելով հացը ճաշակելէ ետք հրաժեշտ առին եւ այցելեցին ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի նստավայրը եւ մտերմիկ հանդիպում մը ունեցան մարմնի անդամներուն հետ եւ ներկայացուցին ՀՕՄի նորանոր ծրագիրները Արցախէն ներս։ ՀՅԴի ԿԿի ներկայացուցիչ Արթիւր Մոսիեան ողջունեց պատուիրակութիւնը, բարձր գնահատեց անոնց աշխատանքները եւ պատրաստակամութիւն յայտնեց աջակցելու անոնց։
Չորեքշաբթի, 27 Ապրիլի առաւօտեան Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, ընկերակցութեամբ ՀՕՄի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան ատենապետ Զոյա Քոչարեանին, ՀՕՄի Արցախի մեկուսի Վարչութեան ատենապետ Լիլիթ Մարտիրոսյան եւ անդամներուն եւ ՀՕՄի Արցախի «Սօսէ» մանկապարտէզներու համակարգող Արտէմիս Գրիգորեանին հետ, այցելեցին Արցախի Եղբայրական գերեզմանատուն եւ ծաղիկներ զետեղեցին Համաշխարհային Բ. պատերազմի ընթացքին զոհուած զինուորներու յուշարձանին առաջ եւ իրենց յարգանքի տուրք մատուցեցին անոնց անմար յիշատակին։ Ապա ընկերուհիները այցելեցին շիրիմները Արցախի 44-օրեայ պաշտպանական մարտերուն զոհուած մեր հերոս նահատակներուն, որոնց վրայ եւս ծաղիկներ դրին եւ աղօթեցին անոնց հոգիներու խաղաղութեան համար։
Այնուհետեւ ՀՕՄի պատուիրակութիւնը, ընկերակցութեամբ ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական Կոմիտէի անդամ Ալէոնա Գրիգորեանի, կարճ հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Արայիկ Յարութիւնեանի հետ։ Հանդիպման ընթացքին ՀՕՄի Կեդր. Վարչութեան ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ներկայացուց ՀՕՄի նորագոյն ծրագիրը՝ Արեւային ջրատաքացման համակարգի իրականացումը Արցախի հանրապետութենէն ներս։ Այս համակարգի որդեգրումը մեծ ոգեւորութեամբ ընկալուեցաւ նախագահին կողմէ, որ նաեւ խոստացաւ աջակցիլ անոր իրականացման։
Նոյն օրը յետ միջօրէին տեղի ունեցաւ այցելութիւն, վերջին տարիներուն կառուցուած ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» արդիական մանկապարտէզը, ուր տնօրէնուհի Նելլի Ղուլեանի առաջնորդութեամբ շրջելով շէնքը, անոնք հիացմունքով ծանօթացան անոր մանրամասնութիւններուն։ Մանկապարտէզի աշակերտները, որոնց մէջ կային նաեւ մեր զոհուած ազատամարտիկներու եւ տեղահանուած արցախցի ընտանիքներու երեխաներ, իրենց հիւրերուն հրամցուցին երգ ու պարի գեղեցիկ ու զմայլելի յայտագիր մը, որուն յուզումնախառն արցունքներով հետեւեցան ՀՕՄուհիները։ Էական այս այցելութիւնը ոչ միայն ուրախալի էր, այլ նաեւ խրախուսիչ, մանաւանդ երբ զրուցելով փոքրիկներուն հետ իմացան, թէ անոնցմէ շատեր կ՚ուզեն զինուոր դառնալ, որպէսզի պաշտպանեն իրենց սիրելի հայրենիքը՝ անփոխարինելի Արցախը։
Գեղեցիկ այս մանկապարտէզին ծանօթանալէ ետք, ՀՕՄի պատուիրակութիւնը մեկնեցաւ Ասկերանի շրջանի ՀՕՄի Խնծիրիստանի «Սօսէ» մանկապարտէզը, ուր մանկապարտիզպանուհի Սուսաննա Յակոբճանեանը մանրամասնութիւններ փոխանցեց մանկապարտէզի կրթական ծրագիրներուն եւ աշակերտութեան մասին, առաջնորդեց հիւրերը մանկապարտէզի սենեակները, որոնք գեղեցկօրէն զարդարուած էին փոքրիկներու ձեռային աշխատանքներով։ Ապա, սիրասուն փոքրիկները, հիւրերուն հրամցուցին մանկական երգ ու արտասանութիւններու փունջ մը, մեծապէս ոգեւորելով զանոնք։
Երեկոյեան ՀՕՄի Ստեփանակերտի «Սօսէ» մանկապարտէզի սրահէն ներս տեղի ունեցաւ ՀՕՄի Ուսանող ծրագրի նուիրուած ձեռնարկը։ Այս տարի ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը գեղեցիկ գաղափարը յղացած էր, իր երախտագիտութիւնը յայտնելու համալսարանական այն ուսանողներուն, որոնք առանց ընկրկումի, կեանքի գնով մասնակցած էին Արցախի 44-օրեայ պատերազմին։ Այսպէս ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը բարձր գնահատեց Արցախի պետական, Ստեփանակերտի Մեսրոպ Մաշտոցի եւ Գրիգոր Նարեկացիի, ինչպէս նաեւ Շուշիի Տեխնոլոգիական համալսարաններէն 105 հայրենանուէր ուսանողներ եւ անոնց իւրաքանչիւրին յանձնեց գնահատագիր եւ նիւթական փոքրիկ նուէր։ Ելոյթ ունեցան ակնարկուած համալսարաններու ներկայացուցիչներն ու ՀՕՄի մօտ ԿԿի կապ Ալեոնա Գրիգորեանը, բոլորն ալ շնորհակալութիւն յայտնեցին ՀՕՄի աշխարհացրիւ մեծ ընտանիքին, համակիրներուն եւ նուիրատուներուն, որոնք բազմաբնոյթ օգտակար ծրագիրներ կ՚իրականացնեն Արցախի մէջ։ Անոնք վստահեցուցին, որ արցախցիները արժանապատւօրէն կանգուն կը մնան իրենց հողին վրայ, կը վերադարձնեն իրենց բռնագրաւուած տարածքները եւ դարձեալ Արցախը ամբողջութեամբ հայկական կը դարձնեն։
Սրտի իր խօսքը փոխանցելով ներկայ ուսանողներուն, ատենապետ Նայիրի Տէրտէրեան ըսաւ. «Մեզի համար հպարտանք է ըլլալ ձեզի հետ եւ կիսել այն ցաւը, որ դուք ապրած էք 44-օրեայ պատերազմէն ետք եւ շնորհել ձեզ այս փոքրիկ նուէրը, որպէսզի դուք ունենաք փայլուն ապագայ։ Դուք ոչ միայն Արցախի քաղաքացիներն էք, այլ Արցախի լաւագոյն զինուորները»։ Ապա ան ՀՕՄի մեծ ընտանիքի անունով խոստացաւ միշտ թիկունք կանգնիլ Արցախի ժողովուրդին պատերազմի եւ խաղաղ օրերուն։
Գնահատելի այս ձեռնարկէն ետք ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը հանդիպում մը ունեցաւ Արցախի ՀՕՄի անդամներուն հետ, որու ընթացքին քննարկեցին Արցախի ՀՕՄը յուզող կարեւոր հարցեր։
Հինգշաբթի, 28 Ապրիլի առաւօտեան պատուիրակութիւնը այցելեց ՀՕՄի Աշանի «Սօսէ» մանկապարտէզ, ուր մանկապարտիզպանուհի Գայանէ Յովհաննիսեանը իր անձնակազմին եւ փոքրիկներուն հետ աղ ու հացով դիմաւորեց ՀՕՄի անդամները, ծանօթացուց անոնց մանկապարտէզի մանրամասնութիւնները։ Այս մանկապարտէզէն ներս եւս հիւրերը վայելեցին արցախցի աշակերտներուն հետաքրքրական երգ ու արտասանութիւնները, որոնք մեծ ոգեւորութեամբ եւ վստահութեամբ ներկայացուցին։ Մանկապարտէզը ունէր նաեւ իր խաղավայրը, ուր երեխաները ուրախութեամբ կ՚օգտագործէին հոն տեղադրուած օրօրոցները, սահնակը, սիսոնն ու այլ խաղալիքները։
Մանկապարտէզի այցելութենէն ետք պատուիրակութիւնը այցելեց Հայաստան Համահայկական հիմնադրամի կողմէ, Իւանեան համայնքի մօտ տեղահանուած ընտանիքներու համար կառուցուող նոր համայնքի տուները, որ ըստ շինարարներուն մինչեւ տարեվերջ պատրաստ պիտի ըլլայ ընդունելու 100 ընտանիքներ։
Նոյն օրը երեկոյեան, ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները հանդիպում մը ունեցան Արցախի Հանրապետութեան Անվտանգութեան Խորհուրդի քարտուղար Վիթալի Բալասանեանի հետ։ Այս հանդիպման ընթացքին եւս ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետը ներկայացուց ՀՕՄի նախատեսած նորագոյն ծրագիրը՝ Արեւային ջրատաքացման սիստեմի իրականացումը Արցախի հանրապետութենէն ներս, որ նաեւ գնահատուեցաւ Բալասանեանի կողմէ։
Աւելի ուշ երեկոյեան ՀՕՄի պատուիրակութիւնն ու ՀՕՄի Արցախի Միաւորի վարչութեան անդամներն ու կարգ մը հիւրեր միասնական ընթրիք մը վայելեցին, որ ստեղծուած ուրախ մթնոլորտով խրախճանքի վերածուեցաւ։
29 Ապրիլին ՀՕՄի պատուիրակութեան մեկնումի պահն էր, սակայն կարելի չէր Արցախին հրաժեշտ տալ առանց անոր վերականգնողական կեդրոնը այցելելու։ Կեդրոնը հիմնուած է Անգլիացի պարոնուհի Գոքսի նախաձեռնութեամբ եւ ջանքերով, որուն տնօրէն Վարդան Թադէւոսեան ներկայացուց կեդրոնի աշխատանքային ծաւալը։ Կեդրոնը ծառայութիւն կը մատուցէ բոլոր տարիքի քաղաքացիներուն. Հոգատարութիւն կը ցուցաբերուի վիրաւոր զինուորին, մեծ ու փոքր քաղաքացիներուն։ Ունի յատուկ բաժանմունքներ, խօսելու դժուարութիւն եւ Օթիզմ ունեցող փոքրիկներու բաժիններ ու մարզանքի սարքերով իր սրահը։ Կեդրոնը ակնյայտ է նաեւ իր յաճախորդներու լուսանկարչական, գծագրութեան, կաւէ իրերու պատրաստութեան եւ զանազան գեղեցիկ ձեռային աշխատանքներով, որոնք յատուկ ցուցահանդէսներով կը վաճառուին, գումար ապահովելով կեդրոնին։ Ներկայիս ան ունի 21 անկողին, սակայն ցերեկուայ ընթացքին կը ծառայէ 1200 հիւանդի, որոնց 300-ը քաղաքացիներ են, իսկ մնացեալները վիրաւոր զինուորներ եւ ազատամարտիկներ։ Կէսօրին, ՀՕՄուհիները արցունքոտ աչքերով հեռացան կեդրոնէն, Արցախին միշտ աջակցելու պատրաստակամութեամբ։
ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութիւնը հպարտանքի չորս օրեր ապրեցաւ Արցախի մէջ։ Այն Արցախին, որ ներկայիս վիրաւոր ու հողակորոյս ըլլալով հանդերձ, ունի զօրաւոր յարատեւելու կամքը եւ կառչած կը մնայ իր ափ մը հողին, շուտով անարդարօրէն իր կորսնցուցած հողերը վերադարձնելու եւ ամբողջական տարածքով ազատ ու անկախ Արցախ ունենալու վճռակամութեամբ։