
Յարութ Սասունեան
Տարիներու ընթացքին թրքական մամուլին մէջ հրապարակուած են բազմաթիւ յօդուածներ, ուր կը նշուի, թէ թուրք բարձրաստիճան պաշտօնատարներ հայկական կամ քրտական ծագում ունին:
Այս պաշտօնատարները յաճախ կտրականապէս հերքած են այդ պնդումները, երբեմն ալ անտեսած են զանոնք՝ անոնց վրայ յաւելեալ ուշադրութիւն հրաւիրելէ խուսափելու համար: Օրինակ, քանի մը տարի առաջ, երբ կը յայտարարէին, որ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հայկական ծագում ունի, ան պարզապէս պատասխանեց. «Կը ցաւիմ, որ ինծի հայ կ՛անուանեն»: Նկատի ունենալով Թուրքիոյ մէջ տիրող ցեղապաշտութիւնը, մէկու մը հայ կոչելը վիրաւորանք կը նկատուի:
Գրած էին, որ ծագումով հայ է նախկին վարչապետ Մեսութ Եըլմազը, ինչպէս նաեւ` արմատական ծայրայեղ ազգայնական, Թուրքիոյ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելին: Վերջերս «Եութիուպ»-ի վրայ գտայ տեսանիւթ մը, ուր Իսա Իլեասօղլուն, որ ծառայած է Թուրքիոյ Ազգային հետախուզական կազմակերպութեան մէջ (MIT), յայտարարած է, որ Պահչելին մօրենական կողմէ ծագումով հայ է: Իլեասօղլուն յայտնած է, որ Ցեղասպանութեան ընթացքին Ատանայի նահանգապետը առեւանգած ու բռնաբարած է 16-ամեայ հայ աղջիկ մը, որ հետագային դարձած է Պահչելիի մեծ մայրը։ Ի տարբերութիւն իր անձնագիրին վրայ արձանագրուածին՝ այս աղջիկը ոչ թէ Օսմանիայէն է, այլ՝ Ուրֆայի շրջանի Հալֆեթի քաղաքէն: Մանուկ հասակին անոր ընտանիքը տեղափոխուած է Ատանայի Պահչէ քաղաքը, ուր ալ ան ստացած է իր մականունը՝ Պահչելի:
Մեծապէս ճանչցուած է, որ այսօրուան թուրքերու բաւական մեծ տոկոս մը հայերու, յոյներու կամ քիւրտերու ժառանգորդներն են, որոնցմէ շատեր իսլամացուած եւ թրքացուած են, յատկապէս՝ 1915 թուականի Ցեղասպանութեան ժամանակ, երբ թուրք ընտանիքներ առեւանգած եւ որդեգրած են հայ մանկահասակ երեխաներ: Այս երեխաներուն մեծ մասը շատ փոքր էր իրենց բնիկ ծագումը յիշելու համար: Թրքացուած եւ իսլամացուած հայերը յաճախ կը կոչուէին «թաքուն հայեր»:
Այնուամենայնիւ, տարիներու ընթացքին բազմաթիւ թուրքեր յայտարարեցին, որ նոր բացայայտած են իրենց հայկական ծագումը: Ոմանք նոյնիսկ խնդրեցին մկրտուիլ հայկական եկեղեցւոյ մէջ եւ կրկին քրիստոնէութիւնը ընդունիլ:
2018 թուականին Թուրքիոյ կառավարութիւնը անսպասելիօրէն գործարկեց կայք մը, որ բացայայտեց բոլոր թուրք քաղաքացիներուն նախնիները: Քանի մը օրուան ընթացքին միլիոնաւոր թուրքեր աճապարեցին պարզել իրենց բնիկ ծագումը: Իբրեւ արդիւնք՝ կայքը խափանուեցաւ, իսկ կարճ ժամանակ անց փակուեցաւ: Այնուհետեւ կայքը վերականգնեցաւ «գաղտնիութեան բարելաւուած միջոցառումներով»: Տեղեկագրութիւններ կային այն մասին, որ կարգ մը իսլամ թուրքեր ցնցուած էին՝ գիտնալով, որ իրենք հայկական արիւն ունին: Զեկոյցներէն մէկուն մէջ կը նշուի, որ մոլեռանդ հակահայ թուրք մը գիտնալով, որ ծագումով հայ է, անձնասպան եղած է:
Թուրքիոյ մէջ կայ նաեւ հայերու մեծ խումբ մը` ճանչցուած իբրեւ համշէնցիներ, որոնք կ՛ապրին Սեւ ծովու շրջանին մէջ: Անոնք բռնի կերպով իսլամացուած են, սակայն ոմանք պահպանած են իրենց հայկական աւանդութիւնները եւ մայրենի լեզուն` հայերէնը, որ առանձնայատուկ բարբառ ունի:
Իմ վերջերս յայտնաբերած «Եութիուպ»-ի տեսանիւթին մէջ Թուրքիոյ հետախուզութեան աշխատակից Իլեասօղլուն զգայացունց բացայայտումներ կատարած է Թուրքիոյ նախագահ Էրտողանի բնիկ ծագման մասին: Ես վստահ չեմ, թէ անոր զեկոյցը որքանո՛վ կը համապատասխանէ իրականութեան, սակայն նկատի ունենալով Իլեասօղլուի հետախուզական անցեալը՝ չէի կրնար անտեսել անոր պնդումը:
Իլեասօղլու ապրած է Անգլիոյ մէջ 1995-1996 թուականներուն, 2000-ին տեղափոխուած է Գերմանիա: 2005 թուականին առաջադրուած է Թուրքիոյ խորհրդարանական ընտրութիւններուն, սակայն հետագային յետս կոչած է իր թեկնածութիւնը: Ներկայիս ան նախագահն է Վերածնունդ կուսակցութեան, որուն կարգախօսն է` «Մէկ կառավարութիւն, մէկ ազգ, մէկ դրօշ եւ մէկ կրօն` թուրք»: Այժմ ան կ՛ապրի Գերմանիա: Հանրածանօթ իրականութիւն է, որ թրքական կառավարութիւնը Գերմանիոյ մէջ ունի բազմաթիւ հետախուզական ծառայութիւններու աշխատակիցներ, որոնք կը լրտեսեն հոն ապրող միլիոնաւոր թուրքերու, մասնաւորաբար քիւրտերու եւ Էրտողանի քաղաքական հակառակորդներուն:
Էրտողանի անձնագիրը ցոյց կու տայ, որ ան ծնած է Ռիզէի մէջ, որ կը գտնուի Թուրքիոյ յունական Պոնտոս շրջանին մէջ: Իլեասօղլուն իր տեսանիւթին մէջ կը յայտնէ, որ՝ «Էրտողանի հայրը պոնտոսցի յոյն էր, իսկ մայրը` սպանացի հրեայ, որ Պոնտոս եկած է Վրաստանի ճամբով»: Իլեասօղլուն կ՛աւելցնէ. «Եթէ Էրտողան համարձակի, թող առարկէ»:
«Թայիփի (Էրտողանի) մեծ ծնողներէն մէկուն եղբայրը եղած է յոյն քահանայ, որ ռուս-թրքական պատերազմէն ետք Սեւ ծովու ափին փորձած է հիմնել Պոնտոսի Յունական Հանրապետութիւնը»:
«Իր մեծ հայրն ու անոր քահանայ եղբայրը ձերբակալուած եւ դատուած են «Կիրեսունի անկախութեան դատարան»-ին կողմէ, դատապարտուած են մահապատիժի եւ՝ կախաղան բարձրացուած»: Իլեասօղլուն կը բացատրէ, որ ան Կիրեսունէն է. «Այդ մէկը գրուած է դատաւոր Ալի Քըլըչի յուշերուն մէջ»:
«Իսկ Էրտողանի մօրենական մեծ մեծ հայրը` Թայուպը, եղած է անիշխանական, որ թրքական գիւղեր մտնելէ եւ սպանութիւններ կատարելէ ետք զբաղած է թալանով: Այնուհետեւ, 1922 թուականի Մարաշի հայոց ապստամբութեան ժամանակ ան իր խումբով անցած է հայերուն կողմը, յարձակած թուրք զինուորներուն վրայ եւ սպաննուած՝ Տաւրոսի լեռներուն վրայ»: Իլեասօղլուն կ՛աւելցնէ. «Թող Թայիփ Էրտողան փնտռէ իր մօրենական մեծ մեծ հօր աճիւնը Տաւրոսի լեռներուն վրայ: Այսինքն իր մօր մեծ հայրը գերեզման չունի»:
Վերոնշեալ տեսանիւթը 28 հոկտեմբեր 2023 թուակիր է: Թրքական լրատուամիջոցներուն մէջ որեւէ տեղեկութիւն չկայ, որ Իլեասօղլուն քննադատուած կամ դատապարտուած է Էրտողանի մասին կատարած իր զգայացունց բացայայտումներուն համար, հակառակ անոր որ ան քանի մը անգամ այցելած է Թուրքիա: Նկատի ունենալով, որ թրքական լրատուամիջոցները կը գտնուին Էրտողանի ամբողջական վերահսկողութեան տակ, ոչ մէկ թրքական թերթ կը յանդգնի հրապարակել որեւէ բան, որ կրնայ զայրացնել նախագահը: Յայտնի չէ, թէ ինչո՛ւ Թուրքիոյ կառավարութիւնը չէ դատապարտած Իլեասօղլուն, որ կը պնդէ՝ Էրտողանի նախնիները յոյներ են: Պատճառը կրնայ ըլլալ այն, որ Իլեասօղլուն ճշմարտութիւնը կ՛ըսէ Էրտողանի նախնիներուն մասին, կամ ալ նախագահը չի կամենար յաւելեալ ուշադրութիւն հրաւիրել տեսանիւթին մէջ ներկայացուած պնդումներուն վրայ:
Ըստ թրքական ասացուածքին, «Փճացած գինին կը դառնայ դառն քացախ»: Ասիկա կրնայ նշանակել, որ որոշ իսլամացուած եւ թրքացուած հայեր կը դառնան հայերու ոխերիմ թշնամիները: Ասիկա նման է «Հռոմի պապէն աւելի պապական» ըլլալու արտայայտութեան։