Յարութ Սասունեան
Ցիւրիխի մէջ խումբ մը զուիցերիահայերու հետ հանդիպումին ընթացքին վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի՝ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերուն մասին անտեղի հարցումներ բարձրացնելու խայտառակ փորձէն ի վեր, ան եւ անոր կոյր հետեւորդները կը փորձեն արդարացնել իրեն ամօթալի յայտարարութիւնները։
Փաշինեան զուիցերիահայ խումբին դիմաց ամենայն անտարբերութեամբ ըսաւ.«Մենք Հայոց ցեղասպանութեան պատմութեանն էլ պէտք է վերադառնանք: Պէտք է հասկանանք` լա՛ւ, ի՞նչ է տեղի ունեցել եւ ինչո՞ւ է տեղի ունեցել»։ Ցնցիչ է, որ Հայոց ցեղասպանութենէն 110 տարի ետք Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետը կը ձեւացնէ, թէ չի գիտեր` «Ի՞նչ է տեղի ունեցել եւ ինչո՞ւ»: Չեմ կարծեր, թէ պատճառը անոր գիտելիքներու պակասն է։ Ան շատ լաւ գիտէ, թէ ի՛նչ կ՛ըսէ եւ ինչո՛ւ:
Ան շարունակեց` աւելի շինծու հարցումներ ուղղելով. «Ինչպէ՞ս ենք մենք դա ընկալել, ո՞ւմ միջոցով ենք ընկալել, ո՞նց է, որ 1939 թուին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ չի եղել, եւ ո՞նց է, որ 1950-ին Հայոց ցեղասպանութեան օրակարգ յայտնուել է»: Փաշինեանին պէտք է ըսել, որ 1950-էն եւ 1939-էն շատ առաջ, տակաւին 1921-ին Ամենայն Հայոց Գէորգ Է. Սուրէնեանց կաթողիկոս Ապրիլ 24-ը սահմանեց իբրեւ «Մեծ Եղեռնի զոհերու յիշատակի օր»:
Փաշինեան անցեալին եւս նման կասկածելի յայտարարութիւններ կատարած է: Հանրութիւնը շփոթի մատնելու համար ան պարբերաբար կը հերքէ իր նախորդ յայտարարութիւնները եւ կը պնդէ, որ զինք սխալ հասկցած են: Քանի մը բան հաստատ է. ազրպէյճանցիներն ու թուրքերը ցնծութեան մէջ են, որ Հայաստանի վարչապետը համաձայն է անոնց՝ «Ցեղասպանութիւնը կասկածի տակ դնելու մէջ»:
Փաշինեանը արդարօրէն դատապարտեցին ամբողջ աշխարհի նշանաւոր հայերն ու կազմակերպութիւնները: Ան խիստ քննադատութեան ենթարկուեցաւ Գարեգին Բ. Եւ Արամ Ա. կաթողիկոսներուն, տարբեր պատմաբաններու եւ Հայոց ցեղասպանութեան հարցերով մասնագէտներու, Լեմքինի հիմնարկին եւ Զուիցերիոյ, Պելճիքայի ու Հայաստանի հայկական կազմակերպութիւններուն կողմէ։
Նկատի ունենալով այն հանգամանքը, որ Փաշինեան անարգած է հայ ժողովուրդին բոլոր սրբազան խորհրդանիշները` Արարատէն մինչեւ Հայաստանի զինանշանը, եւ բազմիցս պնդած, որ Հայոց ցեղասպանութեան ոգեկոչումը դրսեւորուած է արտաքին ուժերու կողմէ` նկատի ունենալով Խորհրդային Միութիւնը, ան ընդհուպ մօտեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան փաստերու ժխտման, որ Հայաստանի մէջ կը նկատուի յանցագործութիւն, եւ որուն համար կը տրուի 2-5 տարուան բանտարկութեան պատիժ:
Փաշինեանի յայտարարութիւնը, թէ ինչո՛ւ Հայոց ցեղասպանութիւնը 1939 թուականին օրակարգի վրայ չէ եղած, եւ որ անիկա օրակարգի վրայ յայտնուած է միայն 1950 թուականին, շատ պարզ բացատրութիւն ունի: Դաւադրական տեսութիւններու կարիք չկայ։ Տապալումէն ետք Ստալինի բռնատիրական վարչակարգին, որ կը պատժէր ազգայնականութեան դրսեւորումները բանտարկութեամբ, աքսորով եւ նոյնիսկ մահապատիժով, ճնշիչ միջավայրը սկսաւ աստիճանաբար մեղմանալ, ինչ որ կարելիութիւն ընծայեց Խորհրդային Հայաստանի մէջ Սարդարապատի եւ Հայոց ցեղասպանութեան յուշահամալիրները կառուցելու:
Միեւնոյն ժամանակ, ինչպէս 1939 թուականէն առաջ, այնպէս ալ 1950-էն ետք սփիւռքահայերը ոգեկոչած են Հայոց ցեղասպանութիւնը` Թուրքիայէն պահանջելով ճանչնալ զայն եւ վերադարձնել բռնագրաւուած Արեւմտեան Հայաստանը: 1940-ականներու աւարտին ՄԱԿ-ին եւ գերտիրութիւններուն ներկայացուեցան յուշագիրներ եւ միջնորդութիւններ: Տասնեակ հազարաւոր հայեր բողոքի ցոյցեր կատարեցին Միջին Արեւելքի, Եւրոպայի եւ Ամերիկայի տարբեր քաղաքներուն մէջ` պահանջելով իրենց պատմական իրաւունքները:
2009 թուականի օգոստոս 20-ին Փաշինեան յօդուած մը գրած է «Բանտային օրագիրը. ցեղասպանութեան մեխանիկա» վերնագիրով եւ նախորդ շաբաթ ալ զայն կրկին հրապարակեց Դիմատետրի իր էջին վրայ. «Հայ աւանդական մտածողութիւնը «ցեղասպանութիւն» հասկացութիւնը նոյնացնում է «թուրքի», այսինքն` թշնամու, արտաքին աշխարհի թշնամական գործողութիւնների հետ: Նոր հայաստանեան մտածողութիւնը երեւոյթը փորձում է ընկալել ինքնահայեցման միջոցով, փորձում է ընկալել երեւոյթի ներքին պատճառները, որ թաքնուած են ցեղասպանուած ժողովրդի, այսինքն` մեր իսկ մտածողութեան հիմքում»: Շատ տարօրինակ է, որ Փաշինեան ցեղասպանութեան մեղքը կը բեռցնէ զոհերուն վրայ:
Կ՛ուզեմ Փաշինեանին ուշադրութիւնը հրաւիրել երկու առանցքային փաստաթուղթերու.
1) Հայաստանի Խորհրդային Հհանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդին կողմէ 22 նոյեմբեր 1988-ին որդեգրուած օրէնքը. մենք «դատապարտում ենք 1915 թուականին օսմանեան Թուրքիայում հայերի ցեղասպանութիւնը որպէս մարդկութեան դէմ ուղղուած ծանրագոյն յանցագործութիւն, եւ Ապրիլի 24-ը յայտարարում հայերի ցեղասպանութեան գոհերի յիշատակի օր»:
2) Հայաստանի քրէական օրէնսգիրքի 136-րդ յօդուածը․ «Ցեղասպանութիւնը կամ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հրապարակայնօրէն հերքելը,
արդարացնելը, դրանք քարոզելը կամ դրանց վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը․
«ա/ Ցեղասպանութիւնը կամ մարդկութեան դէմ ուղղուած յանցագործութիւնները հրապարակայնօրէն հերքելը, արդարացնելը, դրանք քարոզելը կամ դրանց վտանգաւորութիւնը նսեմացնելը, եթէ դա կատարուել է ռասայական (ցեղապաշտական) պատկանելութեան, մաշկի գոյնի, ազգային կամ էթնիկ (ցեղային) ծագման կամ կրօնական պատկանելութեան հիման վրայ` անձի կամ անձանց խմբի նկատմամբ ատելութիւն, խտրականութիւն կամ բռնութիւն հրահրելու նպատակով` պատժւում է տուգանքով` քսանապատիկից քառասնապատիկի չափով, կամ հանրային աշխատանքներով` հարիւր յիսունից երկու հարիւր յիսուն ժամ տեւողութեամբ, կամ ազատութեան սահմանափակմամբ` առաւելագոյնը երեք տարի ժամկէտով, կամ կարճաժամկէտ ազատազրկմամբ` մէկից երկու ամիս ժամկէտով, կամ ազատազրկմամբ` առաւելագոյնը չորս տարի ժամկէտով:
բ/ Սոյն յօդուածի «ա» մասով նախատեսուած արարքը, որը կատարուել է`
«- հրապարակայնօրէն ցուցադրուող ստեղծագործութիւններով, զանգուածային լրատուութեան միջոցներով կամ տեղեկատուական կամ հաղորդակցական տեխնոլոգիաներն (արհեստագիտութիւնը) օգտագործելով
«- իշխանական կամ ծառայողական լիազօրութիւնները կամ դրանցով պայմանաւորուած ազդեցութիւնն օգտագործելով` պատժւում է ազատազրկմամբ` երկուսից հինգ տարի ժամկէտով»:
Ցաւօք, Փաշինեանի յայտարարութիւնները նոյնանման են Թուրքիոյ կառավարութեան ժխտողական ռազմավարութեան: Թուրքերը համանման հարցեր կը բարձրացնեն` կասկածի տակ դնելու համար Հայոց ցեղասպանութեան ճշմարտացիութիւնը:
Քանի որ Հայաստանի դատական համակարգը ներկայիս կը գտնուի Փաշինեանի վերահսկողութեան տակ, ոչ մէկ դատաւոր կը համարձակի զայն մեղաւոր նկատել: Բայց երբ ան այլեւս իշխանութեան ղեկին չըլլայ, անկախ դատաւորը զայն պիտի պատժէ ցեղասպանութեան ժխտման վերաբերող օրէնքը խախտելուն համար: