Դաշնակցութիւնը համախմբում է ուժերու: 134 տարուան ընթացքին համատեղած է թէ՛ հինը եւ թէ՛ նորը, հայեացքը սեւեռած պահած է թէ՛ Արարատին եւ թէ՛ Արագածին, ազատագրական պայքար մղած է հայրենիքի թէ՛ պատմական տարածքին եւ թէ՛ կերտած այսօրուան իրական Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, ջնջած է ազգակիցի եւ քաղաքացիի միջեւ բաժանարար գիծերը` որդեգրել տալով երկքաղաքացիութեան օրէնքը եւ մանաւանդ միաձուլած է ազգի ու պետութեան շահերը:
(ՀՅԴ Օրուան Առիթով)
Միջազգային եւ հայկական հարթութիւններու վրայ բաւական ծանր փուլի մէջ է, որ Դաշնակցութիւնը այս օրերուն, հայրենիքի մէջ թէ սփիւռքի տարածքին կը տօնակատարէ իր հիմնադրութեան 134-ամեակը:
Գաղափարաբանութիւններու անկման, կուսակցութիւններու նօսրացման, արժէքներու արմատական փոփոխութիւններու ենթարկման այժմու յորձանուտներուն մէջ մեր կուսակցութեան երկարակեացութիւնը կարեւոր խորհուրդներ կ՛ընդգծէ. այլապէս սակայն քարոզչական հարթիչ գլաններու արտադրանքներու ազդեցութեան տակ ժամանակավրէպութեան կեղծ համոզումներ կը փոխանցէ: Երկարակեացութիւնը այսօր կը թարգմանուի հնամաշութեամբ, ժամկէտանցութեամբ, նորին հետ քայլ չկարենալ պահելու, փոփոխութիւնը մերժելու, նոր ժամանակներուն եւ նոր պայմաններուն չհամարկուելու կամ գերպահպանողական ըլլալու դատումներով:
Աւանդական, դասական, պահպանողական բառերը այսօր ստացած են բացասական իմաստ. ինքնալուսանցքայնացման տանող ճանապարհներ նկատուած են, խաղէն դուրս մնացած ըլլալու կամ շատ ցած վարկանիշներ գրանցելու կարծրատիպերու ձեւաւորումներով:
Պէտք է ընդունիլ, որ նման կարծրատիպեր արմատաւորելու նպատակով կատարուող քարոզչաքաղաքական ներմուծումները որոշակիօրէն արդիւնաւորուած են: Այս քաղաքականութիւնը միջազգային ներշնչանքներ ունի, համակարգեր կ՛արմատախլէ, իբրեւ թէ նորը ձեւաւորելու համար: Նորարարութեան այս համակարգի ցանցային կէտեր կը հաստատուին մոլորակի տարբեր աշխարհագրական միջավայրերու, տարբեր տարածաշրջաններու մէջ, ուր կը նկատուի փոփոխութեան եղանակի նոյնութիւն, օգտագործուած մեթոտաբանութեան համընկնում, եւ դաւանուած արժէքներու ներդաշնակում:
Համաշխարհային այս գլանը բնականաբար պիտի հասնէր մեր հայրենիք եւ այնտեղ եւս արմատախլման փորձ ընէր այն ինչ որ ազգային է ու դասական, այն ինչ որ աւանդական է ու արժէքներու ընկալումով պահպանողական, այն ինչ որ գաղափարական է ու հոգեմտաւոր:
Այս ալիքին տակ չիյնալու ռազմավարութիւնն է, որ նոր մշակումներու կը կարօտի: Գործելաձեւի փոփոխութիւններ, գործադաշտերու վերասահմանումներ, մարդուժի հաւաքագրման նոր մօտեցումներ, նոյնիսկ կառոյցի վերադասաւորումներ եւ ցանցային համակարգի աշխատեցման նոր գործիքակազմեր: Արտաքինէն ներմուծուած հին-նորի այս կեղծ օրակարգէն հեռու, Դաշնակցութիւնը ի՛նք պիտի յաջողի ինքնավերանորոգուիլ իբրեւ գործելաեղանակ, իբրեւ աշխատակարգ եւ իբրեւ կառոյց:
Քաղաքական ուղեգիծերը նոյնիսկ, Դաշնակցութեան համար անհպելի ու քարացած աւետարանական տոքթրիններ չեն: Այս կուսակցութիւնը, մեկնած հայութեան եւ հայրենիքի գերագոյն շահերը հետապնդելու սկզբունքներէն, միշտ իր քաղաքականութիւնը համապատասխանեցուցած է աշխարհակարգի փոփոխութիւններուն առընթեր, ստեղծուած նոր իրադրութիւններու նկատառումով:
Սկզբունքային ելակէտը կը մնայ նոյնը: Գործելաձեւային, կառուցային, թէ քաղաքական առումով ուղեգծային փոփոխութիւնները միջոցներ են պահպանելու համար անզիջելի նպատակը, անփոփոխելի էութիւնը, հայութեան եւ Հայաստանի ազատագրութեան ծառայելու գոյութեան իմաստը:
Հիմնական այս նպատակի տապալման համար է, որ այս օրերուն թափ կ՛առնէ հինի եւ նորի, Արարատի եւ Արագածի, իրականի եւ պատմականի, ազգի եւ պետութեան, քաղաքացիի եւ ազգակիցի եւ նման արհեստական երկուութիւններու իրար հակադրման դուրսէն ներմուծուած եւ ներսէն սպառուող այսօրուան արշաւը:
Դաշնակցութիւնը համախմբում է ուժերու: 134 տարուան ընթացքին համատեղած է թէ՛ հինը եւ թէ՛ նորը, հայեացքը սեւեռած պահած է թէ՛ Արարատին եւ թէ՛ Արագածին, ազատագրական պայքար մղած է հայրենիքի թէ՛ պատմական տարածքին եւ թէ՛ կերտած այսօրուան իրական Հայաստանի Ա. Հանրապետութիւնը, ջնջած է ազգակիցի եւ քաղաքացիի միջեւ բաժանարար գիծերը` որդեգրել տալով երկքաղաքացիութեան օրէնքը եւ մանաւանդ միաձուլած է ազգի ու պետութեան շահերը:
Աշխարհակարգի եւ անոր ստեղծած նոր պայմաններուն նկատառումով քաղաքականութիւն մշակելու իր աւանդական վարքագիծն է, որ գրաւական դարձած է պատմութեան էջերէն դուրս չմնալու եւ ահաւասի՛կ` 19-րդ, 20-րդ եւ 21-րդ դարերուն մէջ ներկա՛յ բարձրաձայնելու:
Բայց մանաւանդ, շարունակելո՛ւ ազգի բոլոր ուժերը համախմբելու երեք դարերէ անցած գոյերթը:
«Ազդակ»ի Խմբագրական