Յարութ Սասունեան
Կարծէք վիճաբանութեան քիչ նիւթ կայ հայկական իրականութեան մէջ, նախորդ շաբաթ նոր բանավէճ մը երեւան եկաւ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանին սատարող, արեւմտամէտ փոքր կուսակցութեան ղեկավար Արման Բաբաջանեանի եւ Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեանի միջեւ:
8 ապրիլ 2025-ին Բաբաջանեան «Ֆէյսպուք»-ի իր էջին մէջ գրեց, որ նախագահ Ռոբերտ Քոչարեանն ու Օսկանեանը 2007 թուականի յուլիսին ամերիկացի դիւանագէտներուն յայտնած են, որ՝ «Իրենք պատրաստ են խոչընդոտելու Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւի ընդունումը, եթէ Թուրքիան պարզապէս բանայ սահմանը կամ վերագործարկէ Կարս-Գիւմրի երկաթուղին»:
Բաբաջանեան որոշ չափով սխալ մէջբերած է Օսկանեանին խօսքերը, զորս ան ըսած է արտաքին գործոց նախարարի օգնականի տեղակալ Մեթիու Պրայզային 2007 թուականին Երեւանի մէջ կայացած հանդիպման ժամանակ. «Եթէ Թուրքիան բանայ սահմանը եւ բնականոնացնէ յարաբերութիւնները, ես յաջորդ օրը կը թռչիմ Ուաշինկթըն`հայկական լոպին համոզելու, որ չաջակցեն Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման բանաձեւին»:
Ահա թէ իրականութեան մէջ ի՛նչ գրած է Պրայզան Հայաստանի բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն հետ հանդիպումէն ետք. «Պրայզան տեղեկացած է, որ Հայաստան Ուաշինկթընի մէջ պիտի միջամտէ, որպէսզի դանդաղեցնէ Քոնկրեսի Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը միայն այն պարագային, եթէ թրքական կողմը բանայ սահմանը, կամ առնուազն թոյլ տայ վերաբանալ միջսահմանային երկաթուղին … Արտաքին գործոց նախարար Օսկանեան ներկայացուցած է մինչեւ օրս ամէնէն ճշգրիտ մեկնաբանութիւնը այն մասին, թէ Հայաստանը ի՛նչ բան պիտի նկատէ թրքական բարեխղճութեան բաւական նշանակալի շարժոյթ (ժեստ), որպէսզի Հայաստան լուրջ ջանքեր գործադրէ բանաձեւին ուղղութեամբ թափը մեղմացնելու: Օսկանեան վերահաստատած է Հայաստանի շարունակական թերահաւատութիւնը Թուրքիոյ դրդապատճառներուն նկատմամբ եւ մտահոգութիւնը, որ Հայաստանի նկատմամբ նախաձեռնութիւնները նպատակ ունին միայն շեղել եւրոպական ճնշումը եւ խափանել հնարաւոր բանաձեւը: Օսկանեան, սակայն, ըսաւ, որ եթէ Թուրքիան բանայ սահմանը եւ բնականոնացնէ յարաբերութիւնները, ան «յաջորդ օրը պիտի թռչի Ուաշինկթըն` խորհրդակցելու Քոնկրեսին մէջ Հայաստանի բարեկամներուն եւ հայամէտ լոպիական խումբերուն հետ` յետաձգելու բանաձեւը: Իրադարձութիւններու նոր շրջադարձով, Օսկանեան յայտարարեց, որ եթէ Թուրքիան փափաքէր պարզապէս վերականգնել երկաթուղային երթեւեկութիւնը գոյութիւն ունեցող Կարս-Գիւմրի երկաթուղային գիծով, ատիկա կրնար բաւարար ըլլալ, որպէսզի Հայաստանի կառավարութիւնը ներգրաւէ ամերիկահայ համայնքը բանաձեւի հարցին մէջ: Ան, բնականաբար, չէր կրնար երաշխաւորել արդիւնքը, սակայն խոստացաւ բարեխղճօրէն, բարձր մակարդակով ջանք գործադրել` համոզելու Ուաշինկթընի զրուցակիցները, որ բանաձեւը պիտի հակասէ Հայաստանի ազգային շահերուն, եթէ թուրքերը իրական շարժում առաջարկեն սահմանի հարցով»:
Պրայզան այս զեկոյցը գրած է Քոչարեանի եւ Օսկանեանի հետ 2007 թուականի յուլիսին Երեւանի մէջ ունեցած հանդիպումէն ետք: «Ուիքիլիքս»-ը Պրայզայի ամերիկեան ներքին զեկոյցը հրապարակած է քանի մը տարի անց:
Բաբաջանեան շարունակած է մէջբերել Քոչարեանին խօսքերը՝ Պրայզայի զեկոյցէն. «Ես կարիք չունիմ (Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման) բանաձեւին: Ես կարիք ունիմ Թուրքիոյ հետ բաց սահմանի եւ առեւտրական հաւասարակշռութեան կարելիութեան»:
Օսկանեան ապրիլ 10-ին «Ֆէյսպուք»-ի իր էջով զայրացած պատասխանած է Բաբաջանեանին` մեղադրելով զայն «իբր թէ «Ուիքիլիքս»-ի փաստաթուղթին վրայ հիմնուած կեղծ լուրեր տարածելու մէջ»: Օսկանեան յայտարարած է, որ Բաբաջանեան՝ «Կը ստէ: Անոր մեկնաբանութիւնները եւ եզրակացութիւններ չեն կրնար բխիլ «Ուիքիլիքս»-ի բնօրինակի բովանդակութենէն եւ քննարկումներու էութենէն: Փաստաթուղթը կցուած է»:
Ուսումնասիրելով «Ուիքիլիքս»-ի 2007 թուականի փաստաթուղթերը եւ զանոնք բաղդատելով Բաբաջանեանի ու Օսկանեանի գրառումներուն հետ, ես բացայայտեցի անոնց հակասական յայտարարութիւններուն պատճառը:
Բաբաջանեան իր «Ֆէյսպուք»-ի գրառումին մէջ չի պարզաբաներ, որ ան կը մէջբերէ Պրայզայի հանդիպումներուն մասին երկու տարբեր հաղորդագրութիւններէն, որոնք տեղի ունեցած են Երեւանի մէջ տարբեր թուականներու՝ 2007 թուականի մարտ 28-ին եւ նոյն տարուան յուլիս 30-ին: Բաբաջանեան հրապարակած է երկու փաստաթուղթերու չթուագրուած հատուածները:
Ուստի, երբ Օսկանեան գրած է, որ Բաբաջանեան «կը ստէ», քանի որ «Ուիքիլիքս»-ի փաստաթուղթին մէջ նման յայտարարութիւն չկայ, Օսկանեան չէ անդրադարձած, որ Բաբաջանեան նկատի ունեցած է Պրայզայի երկրորդ զեկոյցը:
Իրականութեան մէջ նախագահ Քոչարեանի, Օսկանեանի եւ նախագահի օգնական Վիգէն Սարգսեանի հետ հանդիպման վերաբերող իր երկրորդ զեկոյցին մէջ` 28 մարտ 2007-ին, Պրայզան գրած է. «Քոչարեանն ու Օսկանեանը բացայայտեցին իրենց խոր թերահաւատութիւնը Թուրքիոյ բարեխղճութեան նկատմամբ եւ իրենց յոգնածութիւնը՝ գործընթացէ մը, որուն նպատակը կը թուի ըլլալ Անգարայի մէջ պարզապէս համաշխարհային կարծիքի ճնշումը շեղել եւ երբեք Հայաստանին յստակ արդիւնք չտալ»: Անոնք ըսին․ «Հակառակ անոր որ Հայաստան պիտի փոխադարձէ (Թուրքիոյ) դրական շարժոյթներուն, բայց եւ այնպէս կառավարութիւնը յոգնած է շարժոյթներու եւ քննարկումներու անվերջանալի շղթայէն, որ ոչ մէկ տեղ կը տանի Թուրքիոյ հետ իր յարաբերութիւններուն մէջ: Քոչարեան ուղղակի ըսաւ, որ Հայաստանի համար կարեւորագոյնը սահմանն է: Սփիւռքի խումբերը ճնշում կը բանեցնեն անոր վրայ՝ աջակցելու Քոնկրեսի բանաձեւի ընդունման, սակայն ան մերժած է. «Ես կարիք չունիմ անոր»,- ըսած է Քոչարեան,- «ես կարիք ունիմ բաց սահմանի եւ կարելիութիւն՝ հաւասարակշռելու առեւտրական հսկայ անհաւասարակշռութիւնը Թուրքիոյ հետ»:
Սովորաբար փաստաթուղթի յղումին վերաբերող թիւրիմացութիւնը լուրջ խնդիր չէ: Սակայն նկատի առնելով, որ Փաշինեանի շրջապատը բոլոր կարելիութիւնները կ՛օգտագործէ նախկին ղեկավարները, որոնց կարգին՝ Օսկանեանը, մեղադրելու համար, վերջինիս կողմէ կտրուկ արձագանգ եղաւ: Բաբաջանեան կոշտ քննադատութեան ենթարկած է Քոչարեանն եւ Օսկանեանը` յայտարարելով, որ անոնք «ոչ միայն պատրաստ էին լռեցնել սփիւռքի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման պայքարը, զոհաբերել ամբողջ ժողովուրդին յիշողութիւնը, այլ նաեւ բացայայտօրէն ընդգծած են` ցեղասպանութեան ճանաչումը իրենց օրակարգին վրայ առաջնահերթ չէ»: Բաբաջանեան աւելցուցած է, որ նախկին ղեկավարները ներկայի իշխանութիւնները կը կոչեն «թուրք, դաւաճան եւ հողատու»:
Այս է հարցին էութիւնը: Նախկին ղեկավարները վարկաբեկելու մոլուցքով տարուած Բաբաջանեան կ՛անտեսէ այն իրականութիւնը, որ իր դաշնակից Փաշինեանը բազմիցս անարգած է հայոց գրեթէ բոլոր ազգային խորհրդանիշները: Փաշինեան անտեղի հարցեր բարձրացուցած է Հայոց ցեղասպանութեան փաստերուն վերաբերեալ` նոյնիսկ յայտարարելով, որ՝ «Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչումը այսօր մեր արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններու ցանկին մէջ չէ»:
Կ՛ուզեմ Բաբաջանեանին յիշեցնել նշանաւոր ասացուածքը. «Անոնք, որոնք կ՛ապրին ապակեայ տան մէջ, պէտք չէ քարկոծեն»: Նախքան ուրիշներ մատնացոյց ընելը՝ ստուգեցէք, որ ձեր ձեռքերը մաքուր են:
Ասիկա չի նշանակեր, որ ես կը պաշտպանեմ նախկին ղեկավարները: Ես բազմիցս դէմ առ դէմ բանավէճեր ունեցած եմ թէ՛ նախագահ Քոչարեանի, թէ՛ նախագահ Սերժ Սարգսեանի հետ բազմաթիւ հարցերու նկատմամբ իրենց դիրքորոշումներուն համար, որոնց կարգին՝ Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններուն: Սակայն ես աւելի մեծ տարակարծութիւններ ունիմ վարչապետ Փաշինեանի հետ: