Կարօ Արմենեան
Ճեմարանի մեր ուսուցիչներու հոյլին մէջ իր շատ յատուկ տեղը ունէր անգլերէն լեզուի և գրականութեան մեր ուսուցիչը՝ Պր. Անթուան Քեհեայեան, որ բոլորիս յիշողութեան մէջ քանդակուած է իր «Սըր» (Sir) «անուանակոչութեամբ»։ Իր հարազատ անունն ու ազգանունը հազի՜ւ թէ կը յիշուէին ճեմարանական մեր առօրեային մէջ։ Առաջին իսկ օրէն, անոնք կորսնցուցին իրենց ճանաչողական արժէքը։ Ան մեր Սըրն էր և վե՛րջ։ Իրեն պէս պարզ։ Իրեն պէս անսեթևեթ և վեհ։
Հիմա, որ կը գրեմ իր մասին, մեղաւոր զգացումը համակած է միտքս։ Որքա՜ն ուշացած եմ աշակերտի այս վկայութիւնը յանձնելու թուղթին։ Ինք՝ որ ոչինչ կը յետաձգէր և ճշտապահութեան այդ կանոնը շարունակաբար կը յիշեցնէր մեզի մեր ամէն մէկ քայլափոխին։ Աստուած է վկայ, թէ աշակերտներս որքա՜ն քմայքոտ կրնայինք ըլլալ մեր առօրեայ առաջնահերթութիւնները ճշտելու գործին մէջ։
Անգլերէնի իր դասապահերը լեզուի դասաւանդութեան կողքին — և որպէս անոր անքակտելի մա՛ս – կենսակերպի և վարքուբարքի ձևաւորման աշխատանոցներ էին։ Քրիստոսադէմ այս մարդը, որ բազմաթիւ սերունդներու կեանքին վրայ դրաւ իր անջնջելի դրոշմը, գործեց առաքեալի մը պէս։ Իրմէ մեզի անցածը սոսկ գիտելիք չէր, այլ իսկական մկրտութի՛ւն մը՝ որ մեզ կը հարստացնէր մեր ճեմարանական կեանքի իւրաքանչիւր հանգրուանին վրայ։ Սըրը նեղ իմաստով դասատու մը չէր ։ Ան արժեհամակարգ կերտողն էր։ Զայն փոխանցողն էր։ Զայն քայլ առ քայլ նուիրականացնողն էր։
Ֆրանսական թեքումով ձևաւորուած Ճեմարանի ուսումնական ծրագրին մէջ, բնականօրէն, իրեն տրուած էր համեմատաբար համեստ տեղ մը մեր դասացուցակին վրայ, զոր ինք իմացաւորեց (conceptualize) իւրայատուկ տեսլականով մը — և անխո՛նջ նուիրումով — մեզ բոլորս քայլ առ քայլ գիտակ դարձնելով անգլերէն լեզուի արտայայտչական գանձերուն։ Բայց նաև անցաւ անկէ շատ անդին։ Ան գտաւ ուղին հասնելու մեր սրտերուն։ Ան դարձաւ բոլորիս մեծ եղբայրը։ Դարձաւ բոլորիս անպաշտօն խորհրդատուն։ Մեր առօրեայ կեանքին կնճիռները բացողը, ձգտուած հոգեվիճակները քակողը, աշակերտական փոխ-յարաբերութիւններու քաոսը փարատողը և մեզ ճիշտ ուղիի վրայ դնո՛ղը։
Այժմ երբ կը փորձեմ տալ ուսուցչական իր կենդանագիրը աշակերտական յիշողութիւններու իմ հետզհետէ նօսրացող պարունակէս, մտքիս մէջ կը կենդանանայ իր բարձր հասակը, օքսֆորտեան անգլերէնի հարուստ իր բառապաշարը իր բծախնդիր շեշտադրումներով, իր ազնուական խօսքին ձայներանգներով մեզի հասնող մարդկային արժանավայելչութեան անխաթար վարքագի՛րը (code)։ Մենք բնազդով — և առաջին իսկ վայրկեանէն – հասկցանք, որ ազատօրէն ինքնապարտադիր կարգապահութիւնը (honor code) սրտբաց և հոգեբուխ ակերէ սնուող կենսապայման մըն էր Սըրին համար և համոզուած եմ, որ մեզմէ ոչ ոք խախտեց այդ պայմանը Սըրին հետ իր փոխ-յարաբերութեան ամբողջ տևողութեան ընթացքին։
Ես կը յիշեմ այն առաջին օրը, երբ մեր դասարանի դրան մէջ յայտնուեցաւ ինք համատարած լռութեան մը մէջ բարձրանալով ամպիոն։ Good morning! Հնչեց իր ջերմ և մտերիմ ձայնը։ Կարծեմ մեր միջնակարգ ուսման երրորդ տարին էր (եօթներորդ դասարան) և իր պաշտօնավարութեան առաջին օ՛րը Ճեմարանի մէջ։ Նշան Փալանճեան Ճեմարանի գեղանիստ շէնքի մեծ ու փարթամ դասասենեակներէն մէկն էր և մենք ականջ կտրած կը լսէինք զինք։ Տարի մը առաջ, մենք դուրս եկած էինք Ուատի Ապու Ժեմիլ փողոցի մեր արդէն անբաւարար տարածքէն և այժմ մեր շուրջ կը տարածուէր նախկին Ֆրանսական Ծովակալութեան հրաշագեղ պալատը իր բարձր առաստաղներով, բազմադրուագ դռներով և պատուհաններով և մանաւանդ հեռուէն մեզի հասնող կապտակապոյտ Միջերկրականի լոյսերով։
Պր. Քեհեայեան զաւակն էր Կիլիկիոյ յայտնի ընտանիքներէն՝ Ատանայի Քեհեայեան գերդաստանին։ Դաշտային Կիլիկիոյ լուսեղէն տարածութեան սրտին վրայ անոնք ունեցեր էին իրենց ընտանեկան լայնածաւալ տնտեսութիւնը։ Ցեղասպանութեան տարիներէն ետք, վերստին շնչող հայոց Կիլիկիան կրկին զոհ պիտի դառնար թրքական (այս անգամ՝ Քեմալական) նախայարձակման՝ «հոգատար» Ֆրանսայի իսկ աչքերուն առջև։ Նախճի՛ր՝ որ արմատապէս և միանգամընդմիշտ պիտի ջնջէր Կիլիկեան Հայաստանը աշխարհի երեսէն։ Հաճընի, Մարաշի, Այնթապի և Չորք Մարզուանի (Տէօրթեոլ) հերոսամարտերը – Ֆրանսայի՛ իսկ դաժան մեղսակցութեամբ — անկարող պիտի ըլլային կասեցնելու քեմալական հայաջնջումի ծրագիրը։ Հայկական Կիլիկիոյ ձեռներէցութեան բոյները պիտի չքանային օրերու ընթացքին։ Քեհեայեաններու հարստութենէն մնացեր էր միայն ինք՝ Սփիւռքի մէջ հասակ առած համեստ բայց կորովի մտաւորակա՛նը՝ որուն համար գաղափարներն էին կեդրոնականը։ Այդ առանցքին շուրջն էր, որ կը ձևաւորուէր ամէն ինչ, որ ինքն էր և կը վերածուէր հաւատքի։
Ի տարբերութիւն մեր միւս ուսուցիչներուն, Սըրը Ճեմարան մտաւ հայագիտական պաշարի համեմատաբար համեստ գիտութեամբ։ Առաջին օրն իսկ ան խօսեցաւ մեզի որպէս աւագ եղբայր և ըրաւ մեծ խոստովանութիւն մը։ «Ես եկած եմ հոս ոչ միայն որպէս ուսուցիչ անգլերէնի, այլև որպէս աշակերտ…», ըսաւ ան։ «Ես եկած եմ ձեր կողքին սորվելու…Ես եկած եմ աշակերտելու այն մեծ մարդուն, որ ձեր տնօրէնն է։ Որ մե՛ր տնօրէնն է։ Ես ևս բախտաւոր եմ այժմ, ինչպէս դուք, որպէս Մըստըր Շանթի սանը…»
Ցնցիչ էին իր խօսքերը մեզի համար։ Մենք ակնկալեր էինք ծանր շուքը մեր միւս ուսուցիչներուն և մեր առջև կը գտնէինք մէկ նորատիպ խառնուածք։ I am here to teach you and to learn at the same time…Մենք շուտով պիտի հասկնայինք, որ մեզի հետ մտերմանալու սոսկական լոզունգ մը չէր այս խօսքը։ Ան միշտ եղաւ հեղինակաւոր ուսուցիչ մը Ճեմարանի մէջ և անկեղծ ու խոնարհ սորվող մը միաժամանակ։ Ան տևաբար փնտռեց ակերը մեր պատմութեան և մշակոյթին և երբեք չդադրեցաւ հրապուրուած ըլլալէ մեր ազգային ինքնութեան գաղտնի ուժականութիւններով։
Պր. Քեհեայեան ամուսնացած չէր։ Ան իր կեանքը — մինչև յետին վայրկեանը իր օրերուն — կապեց Ճեմարանին։ Արդէն հաստատուած մէկ անգիր կանոն գոյութիւն ունէր մեր դպրոցին մէջ։ Շանթի, Աղբալեանի, Վրացեանի, Տիկ. Գոհարի, Գիւզալեանի, Սասունիի, Մուշեղ Իշխանի, Գառնիկ Բանեանի, Գառնիկ Թոփալեանի և մեր միւս ուսուցիչներու այս կրթարանը երբեք չունեցաւ վարչական մեծաթիւ անձնակազմ։ Չկա՛ր դիւանակալութիւն (bureaucracy)։ Ճեմարանը հաւատքի մէկ կուռ միաբանութիւն էր գործի իր մեղուաբոյնով։ Իսկ Սըրը այդ մեղուաբոյնի ամենէն ժրաջան մեղուներէն մէկն էր միշտ։ Ան պատրաստ էր իր ուսերուն վերցնելու այնքան պարտականութիւն, որքան գործը կը պահանջէր։ Կը յիշեմ, երբ Պր. Վրացեանի օրերուն վերաբացուեցաւ դպրոցի գիշերօթիկը, Սըրը զայն որդեգրեց որպէս իր հարազատ ընտանիքը։ Հեռաւոր երկիրներէն եկած աշակերտներուն համար ան եղաւ միաժամանակ ծնող, ուսուցիչ, մատակարար, բժիշկ, դաստիարակ, խորհրդատու, ամէն ինչ։ Ամերիկայէն հասնող առաջին սաները – սկսած Ռիչարդ Յովհաննիսեանէն և Արման Քէոսեանէն – Սըրին մէջ գտան իրենց հարազատը։ Հաղորդակցութեան բացսիրտ ճամբա՛ն։
Եւ հակառակ այս ծանրաբեռնուած օրակարգին, Սըրը երբեք չդադրեցաւ սորվող մը ըլլալէ։ Ան կը տիրապետէր ոչ միայն անգլերէն լեզուին, այլև ֆրանսերէնին։ Ասոնք այն տարիներն էին, երբ գոյութիւն ունէր մտաւորական ճոխ բովանդակութիւն աշխարհի առօրեային մէջ և յատկապէս Արևմուտքի։ Սըրը մօտէն կը հետևէր Անգլիոյ, Ֆրանսայի և ԱՄՆ-ի քաղաքական և մտաւորական շարժումներուն։ Ան քաջատեղեակ էր աշխարհի անցուդարձին։ Ան հոգուով և մտքով կ՚ապրէ՛ր մեր դարը և իր ապրումներուն յաճախ բաժնեկից կ՚ընէր նաև մեզ։ Իսկ մենք բախտաւոր սերունդ մըն էինք առանց իսկապէս և լիովին գիտակցելու այդ բանին։ Մենք ժամանակակից էինք Սարթրին, Քամիւին, Մօրիաքին, Քլօտէլին, Հէմինկուէյին, Ֆօքնըրին, Սթայնպէքին, Ճորճ Պերնարտ Շոյին, Սարոյեանին և շատ ուրիշ մեծերու։ Մենք նաև ժամանակակից էինք Այնշտայինին, Օփընհայմըրին, Նեհրուին, բայց նաև ՝ Պաղ Պատերազմին, հիւլէական ռումբի՛ն։ Սըրին ձեռքերուն մէջ էր, որ ես առաջին անգամ տեսայ Սարթրի «Լ՚Etre et le Neant»ը և Անգլիոյ New Statesman-ի համարները։ Իրմէ էր, որ փոխ առի «New Left Review»-ի այդ տարուան վերջին համարը…
Լիբանանի ամառը մեծ բարիք մըն էր մեր ուսուցիչներուն համար, երբ ուսուցչական ասպարէզի ամէնօրեայ ճնշումը, մասամբ գէթ, կը պակսէր իրենց ուսերէն և իրենք կը յաջողէին ժամանակ տրամադրել հանգիստի և անձնական ծրագիրներու։ Լիբանանի գիւղերը իրենց չքնաղ առօրեայով կազդոյրի օրրան մըն էին մեծ թիւով հայ ընտանիքներու։ Նաև մեր ուսուցիչներո՛ւն։ Սըրը կը նախընտրէր քաղաքէն և դպրոցէն չհեռանալ։ Բայց այդ տարի – բացառապէս տաք ամա՛ռ մը – ան ի վերջոյ համոզուեցաւ դուրս գալ Պէյրութէն և բարեկամներու թելադրանքով որոշեց արձակուրդը անցընել Լեռնալիբանանի չքնաղատեսիլ մէկ անկիւնը՝ Մէյրուպա գիւղին մէջ։ Գիւղին ծայրամասը, խնձորենիներու մտերմութեան մէջ, գեղեցիկ հովիտի լոյսերով ողողուած խրճիթ մըն էր ընտրածը։ Վերադարձաւ ուրախ՝ պատմելով իր այս գիւտին մասին։ Կը պատրաստուէր երեք օրէն ճամբայ ելլել ամրան ամիսները հոն անցընելու հրաշալի հեռանկարով…Պատրաստեր էր մօտ տասը գիրք որպէս իր արձակուրդային ընթերցումներու փաթեթը։ Առաջինը դէզին վրայ Սարթրի «Le Diable et Le Bon Dieu» հատորն էր։ Գնաց։
Եւ սակայն վերադարձաւ նոյն օրն իսկ…Շշմեր էինք զինք ճամբու դնողներս և կը խուսափէինք հարցնելէ։ Իսկ իր դէմքը մռայլ էր։ Մռայլ բայց զո՛ւսպ։ Ի վերջոյ յստակացաւ եղելութիւնը։ Բա՛ն մը՝ որ միայն Սըրին կրնար պատահիլ…Պատմութիւնը հետևեալն էր։ Սըրը կը հասնի Մէյրուպա իր համեստ ճամպրուկով։ Կը հասնի ծայրամասի «իր տունը» և յանկարծ կը մնայ ապշած։ Պուրճ Համուտի մեր արհեստաւոր տղոցմէ մէկը իր ընտանիքով եկած և տեղաւորուած էր Սըրին տան մէջ…Ետ ու առաջ հարցուփո՞րձ։ Կը պարզուի, որ տանտիրոջ և իր եղբօր միջև թիւրիմացութիւն մը պատճառ դարձած էր կրկնակի վարձակալութեան։ Ստացագրերը ցոյց կու տան, որ նախապատւութիւնը կը պատկանի Սըրին… և յամենայն դէպս երիտասարդ տղան (ինքն ալ ցնցուած այս անախորժ անակնկալէն) պատրաստ է ի յարգանս Սըրին դատարկելու տունը՝ միաժամանակ իր բարկութիւնը թափելով տանտիրոջ վրայ…Սըրը արաբերէն չէր գիտեր և դժուարաւ կը հետևի խօսակցութեան, բայց Սըրը Սը՛րն է և գիտէ զգալ կեանքը իր էութեամբ։ Սըրը բացարձակապէս կը մերժէ առաջարկը։ «Երեք անուշիկ երեխաներ կը վազվզէին շուրջս։ Մարտիրոս, ըսի, տեղէդ չշարժիս։ Ես գացի։ Վայելեցէք ամառը…»
Յիսունական տարիներուն էր, որ Սըրը յանկարծ որոշեց անձամբ պայքարի ելլել Թուրք Պետութեան դէմ և այդ մէկը ընել նոր ժամանակներու իրաւագիտակցութեան հողին վրայ։ Աշխարհով մէկ շարունակաբար կը ծանուցուէր այդ տարիներուն, որ Թուրքիան այլևս երբեմնի Թուրքիան չէ՜ր։ Արևմտեան քարոզչութիւնը կ՚ուզէր հաւատացնել, որ ան արդիականացա՜ծ էր։ Ան այժմ կը պատկանէր յետ-պատերազմեան նոր աշխարհակարգին և «ազատ աշխարհ»ի իրաւախոհութեան մշակոյթին…
Սըրը որոշեց համաշխարհային նոր օրինականութեան այս բեմին վրայ անձամբ հաշուի նստիլ Թուրքիոյ հետ և պաշտօնապէս պահանջել Կիլիկիոյ իրենց ընտանեկան կալուածներու վերադարձը …Սըրին դատական գործի մանրամասնութիւններուն ծանօթ չեմ նոյնիսկ այսօր, բայց իր գրեթէ պատանեկան ոգևորութիւնը շատ լաւ կը յիշեմ։ Նոյնիսկ մեր այդ տարիքին, ես և քանի մը ընկերներս կ՚ըզգայինք, որ չափազանցուած էին իր ակնկալութիւնները դատական այս գործընթացէն։ Բայց ինք անբուժելի լաւատես մըն էր և իր հաւատքով կրնար վարակել իր շրջապատը։ Վարակեց նաև մե՛զ։ Գիտէինք, թէ Սըրը ունևոր մը չէր և այս դժուարին նախաձեռնութեան կը դիմէր իր դժուարաւ շահուած խնայողութիւններու հաշւոյն։ Որոշած էր գործը հետապնդել մինչև վերջ և Թուրք Պետութենէն ետ առնուելիք իր հարստութեամբ հաստատել պահանջատիրական հիմնադրամ մը…
Սըրը հետապնդեց իր այս դատը մինչև վերջ և ի վերջոյ ինքզինք գտաւ Թուրքիոյ նոր «օրինակարգ»ի փակուղիներուն մէջ։ Փակուղինե՛ր՝ որոնք ձևաւորուած էին թրքական խորամանկութեան բոլոր գործիքներով։ Պարզուեցաւ, որ հնարաւոր չէր շահիլ այս դատը որևէ փաստարկով և որևէ պատճառաբանութեամբ։ Վճի՞ռը…Մօտաւորապէս այսպիսի բան մըն էր իր իսկ նկարագրութեամբ՝ «Մր. Քեհեայեան, Թուրքիոյ այսինչ թիւ օրէնքին համաձայն դուք իրաւունք ունիք վերատիրանալու ձեր ընտանիքի ունեցուածքին, բայց այնինչ թիւ օրէնքին տրամադրութիւններով…» Անխուսափելի բա՛յցը…Բայցե՛րը։ Թուրք իշխանութիւնը – արդէն վաղո՜ւց — «օրինական» մեծ պատուար մը բարձրացուցած էր Սըրին առջև և ի սկզբանէ ապահոված ինքզինք։ Պատմութեան շարունակութեան ծանօթ չեմ։ Կարծեմ Սըրը մերժեց ընդունիլ վճիռը և դիմեց Վերաքննիչ Ատեան։ Գիտեմ, թէ ան յաճախ կը շեշտէր, թէ իր դատական գործը ազգին համար մեծ տեղեկութիւն կը պարունակէր և թէ ասիկա շատ կարևոր սկիզբ մըն էր հայութեան ապագայ պահանջատիրական գործին համար։ Փաստը, սակայն, այն էր, որ Սըրին պահանջները մնացին չհատուցուած։ Բայց ան երբեք չընկրկեցաւ։
Լևոն Շանթի մահէն ետք (1951), դպրոցը կը գործէր նոր ծրագրով։ Պր. Վրացեան թէ՛ շարունակողն էր Շանթի և Աղբալեանի մանկավարժական և գաղափարական աւանդներուն և թէ՛ մեր կրթական կեանքը նոր մտածողութեամբ օժտո՛ղը։ Նոր թափ առած էր նաև մեր արտադասարանային գործունէութիւնը։ Լսարանական Միութիւնն ու «Ջահակիր» հանդէսը նոր եռուզեռի մէջ էին։ Վերջինս արդէն լոյս կը տեսնէր տպագիր…
Ի դէպ այսօրուան ընթերցողին համար երևի անհասկնալի թուի այս փաստը։ Այսօր, մեր պատանի թոռները կը տիրապետեն այնքան խոր համակարգչային և առցանց կարողականութեան, որքան անհնարին էր երազել 1954-ի պետական համակարգերուն։ Հին օրերէն հաստատուած (եւ երևի մեր յեղափոխական օրգանները յիշեցնող ոգևորութեամբ) կանոն մը կար, որ կը պահանջէր, որ «Ջահակիր»ը ըլլար խմորատիպ (և աւելի ետք՝ սթենսիլ) և լոյս աշխարհ գար ամբողջութեամբ և միայն լսարանականներու քրտինքով… (Թոյլ տուէք, որ չբացատրեմ Նոյեան ժամանակներէն մեզի հասած խմորատիպն ու սթենսիլը…)։
Յստակացման սիրոյն, ըսեմ, որ Ճեմարանի վերջին երեք կարգերը կը կոչուէին լսարաններ (Ա, Բ և Գ)։ Սկզբունքով, լսարանական ուսումը տարբեր էր վարի կարգերէն։ Նիւթերու ուսուցումը շատ աւելի խորքային էր հոն և աւելի պահանջկոտ և աւելի բազմակողմանի։ Այդպէս եղած էր հին օրերուն, երբ Լևոն Շանթի և Նիկոլ Աղբալեանի կրթական մտատեսիլով կ՚առաջնորդուէր աշխատանքը։ Ան կարևոր չափով մը փոխուեցաւ, երբ դպրոցը հետզհետէ աւելի շեշտակիօրէն ընդունեց Ֆրանսական Պաքալորէայի ծրագիրը։ Բայց նոյնիսկ այդ բանէն ետք, լսարանական կարգերու մթնոլորտը մնաց նոյնը։
Լևոն Շանթի մահէն ետք, դպրոցի նոր տնօրէնին՝ Պր. Վրացեանի օրով կեանքի կոչուած «Ջահակիր»ի խմբագրական կազմին մէջ էի նաև ես։ Կը յիշեմ, որ «Ջահակիր»ի մեր խմբակը Գ. Լսարանի մեր ընկերոջ՝ Սարգիս Զէյթլեանի առաջարկով որոշեց հանդէսին յաջորդ համարը նուիրել Շանթի կեանքին ու գործին։ Տնօրէնութեան կողմէ մեր խորհրդատուն էր Սըրը։ Եւ համարին այս յատուկ բնոյթը նկատի առնելով, միաձայնութեամբ որոշեցինք համարը ի լոյս ընծայել – ի՜նչ գայթակղութիւն – տպագիր, որուն համար պէտք էր ունենայինք համապատասխան պիւտճէ…Դարձանք Սըրին։ Սըրին պատասխանն էր՝ «Սկզբունքով՝ համաձայն եմ։ Indeed!» Եւ սակայն աւելցուց՝ «Բայց ատիկա կը հակասէ Պր. Շանթի հաստատած կանոնին…Թոյլ տուէք մտածեմ։» Սըրին համար «մտածել»ը գործել կը նշանակէր։ Յաջորդ օրն իսկ, Սըրին առաջնորդութեամբ մեր խմբագրական ամբողջ կազմը ընդունուեցաւ Պր. Վրացեանին կողմէ։
Ներս մտնելէ ետք զգացինք, որ Պր. Վրացեանի գրասենեակին մէջ դեռ կար կենդանի շունչը Լևոն Շանթին…Պր. Վրացեանին ծանր շուքը աւելի ևս կը շեշտէր այդ փաստը։ Բարեբախտաբար Սըրին նախապատրաստական «դիւանագիտութիւն»ը շատ բան դիւրացուցած էր։ Առաջին խօսողը Պր. Տնօրէնն էր։ «Պր. Քեհեայեանն ասել է ինձ Խմբագրական Կազմիդ ցանկութեան մասին», ըսաւ ան և հրաւիրեց, որ պատճառաբանենք մեր «ցանկութիւն»ը, իսկ մենք լռելեայն դարձանք Սարգիսին…առանց նախապէս համաձայնած ըլլալու, որ ինք պիտի ըլլար մեր խօսնակը։ Եւ Սարգիսը խօսեցաւ այն վճռական շեշտերով, որ յատուկ էր Սարգիսին դեռ այդ օրերուն…Պր. Վրացեանը լսեց ուշադիր և յետոյ հարցուց բոլորիս, թէ արդեօ՞ք ունէինք յաւելեալ «ասելիք»։ Խօսեցանք նաև միւսներս։ Յայտնեցինք մեր ամբողջական համամտութիւնը։ Կարգը Սըրինն էր։ Սըրը ևս յայտնեց իր համամտութիւնը, բայց յիշեցուց, որ մեր որոշումը ըստ էութեան կը հակասէր Լևոն Շանթի հաստատած աւանդութեան…Պր. Վրացեանի վերջին խօսքն էր իր սակաւախօս սրամտութեամբ՝ «Թողէք, որ ես խօսեմ իմ աւագ ընկերոջ հետ…իսկ դուք լծուէք գործի»։
Մենք լծուեցա՛նք։ Շաբաթներու քաոսային աշխատանքէն ետք, համարը յանձնեցինք Համազգայինի տպարանը, որ կը գտնուէր դպրոցի տարածքէն ներս, մեծ դարպասի անմիջապէս աջին (ուր յետագային պիտի բարձրանար «Վասպուրական Սրահ»ի շէնքը)։ Եթէ յիշողութիւնս ճիշտ է, այդ օրերուն տպարանի պատասխանատուն էր հին ճեմարանական՝ Պարգև Շիրինեանը, որ շատ սերտօրէն աշխատած էր Լևոն Շանթին հետ անոր կեանքի վերջին ամիսներուն։ Պարգևը յատուկ խանդաղատանքով յանձն առաւ փաթեթը և անձամբ հսկեց համարի տպագրական գործին մինչև որ ան լո՜յս տեսաւ և հասաւ մեր ձեռքերուն փուռէն նոր դուրս եկած հացի պէս։ Պիտի ըսեմ, որ մենք նաև բախտաւոր էինք մեզի խմբագրական խորհրդատու ունենալով Պր. Մուշեղը (Մ. Իշխան), որ մեծ փափկանկատութեամբ և «ոտքի վրայ» կը յայտնուէր մեր խմբագրական նիստերուն առանց միջամտելու մեր քննարկումներուն և հեռուէ հեռու կը փոխանցէր իր թելադրութիւնները։
Սըրը ուզեց, որ «Ջահակիր»ի այս բացառիկին առաջին օրինակը խմբովին յանձնէինք Պր. Վրացեանին։ Կը յիշեմ Սըրին ոգևորութիւնը, երբ կը բարձրանայինք սանդուխներէն։ Պր. Վրացեան ընդունեց մեզ մեծ ջերմութեամբ, որ արտայայտութիւն կը գտնէր իր լռակեաց և ծանրախոհ ժպիտով։ Շնորհաւորեց մեզ, նստաւ իր բազկաթոռին և լուռ թերթեց համարը։ Յետոյ բարձրացուց գլուխը և տուաւ իր խիտ և տոկուն գնահատականը՝ «Լա՛ւն է…»։ Բառերով ժուժկալ մեր մեծ ուսուցիչը աւելին ըսելու պէտք չունէր։ Իր ամբողջ անձնաւորութիւնը կը ճառագայթէր ուրախութեամբ։
Յաճախ մտածած եմ, թէ ի՞նչ ճակատագիր ունեցած են տարիներու ընթացքին լոյս տեսած «Ջահակիր»ի թիւերը։ Արդեօ՞ք վերապրած են անոնք տեղ մը, մէկու մը գրադարանին մէջ։ Արդեօ՞ք գոյութիւն ունի անոր հաւաքածոն Ճեմարանի պահոցներուն մէջ։ Տարիներ առաջ, Ուաշինկթընի ՀՅԴ Սեպուհ Կոմիտէութենէն իմ լուսահոգի ընկերը՝ Հայկ Կաքաւեան «Ջահակիր»ի քանի մը համարներ փոխանցեց ինծի։ Ամզուգական նուէր մըն էր, զոր յուզումի ալիքներով ընդունեցի այդ պահուն։ Մեր օրերու համարները չէին և սակայն անոնց համեստ էջերը կը խօսէին մեծ յիշատակներով։ Յիշեցի յատկապէս Սըրը և իր հրաշալի խանդավառութիւնը մեր իւրաքանչիւր քայլափոխին։
Սըրին հետ կապուած մանրավէպերու ամբողջ հարստութիւն մը գոյութիւն ունի, որ կը մնայ անգիր մեր բոլորին յիշողութեան մէջ։ Մեր սերունդի ճեմարանականներու հանդիպումները աշխարհի անսպասելի ուղիներուն վրայ, տարիներու ընթացքին, առիթներ հանդիսացած են այդ յիշողութիւնները կրկին ու կրկին ոգեկոչելու։ Միշտ ալ նկատած եմ, որ Սըրը կը շարունակէր ապրիլ մեր մէջ, ինչպէս՝ մենք իրեն։
Սըրը բարութեան խորհրդանիշն էր մեր կեանքին մէջ։ Ազնուութեան, պարկեշտութեան, վեհանձնութեան խաչակիրն էր ան իր համեստ կենսակերպի բոլոր դրսևորումներով։ Անհամար են իր անձնական բարեգործութիւնները, որոնք երբեք անուն չեն ունեցած և չունին։ Տարիներու ընթացքին — և յետ մահու միայն – կրցեր եմ բացայայտել այդ պարագաներէն շատերը և շշմեր…Հազուագիւտ են Սըրին պէս մարդիկ։ Կեանքը պէտք է շատ ունենայ այս հարստութենէն և դժբախտաբար միշտ չէ, որ ունի։ Անոնք երևի ստեղծուած են, որպէսզի զգանք մարդ արարածին իսկական մեծութիւնը և ամէն ճիգ ընենք հասնելու այդ մեծութեան։ Ստեղծուած են, որպէսզի մենք՝ ինքնե՛րս կարողանանք նուաճել այդ չափանիշները։ Նուաճել զմե՛զ։ «Մինչև հոս ես կրնայի բերել ձեզ. մինչև հոս կարելի է բերել մարդը, բայց հոսկէ անդին…հոսկէ անդին մարդ ի՛նքը պիտի երթայ…», կ՚ըսէ Լևոն Շանթի Վանահայրը։ «Հին Աստոււածներ»ու այս տողերը միշտ կը յիշեմ, երբ կը յիշեմ Սըրին անմոռանալի կերպարը իր ամէնօրեայ հևքին մէջ։
Երբ ան ի վերջոյ յօժարեցաւ հանգստեան կոչուիլ, որոշեց ճամբորդութիւն մը ընել դէպի Ամերիկա և գտնել հետքերը իր ցանած հունտերուն։ Ըսեմ, որ ան համեմատաբար երկար կեանք ունեցաւ և իր աչքերով տեսաւ Արևմտեան Պէյրութի մեր շքեղ ոստանին – և դպրոցի՛ն — անշքացումը Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի բովին մէջ։ Այդ հրաշալի համալիրին մէջն էր, որ ինք ծառայեց հայակրթութեան որպէս անխոնջ մշակ։ Նախ Լևոն Շանթի (Աղբալեանը արդէն մահացած էր, երբ Սըրը եկաւ Ճեմարան), ապա Սիմոն Վրացեանի և ի վերջոյ Հրաչ Տասնապետեանի առաջնորդութեամբ, ան մաս կազմեց մեր ուսուցիչներու մատեան գունդին և պատուով աւարտեց իր առաքելութիւնը։
Նիւ Եորքի մէջ, Սըրը հիւրն էր (այլոց կարգին) նաև մեր ընկերներէն՝ Վարդան Գրիգորեանին, որ կարծեմ Նիւ Եորքի Հանրային Մատենադարան (New York Public Library) հեղինակաւոր հասատատութեան Նախագահն էր այդ օրերուն։ Վարդանը հրաւիրուած էր ԱՄՆ-ի Նախագահական Պալատ (Սպիտակ Տուն) յատուկ հանդիպման մը և իր այդ ժամադրութիւնը կը զուգադիպէր Սըրին այցելութեան օրերուն։ Վարդանին առաջարկն էր, որ Սըրը ընկերանար իրեն դէպի Ուաշինկթըն Սպիտակ Տան շրջագայութիւնը ընելու։ Կ՚ուզէր նաև իր հիւրընկալ՝ ԱՄՆի Նախագահին ծանօթացնել իր ուսուցիչը…Եւ մեծ եղաւ Վարդանին յուսախաբութիւնը, երբ Սըրը բացարձակապէս մերժեց այս բացառիկ պատիւը։ Վարդանին թախանձագին պնդումները պարզապէս արդիւնք չտուին։ Սըրը մէկ պատասխան ունէր։ «Ես լիովին վարձատրուած եմ, որ իմ աշակերտս հրաւիրուած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահին հետ տեսակցելու…» (I am fully rewarded by the fact that my pupil is invited to meet with the President of the United States of America.) «Սպիտակ Տունը ձեր տեղն է, իմս չէ։ Տէր ընդ ձեզ։» (The White House is YOUR place. Not mine. Godspeed!)
Վարդանը խնդրեց, որ իր բացակայութեան ԱՄՆ-ի մայրաքաղաքի ճեմարանականներս հանդիպում կազմակերպէինք Սըրին հետ։ Ունէինք քանի մը շատ թանկագին ժամեր մեր աննման ուսուցչին հետ։ Վրէժուհին և ես փութացինք Սպիտակ Տան կողքին գտնուող Ուիլըրտ Հիւրանոցը։ Ուզեց, որ ելլէինք իր համարը։ Տասնամեակներու կարօտը կար մեր ողջագուրման լուռ վայրկեանին մէջ։ Եւ թուեցաւ, որ մեր խօսակցութիւնը շարունակուեցաւ ճիշտ այն կէտէն, ուր ան ընդհատուած էր, տարիներ առաջ, Ճեմարանի մեծ դարպասին առջև…Նկատեցի, որ սեղանին վրայ էր Տէյվիտ Լոյտ Ճորճի «Պատերազմի Յուշեր»ու հատորը…Յափշտակութեամբ խլեցի թերթատելու համար։ Վարդանին գրադարանէ՞ն էր։ Ոչ, ըսաւ, հետս բերի. ճամբան կարդալու համար…Գրքեր կան, որոնք պէտք է կարդացուին քանի մը անգամ, ըսաւ։ «Պատճառ մը կար, որ իրենց զրահանաւերը չէին կրնար մեր լեռները բարձրանալ…», ըսաւ։ Մենք դեռ շատ բան ունինք սորվելու…աւելցուց։
Ճեմարանականներու փոքրիկ մեր խումբը, այդ իրիկուն, բոլորուեցաւ մեր տան ճաշասեղանին շուրջ։ Սըրին բարձր հասակը նոյն պատկառելի տեսքը ունէր և ձայնը՝ նոյն ազնիւ ու ինքնավստահ շե՛շտը։ Հակառակ քաղաքացիական պատերազմի մեծ վերիվայրումներուն՝ ան պահպանած էր իր թարմ և անուշ սրամտութիւնը։ Ուզեց գիտնալ, թէ ո՞ւր հասած էր մեզմէ ամէն մէկը։ Հետաքրքրուեցաւ մեր այլ ճեմարանական ընկերներով և ընկերուհիներով։ Նկատեցի, որ «գաղտնօրէն» կը հետևէր մեր անգլերէն խօսակցականի որակին…Նոյնիսկ ըրաւ քանի մը քերականական յիշեցումներ…պոռթկուն քաշքշուքներու տեղի տալով։ Յանկարծ կրկին Ճեմարա՛նն էր այդ իրիկուն։ Անկեղծ, սրտբաց, հարազատ, խանդավառ, եռուն, ճառագայթող։ Ոչ ոք մտածեց, որ այս մէկը մեր վերջին հանդիպումն էր Սըրին հետ։
Յարգա՜նք իր յիշատակին։
Փետրուար 3, 2025