«Զարթի՛ր, լաօ՛»էն անդին

«Զարթի՛ր, լաօ՛»էն անդին

ԱԿՆԱՐԿ

Ս. Մահսէրէճեան

            Լեւոն Շանթի մէկ մտածումը՝ «Մահն իր ճամբով, կեանքն իր ճամբով», ստացած է առածի ուժ, անոր մէջ կ’արտացոլայ ժողովրդային խոր իմաստութիւն:

            Այս մտածումին հետեւողութեամբ, եւ տարբեր տրամաբանութեամբ, կրնանք ըսել, որ այսօր, աշխարհը կը քալէ իր ճամբով, իսկ Հայաստանը՝ իր ճամբով: Թէեւ մահուան եւ կեանքի ճամբաները ամբողջովին հակոտնեայ են, Հայաստանի ու աշխարհի ճամբաներուն միջեւ կարելի է գտնել հակասութիւններ, սակայն նաեւ զուգահեռներ:

            Գիտենք. աշխարհը տարուած է ուքրանական դժոխքով: Գետնի վրայ հազարաւորներ կը սպաննուին, քաղաքներ կը քանդուին, զէնքի եւ քարիւղի «բռնատրտէրերը» իրենց կամքը կը պարտադրեն գերուժերուն եւ անոնց դաշնակիցներուն. զէնքի ալիքներ կը հոսին դէպի Ուքրանիոյ զինանոցը, գործածուելու համար այլապէս հսկայական զինամթերք պարերազմի դաշտ նետած Ռուսիոյ դէմ: Ստեղծուած փոթորիկին մէջ, պարզ մահկանացուները առաւելաբար տարուած են (գոնէ քարոզչական աղբիւները այդպէս ցոյց կու տան) այն համոզումով, որ ամերիկեան, գերմանական եւ այլ զէնքերու առաքումը լիովին արդարացուած է, հոգ չէ թէ անոնց սակագինը կը վճարուի շահատուրքերէ, Ռուսիոյ արտածումներու շուկաներուն շուրջ մրցակցութիւնը այլապէս սուղ կ’արժէ սպառող զանգուածներուն (եւ այսպէս բաներ: Շղթան երկար է): Իսկ հայկական կողմն աշխարհի, հաշուարկներ տեղի կ’ունենան, թէ Ռուսիա ի վերջոյ պիտի պարտուի՞, թէ՞ յաղթական դուրս պիտի գայ, հետեւաբար, ու պատրտութեան նախատեսութեամբ, գրաւներ կը դրուին ռուսական ուժերու Հայաստանէն վանումի եւ ՆԱԹՕ-ին հետ գործակցութեան հորիզոններ պեղելու հաւանականութեանց վրայ, կոյր ձեւանալով այն փաստին դիմաց, թէ ի վերջոյ, ՆԱԹՕ կը նշանակէ… Թուրքիա, որ Ազրպէյճանի հետ ձեռք-ձեռքի տուած՝ Հայաստանէն հողեր կը խլէ, նոր պահանջներ կը դնէ, վախճանական նպատակ ունենալով Հայաստանն ու հայութիւնը ի սպառ վերցնելու քարտէսէն, ամբողջականացնելու Ցեղասպանութեամբ, անկէ՛ ալ առաջ սկիզբ առած հայաջինջ վարքագիծը: Մետալին միւս կողմն ալ կայ այն գրաւը, թէ ռուսական յաղթանակ մը կրնայ նպաստաւոր հովեր բերել Հայաստանին, այն առումով, որ բացայայտօրէն Արեւմուտքին յարած Թուրքիան եւ Ազրպէյճանը (մէկը իր «պայրաքտարներ»ով, միւսը ռուսական քարիւղի շուկան գրաւելու տենդով) կրնան հաշուետուութեան կանչուիլ ի վերջոյ (անշուշտ կարելի չէ անտեսել Թուրքիա-Ռուսիա-Ազրպէյճան այլապէս շահակցական դաշտերը…): Այս հաշուարկներէն որոշ չափով դուրս կ’յինան Իրանի, Չինաստանի եւ նման ուժեր:

***

            Հակոտնեայ գիծեր կը զարգանան նաեւ Հայաստանի ներքին քաղաքական  բեմին վրայ: Խորհրդարանական եւ արտախորհրդարանական ուժերը ահաւասիկ մօտաւորապէս մէկ ամիսէ ի վեր նստած են նոր շոգեկառքի մը մէջ, որ յառաջ կը շարժի փաշինեանական պարտուողական վարչակարգը հեռացնելու եւ Արցախն ու Հայաստանը նորանոր կործանումէ զերծ պահելու, սակայն նաեւ կործանածն ու կորսուածը մաս առ մաս վերագտնելու կամքով: Այս շոգեկառքին մէջ համախմբուողները պարզած են ապակեդրոն պայքարի դրօշը, ինչ որ կը նպաստէ որ օր ըստ օրէ բազմանան շոգեկառք մտնողները եւ անոնց խաղաղ շարժումը թափ կը ստանայ: Անոնք նաեւ հանգրուան առ հանգրուան կը յստակացնեն իրենց առաջադրանքները, գործնական քայլերուն ուղղութիւնը: Կարեւորագոյն առաջադրանքը այն է, որ ձախաւեր ու վնասարար վարչախումբը պէտք է փոխարինուի հայրենիքին շահեր պաշտպանող մասնագէտներու փաղանգով մը, որ գիտէ, թէ որքա՛ն սնանկ է այն «տրամաբանութիւնը», ըստ որուն, Հայաստանին պիտի պարտադրուին ընթացքներ, անկախ անկէ թէ ով կը կանգնի իշխանութեան ղեկին: Գոնէ մօտիկ անցեալի իրականութիւնները գործնապէս հերքած են այս «վարկածը»:

            Մէկ բան ակներեւ է: Ընդդիմադիրները իրենց շարժումը կը նահեն ըստ կարելւոյն օրինականութեան սահմաններուն մէջ: Անոնք բիրտ ուժի չեն դիմեր (վստահաբար չէ մոռցուած, որ Փաշինեան եւ իր «ուսապարկերը» 4 տարի առաջ հաստատութեանց դուռները ջարդելով իրականացուցին «խաղաղ ու թաւշեայ յեղափոխութիւն»ը): Մինչդեռ, իշխանական զօրակայանը բանիւ եւ գործով լծուած է շարժումը նսեմացնելու արշաւին: Ցուցարարներու թիւը կը ստորագնահատուի, հակացոյցեր կը կազմակերպուին (նախորդ իշխանութեան հեռացման օրերուն, հակացոյցեր չկազմակերպուեցան): Հայը ձեռքը սրտին դրած կը հետեւի հակադրութեան զարգացումներուն, ցանկալով ու արդա՛րօրէն պահանջելով, որ անոնք չհասնին ներքին բախումներու (Մարտ 1-ի դէպքերուն արարողները այսօր աւելի յստակ են, նոյնքան յստակ է, թէ իշխանաւորը, որ օրին յայտարարած էր, թէ ամէն մանրամասնութիւն բացայայտուած է, յանցաւորները հաշուետուութեան պիտի ենթարկուին, հոս ալ «փչոցներ» արձակած էր, ինչպէս որ «փչած» էր սակաւապետներն ու չարաշահողները հաշուետուութեան կանչելու իր խոստումին մէջ, այսօր դարձած է անոնցմէ շատերուն կամակատար-գործակիցը), մանաւանդ, որ երբեմն անխուսափելի մանր ընդհարումները խոշորացոյցով կը ներկայացուին իշխանական խմբակին կողմէ, կը նսեմացուին իրենց «զօրակայանէն» կատարուած ամէնէն անպատկառ ու անասելի արարքները:

            Իշխանաւոր խմբակը կ’անտեսէ եւ կ’արհամարհէ ընդդիմադիր ալիքին բարձրացումը: Փաստօրէն, ան ալ ի՛ր շոգեկառքը յառաջ կը տանի «ժողովուրդը մեզի մանտաթ տուած է»ի տրամաբանութեամբ: Վարչապետ ու գործակիցներ կը շարունակեն աշխարհին եւ… թշնամիին ներկայանալ «բան մը չկայ»ի եւ «մենք ենք ղեկին տէր»ի տրամաբանութեամբ: Անոնք նոյն արիութեամբ աչք կը փակեն Թուրքիայէն ու Ազրպէյճանէն օր աւուր հասնող պահանջներուն եւ սպառնալիքներուն դիմաց, տակաւին, նոր «սխրանքներ» կ’իրականացնեն՝ Հայաստանի բնական դաշնակիցներուն հետ յարաբերութեանց ու հաղորդակցութեան գիծերու թուլացման ուղղութեամբ (արդեօք մոռցուա՞ծ է, օրինակի համար, թէ Ճոն Պոլթըն մը ինչպիսի՜ խրատ տուած էր այս իշխանաւորներուն, «մաղթելով» որ Իրանի հետ յարաբերութիւնները թուլանան կամ բոլորովին խզուին…): Ցուցարարներուն դէմ ցուցաբերուող խստութեան նշոյլն անգամ չ’երեւիր թշնամիներուն հանդէպ…: Վարչախումբին անդամները հաւատարիմ են «խաղաղութեան դարաշրջան պիտի բանանք»ին, տեսնելով հանդերձ, որ Արցախի ու Հայաստանի սահմաններուն վրայ նորանոր ոտնձգութիւններ կը կատարուին, հողային նոր նուէրներու ակնկալութիւններ կը յայտարարուին (եւ թող ո՛չ ոք տարուի այն պատրանքներով, որոնք կը հիւսուին իշխանաւորներուն ու անոնց կամակատարներուն խօսքերով, թէ՝ Հայաստան անընդունելի կը նկատէ դրուած պահանջները, իր կողմէ առաջարկներ տարած է հակառակորդին, որեւէ քայլ պիտի չառնուի ընդդէմ ժողովուրդի կամքին կամ՝ անկէ գաղտնի: Պէտք չէ մոռցուի, որ Ազրպէյճանէն հասած այլապէս անմարսելի պահանջները ընդունելի հռչակուեցան վարչապետին եւ գործակիցներուն կողմէ): Այս իշխանութիւնը գործնապէս ցոյց տուած է, որ գաղտնօրէն կնքած է 9 Նոյեմբերի համաձայնագիրը, Արցախի փոխարէն (ընդունելով հանդերձ որ նման քայլի իրաւասու չէ), հսկայական զիջումներ կատարած է, արդէն ճիշդ մէկ տարիէ ի վեր լուռ ու հանդուրժող կեցուածք ունի Հայաստանէն հողեր գրաւած Ազրպէյճանի նկատմամբ: Եւ ո՞վ կրնայ երաշխաւորել, թէ այս մարդիկը պատրաստ չեն նոր զիջումներու (եթէ արդէն իսկ բերանացի համաձայնութիւններ չեն գոյացուցած, ինչպէս որ բերանացի համաձայնութեամբ Ազրպէյճանի նուիրեցին զէնքի ուժով չգրաւուած հսկայական տարածութիւններ):

            Ահաւասիկ այս երկու հակադիր եւ անհաշտ ուղղութիւններն են որ կը տիրապետեն Հայաստանի քաղաքական կեանքին: Համերաշխութեան եւ հասկացողութեան մը գալու բաղձանքները ասֆալթին կը փռուին…: Ընդդիմադիրները վստահ են, որ Ապրիլի կէսերուն սկիզբ առած եւ 25 Ապրիլի, 1 եւ 9 Մայիսի հանգրուանները կտրած շարժումը ի մօտոյ պիտի յաջողի կտրել «Գորդեան հանգոյցը», Հայաստանն ու հայութիւնը վերադարձնել փրկութիւն խոստացող ճամբուն: Այս վսատութեան հիմ կը ծառայեն ո՛չ միայն շարժումին յարողներուն աճը (բացայայտ նշաններ կան, որ իշխանաւորներուն նեցուկ կանգնողներ եւ նախկին գործակիցներ սկսած են հեռանալ անոնցմէ), այլ նաեւ շարժումին գտած՝ առայժմ խորհրդանշական արձագանգները սփիւռքեան օճախներու մէջ: Ընդվզումի ալիքին արդար սաստկացման մէկ այլ կարեւոր գործօնն է իշխանութեան պահապաններուն կրկնուող վայրագութիւնները՝ ընդդէմ ցուցարարներուն, մինչեւ իսկ նահատակուածներու եւ գերի մնացողներու ընտանիքի անդամներու դէմ (ցուցարարներու եւ ընդդիմախօսներու սանձարձակ եւ կամայական ձերբակալումներ, բիրտ ուժի կիրարկում…): Այլ գիծի մը վրայ, իշխանաւորներու սխալ որոշումներու վերատեսութիւնն ու դատարաններու մէջ բեկանումը այլապէս կը մաշեցնէ փտած ճիւղը:

***

            Բնական է, որ իշխանական խմբակը, վստահելով պաշտօնական իր հանգամանքին (նաեւ՝ թուրք ու ազերի գործակից-լծակիցներու զօրակցութեան), շարունակէ արհամարհել պարզ իրականութիւնը եւ իր շոգեկառքը յառաջ տանիլ, յուսալով, որ ընդդիմադիրներու շոգեկառքը ի վերջոյ պիտի սպառէ մղիչ ուժանիւթը եւ ձախողութեան պիտի մատնուի, ինչպէս եղաւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք հրապարակ եկած՝ «Հայրենիքի փրկութեան շարժում»ին: Անոր հաշիւներէն դուրս կը մնան կարգ մը նոր իրականութիւններ, թէ հիմա որոշ կուսակցութիւններ, խմբաւորումներ եւ անհատներ չեն ահազանգ հնչեցնողներն ու զայն լսողները, այլ «նշացողի իջեցման» մասին ակնարկութիւնները (եւ այդ ընելու իշխանաւորներու բացայայտ պատրաստակամութիւնը, այսինքն՝ Արցախը վերջնականապէս Ազրպէյճանի զիջելու, Հայաստանէն ալ հողեր եւ «կղզեակներ» յանձնելու տրամադրութիւնները) նոր հնչեղութիւն տուած են «Զարթի՛, Լաօ՛» մարտահրաւէրին (մեր խօսքը իշխանաւորներու թմբկահարներուն եւ անոր խաբէութիւններով տարուողներուն չի վերաբերիր, անոնք ըլլան Հայաստանի մէջ թէ Սփիւռքի տարածքին): Հետեւաբար, մարդիկ ամէն օր, ամէն ժամ քիչ մը աւելի՛ լաւ կը հասկնան, թէ այս իշխանութեան գոյատեւումը ինչպիսի՜ նոր աղէտներու եւ պատուհասներու պիտի առաջնորդէ մեր հայրենիքն ու ազգը, հետեւաբար, այս խմբակին «երէկ իսկ պէտք է հեռացուած ըլլար»ը դարձած է անյետաձգելի հրամայական:

            Անկէ ե՞տք: Օ՜, հայրենապաշտպան նոր իշխանութեան մը ձեւաւորումը (ընդդիմադիր ճակատը կը խոստանայ միացնել մասնագէտներու, արհետսավարժներու եւ կարողութիւններով օժտուածներու ձեռքերը, առանց կուսակցական կամ այլ նկատառումներու) պարզապէս սկիզբը պիտի ըլլայ հերակլէսեան վիթխարի աշխատանքի մը, որուն խորագիրներն իսկ կրնան սիւնակներ լեցնել: Բայց գոնէ խօսինք մէկ քանիին մասին, պարզապէս թւումի կարգով: Եւ ասոնք հերթականութիւն չունին, այլ կը կարօտին համաչափ եւ միաժամանակ հոգացումի:

            Բանակի վերակազմաւորում եւ հզօրացում, դիւանագիտական անապատացումի վերակենսաւորում, 44-օրեայ պատերազմի բոլոր ծալքերուն անաչառ բացում եւ յանցապարտներուն հանդէպ արդարութեան կիրարկում (ընդունելի չեն այն տեսակէտները, թէ յանցապարտ իշխանաւորին ու յանցակիցներուն պէտք է երկրէն խաղաղ հեռացման դուռ բանալ. անոնց պատճառած աղէտը անչափելի է եւ աններելի), հինի-նորի, սեւի-սպիտակի եւ նման պառակտիչ ու ազգավնաս վերաբերմունքի ի սպառ փարատում, կարելի միասնութեան եւ լայնածիր գործակցութեան մարմնաւորում, բարեկամի ու թշնամիի, իսկական շահակից-դաշնակիցի զարտորոշումը՝ պարտադրեալ բարեկամներէ եւ իբրեւ թէ խաղաղութեան համար գործակիցներէ, տնտեսական-ելեւմտական եւ ընկերային անկումներէ վերականգնում ու չարաշահութեան դարաշրջանի վերադարձի արգիլում (ըստ նորագոյն վիճակագրութեանց, Հայաստանի պետական պարտքը վերջին 4 տարիներուն աւելցած է չորս միլիառ տոլարով: Չէ, դրամով չէ), արտագաղթի հոսանքին կասեցում եւ հեռացած ձեռքերու – նաեւ փախուստ տուած դրամագլուխներու – վերադարձ, Արցախի վերատիրացման նպատակով (սկսելու համար), ճամբու քարտէսի մը յստակացում եւ անոր համար պատմագէտներու, քարտէսագէտներու եւ քաղաքական-դիւանագիտական կարող մարդիկ աշխատանքի ներգրաւում, կրթական եւ մշակութային գետիններու վրայ արձանագրուած աւերումներու դարմանում, մեր պատմութեան երկայնքին՝ բիւրեղացած արժէքներու վերականգնում, մեր բոլոր իրաւունքներուն ամբողջական պատկերի քարտէսագրում եւ համապատասխան՝ քաղաքական-դիւանագիտական աշխատանքի ուղիներու ճշդում, Սփիւռքի հետ քայքայուած յարաբերութեանց բարելաւում (ի մտի չունինք լոկ նախկին իշխանութիւններու օրով ձեւական գւործակցութիւնը, այլ իսկական կամուրջերու եւ գործակցութեան դաշտերու մշակումը), զբօսաշրջութեան եւ մարզական կեանքերու վերաշխուժացում, մէկ խօսքով՝ իբրեւ ինքնիշխան երկիր ու պետականութիւն՝ աշխարհի քարտէսին վրայ մեր տեղին վերայստակացումն ու անկէ անդին, դէպի զարգացում, իսկական բարգաւաճում ընթանալը, նոր եւ իսկական իմաստ տալով «Հայաստանի ու Արցախի մէջ ապագայ կայ» խօսքին, տեսնելով, որ զայն արձակողը ինչպիսի՜ մարզերու մէջ խաբած է ամբողջ ազգը, քայքայումէ քայքայում կը տանի Ապագան:

            Ողջ հայութիւնը կը պահանջէ, որ ընդդիմադիր ճակատը արդարացնէ՛ իր խոստումը, երկիրը փրկէ եւ շոգեկառքը դնէ վերականգնումի տանող երկաթուղիին վրայ: Սա կարելի՞ է: Բայց ինչո՞ւ ոչ: Եթէ գիտենք, որ մենք մեզ ոչ մէկէն չեն գերադասեր, գիտենք նաեւ, որ ունինք ՄԻՏՔԻ եւ ԲԱԶՈՒԿԻ կարողութիւններ, որոնք պիտի ընդառաջեն «փրկութիւնը միասնական ուժի մէջ է» անժամանցելի պատգամին: Սա զգացական բաղձանք չէ, այլ գիտակցումը մեզ շրջապատող չարիքին ու բարիին (թէեւ շատ նշմարելու չէ այս փուլին), բայց մանաւանդ հաւատարիմներու միասնութենէն բխող ուժին:

12 Մայիս 2022

Share