Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի

Յայտարարութիւն ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի


ՀՅԴ 35-րդ Ընդհանուր ժողովը գումարուեցաւ Հայաստանի մէջ, 25 փետրուարէն 6 մարտ 2025-ին:

Ժողովի աւարտին Բիւրոյի նոր կազմի անդամ ընտրուեցաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի եւ Հայկական երեսփոխանական պլոքի ներկայացուցիչ Յակոբ Բագրատունի, որ ստանձնեց ՀՅԴ Բիւրոյի Միջին Արեւելքի պատասխանատուութիւնը:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն երեքշաբթի, 11 մարտ 2025-ին գումարուած իր ժողովին, Յակոբ Բագրատունիի ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ ընտրութեան լոյսին տակ, միաձայնութեամբ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ ընտրեց Ալպեր Պալապանեանը:

ՀՅԴ ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ

Share