Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Ապրիլի 24-ի պատգամը

Յովնան Արք. Տէրտէրեանի Ապրիլի 24-ի պատգամը

ԱՌԱՋՆՈՐԴԱԿԱՆ ՊԱՏԳԱՄ

ԱՊՐԻԼԵԱՆ ՍՐԲՈՑ ՆԱՀԱՏԱԿԱՑ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Սիրելի՛ հայորդիք, 

Բոլորս ի մի հաւաքող աղօթական այս նուիրական պահուն ուխտ կը կատարենք հաւատարիմ մնալ Աստուածապարգեւ հոգեւոր ու ազգային յաւերժական արժէքներուն նկատմամբ, այն խոր համոզումով, որ մարդկութեան պատմութեան մէջ անջնջելի պիտի մնայ 20-րդ դարու սկիզբին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ կանխամտածուած  ու կազմակերպուած առաջին ցեղասպանութիւնը, որուն զոհ գացին մէկուկէս միլիոն հայեր, այն գիտակցութեամբ ու հաւատքով, որ գալիք սերունդները արթուն պիտի պահեն իրենց հոգիներուն մէջ հողին տեսիլքը, հայրենական սէրն ու հայու արեան մէջ արդարութեան կանչ դարձած քրիստոնէական հաւատքը: Արդարեւ, Հայոց Ցեղասպանութեան 100 ամեակը դարձաւ հիմնաքարը  պահանջատարութեան մեր յոյսին, երբ մեր անմեղ նահատակները սրբադասուեցան: 100 ամեակէն անցած են արդէն տաս տարիներ, եւ հետեւաբար պարտ ենք այսօրուայ Սուրբ Պատարագով մեր էութեան խորքին ամրագրելու վասն հաւատոյ եւ վասն հայրենեաց յարատեւելու մեր կամքը՝ ի գին ամէն զոհողութեան: 

Ժամանակի հոլովոյթին հետ այսօր աշխարհը յարափոփոխ ընթացք մը կ՛ապրի: Մարդկութեան բազմաթիւ նուաճումներուն զուգահեռ գիտութիւնը իր բոլոր ոլորտներով յառաջընթաց կ՛արձանագրէ: Հակառակ դրական այս երեւոյթներուն սակայն, աշխարհին հետ նաեւ  մեր փոքր նաւը բոլոր առումներով այսօր փոթորիկներու մէջէն կ՛անցնի: Արժէհամակարգերը կը փոխուին, բայց ոչ անպայմանօրէն բարենպաստ բովանդակութեամբ: Չմոռնանք, սակայն, որ հակառակ բոլոր պայմաններուն, Աստուծմէ մեզի տրուած կոչում մը ունինք, մեր նախնեաց կենսագործուած ու նուիրականացած կեանքով ապահովել գալիք սերունդներու ապագան: 

Ահաւասիկ, այս յանձնառութեամբ պիտի ոգեկոչենք մեր սրբոց նահատակաց յիշատակը: Չմոռնանք, որ ուր որ ալ գտնուինք, պարտ ենք սերտելու պատճառները մեր ներկայ իրականութեանց:  

Ամերիկահայ համայնքը սփիւռքահայթեան մէջ տարբեր չէ իր արմատներով, այն իմաստով, որ բոլորս ալ աշխարհով տարածուած ենք գլխաւորաբար որպէս վերապրողները հայոց ցեղասպանութեան: Աւելի քան հարիւր տարիներ առաջ հասած ենք նաեւ մինչեւ այս ափերը, ուր վերսկսանք կազմակերպել համայնքային կեանք՝ կառուցելով եկեղեցիներ, դպրոցներ եւ տակաւին հաստատելով յարակից կազմակերպութիւններ: 

Անցնող տասնամեակներուն ողջ սփիւռքը ներգրաւուած մնաց կազմակերպչական անյետաձգելի եւ լուրջ առաքելութիւններով: Այսօր, որպէս սփիւռք մեր առաջ կը ծառանան բազում նոր մարտահրաւէրներ, արտասովոր երեւոյթներ, որոնք սակայն երբեք չեն տկարացներ մեր հոգեմտաւոր էութեան մէջ հայկական ինքնութեան տեսիլքն ու երազանքը: 

Ներկայ ժամանակներուն մարտահրաւէրներուն մէջ մեր իրականութիւնը ցնցող նոր իրավիճակը Արցախի հայաթափումն էր, որն իրապէս ցաւն ու տառապանքն է եղած Հայաստան եւ արտասահման ապրող մեր ժողովուրդին համար:  Բայց առաջնորդուած մեր նախնեաց հաւատքով ու հայրենական ոգով պարտ ենք մէկդի դնել յուսահատութեան նշանները, եւ մանաւանդ այսօր աւելի քան երբեք առաւել եւս պարտինք համախմբուիլ, մէկտեղուիլ եւ ապրիլ մեր կեանքը որպէս ազգ ու պետութիւն, եկեղեցի եւ համայնքներ ի գին ամէն զոհողութեան, եթէ երբեք բարի միտումն ունինք ոգեկոչելու 20-րդ դարու հայոց ցեղասպանութեան նահատակ սուրբերու յիշատակը, եւ այնուհետեւ Արցախի քառօրեայ պատերազմի հազարաւոր երիտասարդ նահատակներու պատարագումը յանուն հայրենիքի ու հաւատքի:

Հայոց ցեղասպանութեան 110-րդ տարեդարձը հրաւէր է գործնական քայլերով ոգեկոչելու յիշատակը մեր նահատակ սուրբերուն:  Նախ մասնայատուկ կերպով պէտք է ներգրաւենք մեր երիտասարդութիւնը հաւաքական մեր երթին մէջ, որպէսզի անխախտ պահեն հաւատքը քրիստոնէական, եւ հայրենական տեսիլքով հաղորդուին  մեր պատմութեան խորքերէն եկող գերագոյն զոհողութիւններով լուսազարդող մեր անմահացած հերոսներուն հետ: Մեր երկրորդ եւ կարեւոր առաքելութիւնը պիտի դարձնենք հայոց պատմութեան ուսուցումը մեր զաւակներուն, որպէս արմատ մեր էութեան, լաւագոյնս գնահատելու ի մասնաւորի նահատակ սուրբերու արեան գինը, հաւատարիմ մնալու անոնց կտակներուն, խոյանքներուն եւ ժառանգութեանց: Մեր երրորդ սրբազան պարտքը պիտի դարձնենք ներկայ ու գալիք սերունդներուն  մէջ ամրագրելու ուսման  գիտակցութիւնը, գիտութեան մէջ արձանագրելու բարձրագոյն մակարդակ, ընկերային եւ քաղաքական դաշտին մէջ ձեռք բերելու առաջատար դիրք եւ յատկապէս արդիական նորարարական հարթակներու վրայ զինելու նորահաս սերունդները կատարեալին հասնելու ձգտումով: 

Մեր յաջորդ քայլը պիտի դարձնենք ապահովագրումը միասնութեան ոգիին, մէկզմիւսին աջեւ խոնարհելու բոլորանուէր սիրով, հայրենիքն ու հաւատքը դարձնելու մեր կենսակերպին ժայռը, հիմք ունենալով հայ քրիստոնեայ ընտանիքը՝ որպէս գրաւականը յաղթանակուած կեանքին: Վերջապէս, 110-րդ ամեակի ոգեկոչումը կ՛իմաստաւորուի երբ կը մերժենք անտարբերութիւնը եւ մեր հայեացքին կիզակէտը կը դարձնենք Յարութեան շունչով ապրուած կեանքը:    

Անտարակոյս, բոլորիս նպատակը բարի է եւ ապրիլ կեանք մը, որ Աստուածահաճոյ է: Իսկ արարել կեանքը, ստեղծագործել, կառուցել, ծառայլ մեր հայրենիքին ու եկեղեցւոյ, դպրոցին եւ մշակոյթին մեծագոյն պատատխանն է մեր վրայ պարտադրուած ցեղասպանութեան վրէժի կոչին: 

Երբեք չմոռնանք Առակաց Գիրքի յաւերժահունչ սա պատգամը «Առանց տեսիլքի ժողովուրդը կը կործանի» (29:18): Ուրեմն, չդառնանք գերին նիւթական արժէքներուն, այլ գերիվեր դասենք հոգեւոր ու բարոյական մնայուն արժէքները, որոնք արգասիքն են մեր ազգային գիտակցութեան: Մեր յաւերժական գանձերէն է աստուածապարգեւ  հայրենիքը մեր Հայաստանը, որ Սուրբ Էջմիածնով է ուժեղ, իրական ու անսասան:  110 ամեակը պիտի ոգեկոչենք գործնական քայլով մը, մեր երիտասարդութեան կեանքը ուղղելով դէպի մայրենի հողը հայրենիքի, որովհետեւ մեր նահատակաց արեամբ նուիրագործուած հայոց հողը սուրբ է ու նուիրական: Ոտք դնենք հայրենի հողին վրայ եւ պիտի լսենք ձայնը մեր նահատակաց. «Կոչեմ ապրողաց»: 

Մեր հոգեւոր առաքելութեան խարիսխը Քրիստոսի Աւետարանն է: Առաքեալը կ՛ըսէ.- «Զի ինձ կեանք Քրիստոս է»:  (Փիլիպ. 1:21): Իսկ մեր ազգի տունը, մեր ազգային առաքելութեան ոգին Մայր Հայաստանն է: Եւ այսօր, 110 ամեակը սրբոց նահատակաց համընդհամուր հայութեան          հետեւեալը կը պատգամէ.-    

Հայաստանը մեզ կը կանչէ, ապրինք Հայաստանով, եւ եկեղեցին ու դպրոցը դարձնենք մանրակերտն ու կամուրջը սփիւռքը Հայաստանին կապող: 

Մեր նահատակները մեր կեանքին մէջ կ՛ապրին ոչ իբրեւ անցեալի յիշողութիւն, այլ` իբրեւ ուղեցոյց եւ առաջնորդութիւն մեր ապագային: Անոնք նպատակն են մեր անհատական կեանքին ու հաւաքական գոյերթին, այսօր եւ յաւիտեանս. ամէն:

Յովնան Արք. Տէրտէրեան 

Առաջնորդ՝ ԱՄՆ Արեւմտեան Թեմի

Ապրիլ, 2025

Սրբոց Ղեւոնդեանց Մայր Տաճար

Պըրպէնք

Share