ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ․- Ամերիկահայ համայնքի երկարամեայ գործիչ Ճորճ Աղճայեանը ստանձնեց Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահի պաշտօնը` փոխարինելով Ռաֆֆի Համբարեանին:
Անդրադառնալով իր նոր պատասխանատուութեան` Աղճայեան, յայտնեց․ «Ինծի համար մեծ պատիւ է ստանձնել այս դերը։ Մեր աշխատանքը կենսական է, քանի որ մենք կը պայքարինք յանուն արցախահայութեան իրաւունքներուն։ Կը պայքարինք Ատրպէյճանին դէմ, իր յանցագործութիւններուն համար պատասխանատուութեան ենթարկելու եւ Հայաստանի երկարաժամկէտ անվտանգութիւնն ու կենսունակութիւնն ապահովելու համար: Ա․Մ․Ն․ Հայ դատի յանձնախումբը միշտ ալ եղած է ամերիկահայութեան ամենէն աւելի արդիւնաւէտ ձայնը ՝ արտաքին թէ ներքին քաղաքականութեան մէջ, եւ ես անհամբեր կը սպասեմ աշխատելու մեր տեղական մասնաճիւղերու, համայնքային գործիչներու եւ նուիրուած ղեկավար խումբի հետ` ընդլայնելու մեր ազդեցութիւնը եւ առաջ մղելու մեր պարտականութիւնը»:
Ողջունելով Աղճայեանի կողմէ այս պատասխանատուութեան ստանձնումը` Ռաֆֆի Համբարեան յայտնեց. «Հայ Դատի յանձնախումբի նախագահ ծառայելը կեանքիս մեծագոյն պատիւներէն մէկն էր: Մեր աշխատանքը միայն քաղաքականութիւնը չէ, այլ նաեւ հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ արժանապատուութեան աշխատանք է: Ճորճը իր կեանքով Հայ Դատի պաշտպան է եւ մեր գործին խոր նուիրուածութեամբ, ան պիտի առաջնորդէ եռանդուն նպատակով եւ հաստատակամութեամբ»:
Ռաֆֆի Համբարեանի ղեկավարութեամբ Հայ Դատի յանձնախումբը ընդլայնած է իր ազդեցութիւնը եւ երիտասարդական ծրագրեր գործի լծելով, ստեղծած է բազմաթիւ հարթակներ, նաեւ ոչ հայկական համայնքային կազմակերպութիւններու հետ: Հետեւողական աշխատանքի արդիւնք՝ աննախադէպ ձեւով գործօն եղած է Հայ Դատի յանձնախումբի գործունէութիւնը Քոնկրէսի երկու պալատներուն մէջ։