Խ. Տէր Ղուկասեան
ՀՅԴ 24-րդ Ընդհանուր Ժողովի (ԸԺ) (1988) Դէպի Երկիր որոշումը ծնունդ տուաւ կուսակցութեան գործունէութեան նոր պատմական հանգրուանի մը, որուն յաջորդական ժամանակաշրջաններու գնահատականները տուած են ՀՅԴ 24-րդ ԸԺի յաջորդած տասը ԸԺները -վերջինը՝ 34-րդ (2022): Այս շաբաթ ընթացք առնող 35-րդ ԸԺը նոյնը պիտի ընէ անցնող եռամեակին վերաբերեալ: Այդ գնահատականներէն անկախ, կուսակցութեան 34-ամեայ գործունէութեան տարբեր ժամանակահատուածները իրենց ամենայետին մանրամասնութիւններով սպասելիօրէն տեղի տուած են քաղաքականացած քննարկումներու, զուսպ եւ առարկայական երբեմն, դրականօրէն քննադատական տարբեր առիթներու, բայց նաեւ յաճախ յետին նպատակներով, անձնական շահախնդրութեան եւ մինչեւ իսկ ոխակալութեան մղումով:
Ներկուսակցական ոլորտին մէջ սակայն, մինչ կարգապահութեան աւանդական հասկացողութեան յարգանքով ԸԺներու գնահատականները հարցականի տակ չեն դրուած եւ չեն կրնար դրուիլ, բայց նաեւ ճիշդ է որ Դէպի Երկիր պատմական հանգրուանը որպէս ամբողջութիւն քննարկելու նախանձախնդրութիւն չէ եղած: Պատմական հանգրուան մը կարելի է որպէս ամբողջութիւն քննարկել՝ ձեռքբերումներուն, բացթողումներուն եւ ձախողութիւններու բանականացման իմաստով երբ նոյն այդ հանգրուանի լրումի ազդանշանները կ’ընկալուին: Այդ ազդանշաններու ընկալումն ինքնին քննարկման նախասկիզբն է:
Այս իմաստով, Դէպի Երկիր հանգրուանի լրումն ու նորի մը սկիզբ տալու անհրաժեշտութիւնը կը զգացուի հետեւեալ պատճառներով.
Ա) Կուսակցութեան Հայաստան վերադարձը եւ քաղաքական գործընթացի մէջ ինքնահաստատման փաստը արդարացուցած են ՀՅԴ 24-րդ ԸԺ-ի Դէպի Երկիր բեկումնային որոշումը:
Բ) Քսանմէկերորդ դարու առաջին քառորդի աւարտին աշխարհակարգը, ուժերու հաւասարակշռութենէն մինչեւ հարստութեան ստեղծման եւ վերաբաշխումի համաշխարհին տնտեսութեան ենթակառոյց, փոխուած է Պաղ Պատերազմի աւարտին եւ անոր անմիջապէս յաջորդած տասը կամ քսան տարիները յատկանշած միաբեւեռ համակարգէն:
Գ) Սփիւռքը, ուր ՀՅԴ-ն դեռեւս ամենէն աւելի կազմակերպուած եւ զօրաշարժի ատակ քաղաքական կառոյցն է, չէ վերածուած Հայաստանի ռազմավարական գործընկերին, որով եւ չէ իրականացած համահայկական համախմբումի եւ զօրաշարժի կառուցային հայեցակարգը որ համաշխարհային քաղաքական թէ քաղաքակրթական գործընթացներուն մէջ պիտի ապահովէր Հայաստանի եւ հայութեան տեղը:
Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ իր եզակի ներկայութեամբ, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւնը կրնայ հահայկական համախմբուածութեան եւ զօրաշարժի օրինակ, խթան եւ գործօն հանդիսանալ: Սակայն, հարցախոյզերը, անցնող երեք տասնամեակներու քաղաքական գործի ձեռքբերումներու, բացթողումներու թէ ձախողութիւններու համեմատական վերլուծումը եւ կուսակցական առօրեայի կոնկրետ փորձառութեան օրինակները Հայաստանի թէ Սփիւռքի մէջ կը յուշեն, որ Դաշնակցութեան այդ կարողականութիւնը անցնող երեք տասնամեակներուն չէ յաջողած ինքզինք լիովին փաստել: Համահայկական համախմբուածութիւն ստեղծելու Դաշնակցութեան կարողականութիւնն ու պատմական փորձառութիւնը կը մնան անխախտ: Բայց այդ կարողականութեան գործնականացումը կ’ենթադրէ կուսակցութեան համաշխարհային կառոյցին, կազմակերպական տինամիքին, եւ մարմիններու եւ շրջաններու փոխ-յարաբերութեանց կարգուկանոնին տալ համակարգումի մեծ ճկունութիւն, որուն համար ալ կուսակցութեան ծննդոցին մաս կազմած է կազմակերպական ապակեդրոնացման սկզբունքը:
Կը մնայ որ ապակեդրոնացումը պիտի դուրս բերել իր սկբունքայնութեան վերացականութենէն եւ ընկալել պատմական տարբեր հանգրուաններու ոլորտին մէջ: Այսպէս, ՀՅԴ 24-րդ ԸԺի (1988) Դէպի Երկիր որոշումը կուսակցութեան պատմական զարգացման մէջ բերած է ծրագրային առաջադրանքներու եւ կազմակերպական կանոններու այնպիսի բեկում մը ինչպէս նախապէս բերած էին 20-րդ (1972), 9-րդ (1919) եւ 4-րդ (1907) ԸԺները: Անոնցմէ իւրաքանչիւրը կուսակցութեան գործունէութեան մէջ բացած է նոր հանգրուան մը, եւ պատմական ամբողջ ժամանակաշրջանի մը վրայ դրած իր խոր կնիքը. Կովկասեան Նախագիծ (1907), Ազատ, Անկախ, Միացեալ Հայաստան (1919) եւ Յեղափոխական Արմատներու Վերադարձ (1972): Այդ բեկումնային ԸԺները միաժամանակ կուսակցութեան կազմակերպական կառոյցին մէջ բերած են յատկանշական բարեփոխումներ եւ վերանայման ենթարկած են կազմակերպական կանոնները: Այսինքն՝ ապակեդրոնացումը կոնկրետացուցած են պատմական նոր հանգրուանի մը ոլորտին մէջ, ի խնդիր այդ հանգրուանի մարտահրաւէրներուն լաւագոյնս դիմագրաւման:
Ի տարբերութիւն անցեալի այդ բեկումնային որոշումներուն որոնք արձանագրած են պատմական հանգրուանի մը աւարտն ու սահմանած նորը, այսօր դժուար է յետ-Դէպի Երկիր հանգրուանի յստակ սահմանումը: Դէպի Երկիրը հանգրուան մըն է որ իր լրումին հասած է, բայց նորին սահմանումը տակաւին չէ բանաձեւուած: Անհրաժեշտ է շարքային լայն մակարդակով մտքերու պատրաստութիւն, քննական-քննադատական բանավէճ, իրավիճակի գնահատական վերլուծում, կառուցային, կազմակերպական թէ այլ բարեփոխութիւններու ծրագրում, եւ մինչեւ իսկ բաց քննարկում, որովհետեւ հայ հանրային կարծիքը, հայրենիքի մէջ թէ Սփիւռքի, պէտք է իմանայ որ վերանայման գործընթացը ինքնանպատակ չէ, այլ ի խնդիր հայ ժողովուրդին: Յստակ է միայն որ 21-րդ դարուն Հայաստանի եւ հայութեան գոյատեւման եւ զարգացման համար համահայկական համախմբումի եւ զօրաշարժի վերարժեւորման, վերանայումի եւ վերաշխուժացման կարիքը կենսական է:
Պատմական նոր հանգրուանի մը սահմանման անհրաժեշտութեան դէմ յանդիման, ՀՅԴ 35-րդ ԸԺի մեծ մարտահրաւէրը կուսակցութեան կառոյցի, կազմապերպական կանոններու եւ ներկուսակցական տինամիքի վերանայման եւ արդիականացման նախապատրաստութեան ընթացք տալն է, որպէս նպատակ ճշդելով բարեփոխումներու բեկումնային որոշումի քննարկման թղթածրարները դնել ՀՅԴ 36-րդ ԸԺի տրամադրութեան տակ: Այս մէկը անշուշտ չի՛ նշանակեր որ կուսակցութեան քաղաքական, համայնքային թէ Հայ Դատի գործունէութիւնը դադար կ’առնէ: Սակայն, կուսակցութեան, եւ յատկապէս նորընտիր Բիւրոյի համար առաջնահերթային կ’ըլլայ յաջորդ ԸԺի ներկայացուելիք բարեփոխումներու թղթածրարի պատրաստութիւնը, եւ այդ գործին կուսակցական մարմիններու եւ, ընդհանրապէս, կուսակցական շարքերու լայն մասնակցութեան ապահովումը: