ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ապրիլ ամիսը, որուն ընթացքին պիտի նշուի Հայոց Ցեղասպանութիւնը 110-ամեակը, բեղուն եղաւ Հայ Դատի յանձնախումբերուն համար, որոնք Միացեալ Նահանգներու զանազան շրջաններու մէջ, հանդիպումներ ունեցան ղեկավարներու հետ, արծարծելու համար Արցախի հիմնահարցն ու Պաքուի մէջ բանտարկուած հայորդիներու ազատ յարձակումը։
Այս գծով, Ա․Մ․Ն․ -ի Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահի Ճորճ Աղճայեան այցելեց ներկայացուցիչ Ճիմ ՄըքԿավըրնի (Դեմոկրատ – Մասաչուսէց) եւ շնորհակալութիւն յայտնեց, որ այս գծով հետեւողականօրէն եւ ամէնայն բծախնդրութեամբ աշխատանք կը տանի։


Ա․Մ․Ն․ արեւելեան եւ արեւմտեան շրջաններու մէջ, հանդիպումներ կազմակերպուեցան այլ ղեկավարներու հետ, ։ Այս գծով, երկու շրջաններու Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահները՝ տոքթ․ Արա Չալեան (Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջան) եւ Օշին Յարութիւնեան (Ա․Մ․Ն․ արեւմտեան շրջան) հաստատեցին, թէ մեծ թափով աշխատանքը պիտի շարունակեն, ապահովելու համար բանտարկեալներու ազատ արձակումն ու արցախահայութեան վերադարձը։