ՀՅԴ հիմնադրութեան 134-ամեակը տօնուեց Լիբանանում

ՀՅԴ հիմնադրութեան 134-ամեակը տօնուեց Լիբանանում

134 տարեկան միշտ երիտասարդ ու պատնէշի վրայ գտնուող Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Լիբանանի կառոյցը երէկ` ուրբաթ, 31 յունուար 2025-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Հապթուր» պանդոկի «Էմիրէյց» սրահին մէջ մեծ շուքով տօնեց կուսակցութեան հիմնադրութեան 134-ամեակը` «134 տարիներու անսահման զոհողութիւն» խորագիրը կրող հանդիսութեամբ:

ՀՄԸՄ-ի շեփորախումբին առաջնորդութեամբ եւ Լիբանանի, Հայաստանի, Արցախի եւ ՀՅԴ-ի դրօշակակիր պատանիներու ու ԼԵՄ-ականներու մուտքով ընթացք առած հանդիսութիւնը պաշտօնապէս բացուեցաւ Լիբանանի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգներով:


Մէկ վայրկեան լռութեամբ նահատակ ու մահացած դաշնակցականներուն յիշատակը յարգելէ ետք բացման խօսքը արտասանեց Կարէն Պոյաճեան:

Ողջոյնի ու սրտի խօսք արտասանեց Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Իշխան Սաղաթէլեան:

Ապա խօսք առաւ ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ, երեսփոխան Յակոբ Բագրատունի:

ՀՅԴ Բիւրոյին խօսքը փոխանցեց Յովսէփ Տէր Գէորգեան:

Աւարտին կատարուեցաւ պատանիներու խոստման արարողութիւն:

Գեղարուեստական բաժինին իրենց մասնակցութիւնը բերին Համազգայինի «Գուսան» երգչախումբը եւ Սուրէն Աճէմեան:

Հանդիսութեան ընթացքին ցուցադրուեցան տեսերիզներ` Լիբանանի մէջ ՀՅԴ-ի պատմութիւնը եւ 2024 տարուան ընթացքին գաղութային տարբեր միութիւններու աշխատանքները ներկայացնող:

Տեսանիւթը տեսնել այստեղ

Share