Կարօ Արմենեան
Տարիներ առաջ, ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովի բեմէն Նախ. Որդի Պուշ կը քննադատէր Ֆրանսան և քանի մը այլ ԵՄ-եան անդամ երկիրներ Թուրքիոյ անդամակցութեան նկատմամբ խստապահանջ քաղաքականութիւն որդեգրած ըլլալնուն համար։ Որուն հետևելով Արևելեան Եւրոպայի նորանդամ երկիրներէն մէկը յանկարծ հանդէս կու գար ձայնակցելով ԱՄՆ-ի նախագահին…
Կարծեմ այդ նոյն օրն էր, որ Նիւ Եորք կը ժամանէր նաև Ֆրանսայի նախագահը՝ Ժաք Շիրաք օդակայանին մէջ իսկ շրջապատուելով մամլոյ թղթակիցներէն։ Հարցո՛ւմ ՝ «Պր. Նախագահ, Ի՞նչ է ձեր կարծիքը Նախ. Պուշին ձայնակցող երկրի ելոյթին մասին…» Պատասխան՝ «Կը կարծեմ, թէ յիշեալ երկրի Նախագահը մեծ պատեհութիւն մը կորսնցուց լռելու…»
Ժաք Շիրաքի այս դիպուկ պատասխանը յիշեցի, երբ աչքէ կ՚անցընէի Պր. Փաշինեանի զուիցերական վերջին գոհարները։ Յատկապէս Արևմտահայերէնի մասին իր յայտնագործումները…Պատասխանելով հարցումի մը՝ Պր. Վարչապետը կը փութար Արևմտահայ մեր գրական լեզուաճիւղը հաւասարեցնելու Իջևանի բարբառին…որ այսօր դադրած է գոյութիւն ունենալէ ինչպէս շատ մը այլ բարբառներ։ Իրեն համար այս մէկը բնական պրոցէս էր։
Արևմտահայերէնն ալ այլ բան չէր, եթէ ոչ՝ բարբա՛ռ մը իր անխուսափելի ճակատագրով։ Այս բառերը իմս են և սակայն ոգին այս թեթեւամիտ և անիրազեկ ելոյթներուն դժբախտաբար իրն են։ Եւ որքա՜ն եպերելի։
Այո՛, տեղ մը միջազգային հարցախոյզի մը տուեալներով հրապարակուած է այն տեսակէտը, որ Արևմտահայերէնը վտանգուած լեզուներու շարքին կը դասուի։ Եւ անշուշտ լուրջ տուեալներ կան այս ուղղութեամբ մտահոգուելու և գործի լծուելու։ Այպանելին ՀՀ Վարչապետին թութակաբանութիւնն է։ Փոխանակ հրապարակաւ դրօշ պարզելու և տէր կանգնելու մեր ազգային այս մեծ հարստութեան, փոխանակ հաստատակամօրէն յայտարարելո՛ւ՝ որ հարցախոյզները չեն, որ պիտի ճշտեն մեր լեզուական զինարանի ճակատագիրը, ՀՀ Վարչապետը կը միանայ դասալքութեան թէզերուն։
Լեզո՛ւ մը՝ որ հզօրագոյն աւիշներով վերապրած է թշնամիին հինգ ցեղասպանական եղեռնագործութիւններէն և կերտած սերունդներ, տոկացած համաշխարհային պատերազմներու աւերին և ստեղծած աշխարհի ամեէն հզօր գրականութիւններէն մէկը (շատ մը ձևերով՝ աւելի հզօր քան պետականը) և այսօր իսկ կ՚աճի նոր և հզօր ղօղանջներով, ինչպէ՞ս կը խուսափի ՀՀ Վարչապետին ուշադրութենէն։ Ինչպէ՞ս ան օր-ցերեկով կը լքուի։ Եւ Եւրոպայի իսկ սրտին վրայ՝ ուր մեր ժողովուրդը պէտք ունի մեծագոյն խրախուսանքի։ Բան մը խանգարուած է հոս, Պարոնայք։ Բան մը նեխած է Դանիոյ թագաւորութենէն ներս…կ՚ըսէ Համլէտը։ Բան մը իսկապէս խաթարուած է մեր երկրի լինելիութեան պայքարներու ճակատին վրայ։
Պր. Վարչապետը մեծ, շատ մե՜ծ պատեհութիւն մը փախցուց իր անիրազեկութիւնը չցուցադրելու։ Պատեհութիւն մը լռելու։ Պատեհութիւն մը ՉԽՕՍԵԼՈՒ։