Հայաստանեան շաբաթը

Հայաստանեան շաբաթը

«Հայրենիք»

Անդրադառնալով Պաքուի իշխանութիւններուն կողմէ Արցախի քաղաքական եւ զինուորական ղեկավարութեան ուղղուած շինծու մեղադրանքներուն եւ Պաքուի զինուորական դատարանին մէջ ընթացող կեղծ դատավարութեան կապուած խնդիրներուն, Հ.Յ.Դ. բիւրոյի անդամ, Ազգային ժողովի ընդդիմադիր Հայաստան խմբակցութեան պատգամաւոր Արմէն Ռուստամեան յայտարարեց, որ Երեւանի իշխանութիւնները նոր հասկցան, որ Ատրպէյճանի մէջ ընթացող դատավարութեան թիրախը նաեւ իրենք են, որովհետեւ երբ հասնին 44- օրեայ պատերազմին, նաեւ Նիկոլ Փաշինեանի դէմ մեղադրանք պիտի առաջադրեն։

Ատրպէյճանի մէջ կեղծ դատավարութեան նկատմամբ Հայաստանի իշխանութիւններուն լռութիւնը խզուեցաւ, երբ Արցախի նախկին նախագահ Արայիկ Յարութիւնեան, ըստ ատրպէյճանական աղբիւրներուն, դատարանին մէջ զղջացած է պատերազմին ընթացքին Գանձակի ռմբակոծման համար՝ յայտարարելով, որ ռմբակոծման որոշումը ինք չէ տուած։


    Արցախի վերջին նախագահ Սամուէլ Շահրամանեան դատապարտեց Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեանի յայտարարութիւնը, ուր ան կը մեղադրէր արցախցիները, թէ հրաժարած են կռուելէ եւ լքած են Արցախը։

«Այս յայտարարութեամբ Ալէն Սիմոնեան կը փորձէ նուաստացնել Արցախի ժողովուրդի հերոսական պայքարը աւելի քան իննամսեայ պաշարումէն ետք վրայ հասած ռազմական լայնածաւալ գործողութիւններու ժամանակ», ըսաւ Շահրամանեան։

«Կռիւ չեն մղեր միայն մարտի դաշտին վրայայլեւ քաղաքական եւ դիւանագիտական  ճակատներուն վրայորուն առաջնագիծին վրայ կը գտնուի Ալէն Սիմոնեանըոր առաջնորդուելով քաղաքական եւ այլ նպատակայարմարութիւններէԱրցախի եւ Հայաստանի համար կարեւորագոյն հարցերուն վերաբերեալ փոխած է իր կածիքները եւ դիրքորոշումները», կը նշուէր Արցախի տեղեկատուական շտապի ֆէյսպուքի էջին վրայ  հրապարակուած յայտարարութեան մէջ։

Շահրամանեան պահանջեց, որ Սիմոնեան զերծ մնայ արցախցիներու պայքարը եւ հայրենիքի պաշտպանութիւնը սակարկութեան նիւթի վերածող որեւէ բնոյթի գնահատականէ, միեւնոյն ժամանակ նաեւ մեկնաբանէ եւ մանրամասնութիւններ տայ, թէ Արցախէն  ով որու կը հեռաձայնէր եւ կը խնդրէր, որ սահմանը բանան, որպէսզի արցախցիները Հայաստան փոխադրուին։ Տեղին է նշել,որ Ալէն Սիմոնեան իր կատարած յայտարարութենէն մէկ օր ետք, ջանաց սրբագրել յայտարարութիւնը՝ պնդելով,որ ինք նկատի ունէր յատուկ մարդիկ եւ ոչ թէ ամբողջ արցախահայութիւնը


Հայաստանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Վարդան Օսկանեան յայտարարեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան կողմէ գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը ջախջախած են Մեղրիի հարցին շահարկման շուրջ պատմութիւնը։

Օսկանեանի համաձայն, երկար տարիներ որոշ անձեր պնդած են, որ իբրեւ թէ Արցախը Մեղրիով փոխանակելու գաղափարը եղած է Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպէրթ Քոչարեանի նախաձեռնութիւնը՝ ուղղուած Ատրպէյճանի այդ տարիներու նախագահ Հայտար Ալիեւի։ Սակայն գաղտնազերծուած փաստաթուղթերը ցոյց կու տան, որ նման առաջարկ կատարած է հայր Ալիեւը։«Անթոյլատրելի պիտի ըլլար անտեսել Ալիեւի այդ առաջարկը եւ ատիկա պիտի համարուէր իբրեւ դիւանագիտական սխալ մը։ Հայտար Ալիեւ պատրաստ էր հրաժարիլ Արցախէն։ Ասիկա էր կարեւորը եւ զոր պէտք էր շահագործել։ Այս պատրաստակամութիւնը նաեւ յաջողութեամբ բանակցային նիւթ եղաւ ամբողջ մէկուկէս տարի Քի Ուէսթի մէջ։ Այստեղ Մինսքի խումբի փաստաթուղթով արձանագրուեցաւ, որ Արցախը՝ Լաչինով միասին կը տրուի Հայաստանի, իսկ Ատրպէյճան Արաքսի ափով վերգետնեայ կապ պիտի ունենար Նախիջեւանի հետ։


Պաքուի զինուորական ատեանին մէջ ապօրինի կերպով դատուող՝ Արցախի պետական նախկին նախարար Ռուբէն Վարդանեան  դատարանը մեղադրեց կանխակալութեան մէջ՝ յայտարարելով,որ Պաքուի զինուորական դատարանին դատաւորները միայն շահագրգռուած են իր քրէական հետապնդմամբ։ Ան նաեւ բողոք ներկայացուց դատարանին կազմին դէմ։ Բնականաբար Վարդանեանի միջնորդութիւնը մերժուեցաւ։

Իր կարգին, Վարդանեանի պաշտպան փաստաբան Ապրահամ Պերմէն միջնորդութիւն ներկայացուց իր պաշտպանեալին հետ առանձին հանդիպում ունենալու համար։ Դատարանը բաւարարեց միջնորդութիւնը։

Տեղին է նշել ,որ նախապէս Մարդու Իրաւունքներու Եւրոպական Ատեանին մէջ հայ գերիներու պաշտպան փաստաբան Սիրանուշ Սահակեան հաղորդեց, որ ատրպէյճանցի թարգմանիչը դատական գործին 422 հատորներուն  բերանացի թարգմանութիւնը կատարած է անփութօրէն՝ լրջագոյն սխալներ թոյլ տալով։ Նոր թարգմանիչ պահանջուած է եւ դատարանը պահանջին գոհացում տուած է։

Պաքուի զինուորական դատարանը նաեւ Վարդանեանը մեղադրեց ատրպէյճանական ղեկավարութեան դէմ «Նեմեսիս 2»  ծրագրելու յանցանքով։ Նեմեսիս գործողութիւնը 1919-ին ծրագրուեցաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան կողմէ, պատժելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան իթթիհատական ծրագրողները։ «Նեմեսիս»-ի ծիրին մէջ Սողոմոն Թեհլիրեան 1921-ին Գերմանիոյ մայրաքաղաք Պերլինի մէջ գետին փռեց հայ ժողովուրդին մեծագոյն դահիճ՝ Թալաաթը։


Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տիմիթրի Փեսքով յայտարարեց, որ Ռուսիա պատրաստ է աջակցելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ բանակցութիւններուն, ընդգծելով,որ կողմերը ի վիճակի են զանոնք վարելու ինքնուրոյն։

Փեսքով նշեց, որ Երեւանէն տարբեր մակարդակներով յայտարարութիւններ կը լսուին, թէ միջնորդի կարիք չկայ բանակցութիւններ վարելու համար։ «Մենք կ՛ողջունենք կողմերուն անկախ ճիգերըսակայն պատրաստ են միջնորդութիւն կատարելու», շեշտեց ան։

Տեղին է նշել,որ Հայաստանի Ազգային Ժողովի նախագահ Ալէն Սիմոնեան քիչ հաւանական համարած է Ռուսիոյ միջնորդութիւնը՝ հայեւատրպէյճանական խաղաղութեան բանակցութիւններուն մէջ։

Share