Սարգիս Տաղտէվիրեան
8 մայիս 2022
Հայաստանի եւ հայկական Սփիւռքի մէջ գոյութիւն ունի զանգուած, որ տակաւին կը հաւատայ «գերագոյն դաւաճան»-ի «խաղաղութեան դարաշրջան»-ին (բայց իրողապէս հայոց երկրորդ ցեղասպանութեան) գալուստին, առանց հայոց եւ միջազգային պատմութեան անցուդարձերու դիտարկումին, անձնական պաշտպանութեան միջոցներու ապահովումին եւ ամէնէն կարեւորը՝ անհատի եւ ազգի կեանքի ու մահուան միջեւ տարբերութիւնը տեսնելու կարողութեան:
Հայաստանի իշխանութիւնը, նաեւ Թուրքիոյ մէջ հակահայ դաստիարակութիւն ստացած գործակալ եւ աշակերտ հայանուններու միջոցաւ, իր այդ խաբուսիկ խաղաղասիրութեան յաջողութեան համար կ’ընէ հետեւեալը. ընդունիլ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի պայմանները, համակերպիլ տեղի ունեցող իւրաքանչիւր հողային ոտնձգութեան, շալակել ամէն անպատուութիւն ո՛չ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ նոյնիսկ «գերագոյն դաւաճան»-ի հասցէին, առանց հակադարձութեան:
Նկատի չառնելով որ.
— Արեւմտեան Հայաստանի բռնագրաւուած տարածքներուն մէջ «խաղաղութիւն» է. վասն ի՞նչի. ցեղասպանուած հայութեան, քրտացած ու թրքացած մնացորդներու, իսլամացած հայու փշրանքներու, որոնց գրեթէ բոլորը նոյնիսկ պատրաստ չեն հայութեան ակունքներ վերադառնալու, կրօնքով թէ ապրումով:
— Ատրպէյճանի նախկին հայաբնակ շրջանները (Պաքու, Սուկայիթ, Գանձակ, եւայլն) 1988-ին ջարդերով պարպուելէն ետք, այժմ «խաղաղ» են. սպանուած, կողոպտուած, բռնաբարուած, իսկ լաւագոյն պարագային բռնագաղթուած հայութեան պատճառով:
— Արցախի հանրապետութեան, 44-օրեայ պատերազմին հետեւանքով, 72 առ հարիւրին բռնագրաւուած տարածքներն ալ առայժմ «խաղաղ» են, որովհետեւ հայութենէ պարպուած են ու բնական, մշակութային եւ նիւթական հարստութիւնները կողոպտուած:
Հայաստանի իշխանութեան ո՛չ մէկ ներկայացուցիչ կրնայ երաշխաւորել, թէ վերոյիշեալները պիտի չկրկնուին Հայաստանի եւ Արցախի մնացած շրջաններուն մէջ՝ ցեղասպանութիւն, բռնագրաւում, բռնագաղթ, բռնաբարութիւն, կողոպուտ եւ կրունկի տակ ճզմուած «խաղաղասիրութիւն»: Ո՛չ միայն երաշխաւորուած չէ, այլեւ տարածաշրջանի քաղաքական պատմութեան փաստերու հիմքով ՊԻՏԻ ԿՐԿՆՈՒԻ՛Ն ու Հայաստանի պետականութիւնը ջնջուի: «Դիմադրութեան» ստեղծումն ու հետագայ գործողութիւնները կը նպատակադրեն կասեցնել հայոց երկրորդ ցեղասպանութիւնը ու ապահովել Հայաստանի պետութեան յաւերժականութիւնը, առաջին փուլով իշխանութենէն դէպի յանցագործներու խուց շպրտելով «գերագոյն դաւաճան»-ն ու իր «թրքահաճոյ քայլականները»:
Հարկաւոր է կատարել պատմաքաղաքական եւ տնտեսական կարգ մը դիտարկումներ.
Ա.- Արցախին եւ Հայաստանին գոյաբանական գլխաւոր սպառնալիքը Թուրքիոյ ղեկավարութեամբ համաթուրանականութիւնն է, որուն գլխաւոր նպատակը թրքական ծագումով ցեղերու միացումն է Թուրքիայէն սկսած դէպի եւրոպական մի քանի երկիրներ եւ Հայաստանի ու Իրանի վրայով դէպի կեդրոնական Ասիա ու Չինաստան, ընդգրկելով նաեւ Ռուսոյ պատկանող հսկայական տարածքներ: Այդ նպատակին առաջին արգելքը Հայաստանն ու հայութիւնն են, որ պէտք է վերացնել. Հայոց ցեղասպանութեամբ անոր մեծ քայլը Թուրքիան առած է արդէն, իսկ 44-օրեայ պատերազմով Արցախի շուրջ 72 առ հարիւրի գրաւումով, Ատրպէյճանի միջոցաւ արձանագրած է յաջողութիւն մը եւս:
Բ.- Ատրպէյճանի նախագահ Ալիեւը եւ Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանը 12 յունիս 2021-ին հայկական, բայց գրաւեալ, Շուշիի մէջ հռչակագիրով մը ամրացուցին Թուրանի ստեղծումին հիմքերը, իսկ Հայաստանի դաւաճան իշխանութիւնը նոյնիսկ մերժեց դիմադարձել եւ քաղաքական արժեւորում տալ անոր: Առաւել՝ Հայաստանի Ազգային ժողովին մէջ ընտրակեղծիքներով մեծամասնութիւն յայտնուած «գերագոյն դաւաճան»-ի ուսապարկերը՝«Քաղաքացիական պայմանագիր»-ի պատգամաւորները քուէարկեցին ՉԴԱՏԱՊԱՐՏԵԼ զայն: Նոյնը պիտի չընէի՞ն Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի Մեճլիսները (խորհրդարանները)…
Գ.- Չուսումնասիրուած եւ խորքապէս չքննարկուած «ճանապարհներու բացուիլ»-ը Հայաստանի համար օգտակար նկատողը եւ զայն թմբկահարողը կա՛մ մեր թշնամին է, կա՛մ անոր շահերուն սպասարկուն, կա՛մ ալ իր սեփական շահերը հետապնդողը, որովհետեւ Հայաստանի տնտեսութիւնը մեծ տոկոսներով կը զիջի թէ՛ Թուրքիոյ եւ թէ՛ Ատրպէյճանի տնտեսութիւններուն: Մեր դրամատէրերը եւ սակաւապետերը (օլիկարգերը), որ մանկամտօրէն կը կարծեն, թէ հսկայական նիւթական օգուտ պիտի քաղեն այդ «քայլ»-էն, չարաչար կը սխալին, որովհետեւ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի առեւտրականները պիտի կլլեն նախ զիրենք, այդ ճանապարհին վերջաւորութեան ալ ամբողջ Հայաստանը, իրենց յարաբերաբար անսահման միջոցներով ու կապերով: Խոշոր առեւտուրի նուազագոյն փորձառութիւնն ու հոտարութիւնն ալ չկան այս անձերուն մէջ:
«Գերագոյն դաւաճան»-ի ստաբանած «խաղաղութեան» տակաւին հաւատացող Հայաստանի ու Սփիւռքի իմ հայրենակիցներս կը կարծեն, թէ Թուրքը եւ Ազերին պիտի խնայեն, նուազագոյնը՝ իր ֆիզիքական կեանքը… Մահաբեր եզրակացութիւն…
Մենք մեր գոյութիւնը կը պահպանենք ու յարատեւութիւնը կ’ապահովենք իսկական «խաղաղութեամբ», որ կ’իրականանայ ամուր հիմքերու վրայ կառուցուած՝ ուժեղ եւ արդիականացած միջոցներով պաշտպանական ուժերով, ծրագրաւորուած եւ հիմնաւորուած տնտեսութեամբ (ճարտարարուեստ, երկրագործութիւն, զբօսարջութիւն, եւայլն), համահաւասար առիթով ընկերային համակարգի մէջ բարեկեցիկ ու հաւատարիմ ազգաբնակչութեամբ, ազգային հիմքերով կրօնական ու կրթական համակարգով, թիրախային ու ճշմարիտ հայանպաստ քարոզչութեամբ, դաշնակիցներու հետ կապերու ամրացումով կամ նորովի ստեղծումով եւ Հայաստան-Արցախ-Սփիւռք եռամիասնութեամբ:
«Դիմադրութեան» բոլորիս պատգամած եզրակացութիւնը մէ՛կն է.
Ո՛Չ արիւնոտ, հեղուկ «խաղաղութեան»,
ԱՅՈ՛ պողպատեայ, արժանապատիւ «խաղաղութեան»:
Ո՛Չ արիւնոտ, հեղուկ «խաղաղութեան»,
ԱՅՈ՛ պողպատեայ, արժանապատիւ «խաղաղութեան»: