Ս. Մահսէրէճեան
Հայաստանի քաղաքական բեմը քանի մը օրէ ի վեր ինկած է նոր փոթորիկի մը գիրկը:
Ուրկէ՞ ծնունդ առին նորագոյն փոթորկաբեր հովերը:
Չէ՛, Թուրքիոյ ներքին հակամարտութիւններէն չեկան անոնք, պարզապէս անոնց զուգադիպեցան: Երազատես Նիկոլ Փաշինեան դարձեալ առաւօտ մը արթնցաւ եւ որոշեց հանրային պատկերասփիւռի կայանի մէկ լրագրողը կանչել, հարցազրոյց մը շնորհե՜ց եւ, ըստ սովորութեան, հազար ու մէկ սուտով ու խեղաթիւրումներով փորձեց ինքնարդարացումներ հրամցնել ժողովուրդին: Եւ ահա, բանիմաց մարդիկ՝ քաղաքական պատասխանատուներ, մասնագէտներ՝ քանի մը օրէ ի վեր կը հակադարձեն եղածին, վեր կ’առնեն ըսուածին սա կամ նա կէտը եւ փաստացի՛ նշումներով ցոյց կու տան, որ սուտերու շղթան ուրկէ՞ սկսած է եւ ո՛ւր… չի վերջանար:
Մեր կարծիքով, հակազդեցութիւնները, թէեւ արդար եւ ո՛չ անտեղի, պարզապէս ճիգի ու շունչի վատնում են:
Եթէ պահ մը կանգ առնենք Փաշինեանի միայն մէկ նշումին վրայ, թէ՝ այդ ի՞նչ զիջում ըրած են ինք ու կողքին քալողները՝ իրենց իսկ բնութագրումով՝ «ուսապարկեր»ը, կրնանք որոշ դիտանկիւնէ վստա՛հօրէն ըսել, որ պատասխանը շատ յստակ է ու պարզ (նման հայեցակէտ՝ նաեւ միւս ըսածներուն մասին): Փաշինեան ճի՛շտ կ’ըսէ. ինք ո՛չ մէկ զիջում ըրած է, միայն ու միայն խաղաղութեա՛ն ձգտած է եւ հայրենիքին շահե՛րը պաշտպանած:
Մի՜ զարմանար, սիրելի՜ ընթերցող: Դուն ալ, ոեւէ բանիմաց հայու պէս, Փաշինեանի հարցումին իրական պատասխանը շա՜տ ալ լաւ գիտես, մինչեւ իսկ եթէ «փաշինեանապաշտ» ես: Սակայն եկո՛ւր, պահ մը մեզի պէս դիտէ հարցումն ու մեր՝ «ճի՛շդ կ’ըսէ» պատասխանը, թէ՝ մարդուկը ո՛չ մէկ զիջում ըրած է: Եւ գիտէ՞ք թէ ինչպէ՜ս կը հիմնաւորուի «չզիջող»ին ճշմարտախօսութիւնը: Կը հաստատուի ու կ’արդարանայ՝ եթէ ընդունինք ու տեսնենք, որ ան եղածները կը դիտէ… թուրքին ու ազերիին դիրքերէն: Ու եթէ ընդունինք այս պարզ (եւ բազմիցս ապացուցուած) իրականութիւնը, կը հիմաւորուին նաեւ անոր շա՜տ մը նախընթաց հաստատումները. այո՛, ինք չէ զիջած, չէ՛ պարտուած (պարտուողն ու կորսնցնողը հա՛յն է), այո՛, Արցախ ու այլ հողեր չէ նուիրած, գերիշխանութիւն չէ նօսրացուցած, տակաւին՝ կը պատրաստուի նոր յաղթանակներո՛ւ, այսինքն՝ (մի՛շտ ազերիական դիտանկիւնէ) «գրաւելու» Տիգրանաշէնը, «նուաճելու» Վրաստանի սահմանէն սկսեալ ու մինչեւ Սիւնիք այլ հողամասեր, Հայաստանին պարտադրելու նոր սահմանադրութիւն, զինաթափում, բազմահազար ազերիներով Հայաստանի ողողումը (շարունակե՞նք…):
Երբ կը մտածես ազերիի՛ պէս, հաշիւներդ կ’ընես ազերիակա՛ն շահերու դիտանկիւնէն, անշո՛ւշտ որ զիջողի դիրքի վրայ չես ըլլար, այլ՝ շահողի՛ եւ նոր նուաճումներու պատրաստուողի՛:
…Ու մեր ազգը կը շարունակէ խաբուիլ, լծուած մնալ աղաղակող մոլորեցումներու սայլին, սպասելով որ փաշինեանական «անզիջողութիւնը» նոր նուաճումներ բերէ: