Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Հակասական Պատգամներ Կը Տարածէ Ապրիլ 24-ի Մասին

Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը Հակասական Պատգամներ Կը Տարածէ Ապրիլ 24-ի Մասին

Յարութ Սասունեան

«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի հրատարակիչ

www.TheCaliforniaCourier.com

Սահակ Արքեպիսկոպոս Մաշալեան 2019-ին Պոլսոյ Հայոց Պատրիարք դառնալէն ի վեր,  կասկածելի շարք մը յայտարարութիւններ կատարած է Հայոց Ցեղասպանութեան մասին  եւ շռայլօրէն գովաբանած՝ Թուրքիոյ նախագահ Ռեչեփ Թայիփ Էրտողանը՝ իր  ժխտողական ելոյթներուն համար։

Որոշ չափով հասկնալի է, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ հայերը, յատկապէս ղեկավար պաշտօններու վրայ եղողները, ստիպուած  են  ընդունիլ թրքական կառավարութեան կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան ժխտումները․ անոնք պատանդներ են Թուրքիոյ  մէջ։ Սակայն կան կարմիր գիծեր, զորս պէտք չէ կտրէ-անցնի հայ մը, առաւել եւս՝ հոգեւորական մը, անկախ հանգամանքներէ եւ բնակութեան վայրէ։

Այսուհանդերձ, Պատրիարքին բոլոր յայտարարութիւնները պէտք չէ վերագրել  թրքական կառավարութեան սպառնալիքներուն կամ ճնշումներուն։ Պատրիարք ընտրուելու կամ իշխանութիւններուն հաճոյանալու  համար, ան իր  ազատ  կամքով քծնող բազմաթիւ յայտարարութիւններ ըրած է։

Պատրիարքին ամէնէն վերջին վիճայարոյց յայտարարութիւնը հնչած է Սթամպուլի Գումքափու Սուրբ Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ, Ապրիլ 24-ին՝ Հայոց Ցեղասպանութեան տարելիցին օրը, հայերէն եւ թրքերէն ծաւալուն քարոզի ընթացքին: Թէեւ ես կ՛ողջունեմ Հայոց Ցեղասպանութիւնը ոգեկոչելու անոր փափաքը, սակայն կասկածի տակ կը դնեմ անոր կարգ մը յայտարարութիւններու  ճշմարտութիւնը: Իմ համեստ կարծիքով, աւելի լաւ կ՛ըլլար, որ Պատրիարքը հանդէս գար կարճ քարոզով՝ պարզապէս իր կարեկցանքը յայտնելով այն մարդոց, որոնք սպաննուեցան 1915-ին: Հաշուի առնելով անոր խառն պատգամները, ան ռիսքի դիմած է՝ իրեն թշնամի դարձնելով ե՛ւ հայերը ե՛ւ թուրքերը:  

Այժմ անդրադառնանք Պատրիարքի քարոզին։ Ան իր խօսքը սկսաւ՝ ըսելով, որ Ապրիլ 24-ը կ՛ոգեկոչէ Համաշխարհային Առաջին պատերազմի ընթացքին զոհուած հայերու յիշատակը։ Պատրիարքը այսպիսով կը կրկնէ նախագահ Էրտողանի ժխտողական այն խօսքերը, որոնք մահացած հայերը կը ներկայացնեն իբրեւ պատերազմի, այլ ոչ թէ Ցեղասպանութեան զոհեր, ինչ որ կեղծիք է։ Իր պատգամին մէջ Պատրիարքը նաեւ շահագործեց այն փաստը, որ 2015-ին, Գարեգին Բ. Կաթողիկոս Հայոց Ցեղասպանութեան բոլոր զոհերը հռչակած է «սուրբեր», բան մը, որ ստիպեց զինք՝ Ապրիլ 24-ը նկատել «այլեւս ոչ սգատօն», այլ՝ «սրբադասուած սուրբերու յիշատակութեան օր»։

Այնուհետեւ Պատրիարքը հանդէս եկաւ հետեւեալ տարօրինակ բացատրութեամբ. «Մեծ Եղեռնի զոհերու անմահութիւնը  սկսաւ իրենց մահուան օրը։  Մենք, պարզապէս, այս ճշմարտութեան գիտակից դարձանք հարիւր տարուան սուգէ ետք․․․»։ Ան մեղադրեց բոլոր անոնք, որոնք կը շարունակեն ոգեկոչել Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ փափաքելով «մխրճուիլ ու մնալ Եղեռնի անելանելի լաբիւրինթոսներու մղձաւանջին մէջ»։

Մինչ Պատրիարքը կեղծօրէն Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացնէր իբրեւ պատերազմի հետեւանք, կու տար նաեւ ճշգրիտ որոշ գնահատականներ՝  հայ ժողովուրդի վրայ «Մեծ Եղեռն»ի հետեւանքներու, մասնաւորապէս՝ տուներու եւ հողերու կորուստին կապուած։

«Այսօր Ապրիլ 24 է։ Տխրահռչակ օրն է յիշատակման՝ մեր ազգի մէկ դար առաջ ապրած սոսկալի ողբերգութեան։ Մեր պատմութեան ամէնէն թանձրախաւար շրջանի մը սկիզբը խորհրդանշող չարաղէտ թուական մը․․․ որ մեզի ծանօթ է  «Մեծ Եղեռն» անունով․․․:  Ժողովուրդ մը, մեզի համար անհասկնալի պատճառներով մշակուած ու զարգացած քաղաքականութեան հետեւանքով, փրցուած էր իր դարաւոր բնակավայրերէն։ Տարագրութիւն բառը իր ամէնէն ցաւառիթ երանգաւորումներով դրոշմուած է մեր հայեցի ինքնութեան վրայ։ Այդ դժբախտ կիրարկումը հետը բերած է վանքերու դատարկում, աղօթատեղիներու ամայացում՝ հաւատացեալներէ, վարժարաններու զրկում՝ ուսուցիչներէ եւ աշակերտներէ, առհասարակ  բնակավայրերու զրկում  իրենց բնակիչներէն։ Ընտանիքները մատնուեցան ողբալու իրենց ծնողակորոյս եւ որդեկորոյս վիճակները։ Տղամարդիկ եւ կիներ, ծերեր եւ տղաներ, երիտասարդներ եւ կոյսեր հարկադրուեցան երթալ մահաբոյր ճանապարհով։ Այսինքն՝ ժխտական վիճակ, որուն հետեւանքով ժողովուրդ մը, հարիւր հազարներով, հարկադրուած էր իր խոցուած սրտին մէջ կրել անդառնալի ու անդարմանելի կորուստներու ցաւը»։

Պատրիարքը շարունակեց իր հակասական պատգամները՝ դատապարտելով Ցեղասպանութեան ժխտումը, միաժամանակ քննադատելով օտարերկրեայ խորհրդարաններու կողմէ անոր ճանաչումը՝ վերջիններուս գործողութիւնները որակելով «հեռաւոր երկիրներու գրգռութիւններ»։ Դրականը այն է, որ ան իր քարոզին մէջ համարձակեցաւ մէկ անգամ օգտագործել Ցեղասպանութիւն եզրոյթը հայերէն եւ թուրքերէն. «Պէտք է նշենք, որ այս հողերու վրայ հայոց ապրած ցաւերու ուրացումը կը վիրաւորէ խիղճը։ Նոյնպէս պէտք է նշենք, որ բարոյական սկզբունքներու  հակառակ, նաեւ առկայ են այն ջանքերը, որոնք միտուած են մեր հայրերու այս ցաւերը միջազգային հողի վրայ գործածել՝ իբրեւ քաղաքականացուած թեզեր՝ ընդդէմ Թուրքիոյ։ Ոչ ուրացումը, ոչ ալ տարբեր երկիրներու խորհրդարաններու մէջ ընդունուած ցեղասպանութեան օրինագիծերը այս հողերու վրայ ապրուած ցաւերուն եւ զանոնք ապրած անձերու պատիւ չեն բերեր։ Ընդհակառակն, ցասմամբ բարկացած եւ  պաշտպանութեան անցած կողմերը անցեալի ստուերները մեծցնելով պատճառ կը դառնան, որ մթագնուին ժողովուրդներու՝ հաշտութիւն եւ բնական յարաբերութիւններ մշակելու յոյսերը եւ շրջափակման ենթարկուին դրացի ժողովուրդներու ներկան ու ապագան»։

Ապա, Պատրիարքը տառապեցաւ  յիշողութեան մեծ կորուստով՝ ստապատիր նկարագրելով «107 տարիներու անցած դէպքերը… իբրեւ ցաւառիթ մէկ բացառութիւն հայերու եւ թուրքերու հազարամեայ ընդհանուր պատմութեան մէջ»: Պատրիարքը պատշաճ կերպով մոռցաւ Օսմանեան կայսրութեան մէջ հայերու կրած դարաւոր ճնշումները՝ 1890-ականներու համիտեան ջարդերը, որոնք պատճառ դարձան  300 հազար հայերու  սպանդին  եւ 1909-ի Ատանայի ջարդը՝ 30 հազար հայերու կոտորածով։

Պատրիարքը, սակայն, չմոռցաւ գովաբանելու Էրտողանը՝ իբրեւ «եզակի դէմք», որ կարեկից  յայտարարութիւններ ըրած է Ապրիլի 24-ի առիթով։ Փաստը այն է, որ Էրտողանի՝ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին ճշմարտութիւնը խեղաթիւրելու ձգտող յայտարարութիւնները պէտք է դատապարտել, այլ ոչ թէ գովաբանել:

Պատրիարքը իր քարոզը աւարտեց՝ աջակցելով Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ «մերձեցման» ուղղութեամբ շարունակուող դիւանագիտական ջանքերուն։ Սակայն, ան պէտք է գիտակցի, որ առանց ճշմարտութեան ճանաչման եւ արդարութեան հաստատման, հաշտութիւն չի կրնար ըլլալ։

Արեւելահայերէնի թարգմանեց՝ Ռուզաննա Աւագեան

Արեւմտահայերէնի վերածեց՝ Սեդա Գրիգորեան

Share