Քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւուն­քի ար­ժե­ւո­րու­մը

Քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւուն­քի ար­ժե­ւո­րու­մը

Ան­ցեալ Ուր­բաթ ­Պա­քո­ւի մէջ սկսած խեղ­կա­տակ դա­տա­վա­րու­թիւ­նը պա­տանդ տա­րուած Ար­ցա­խի քա­ղա­քա­կան եւ զի­նո­ւո­րա­կան ղե­կա­վա­րու­թեան դէմ, ըն­թաց­քի մէջ կը գտնուի։ Ատր­պէյ­ճա­նա­կան լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րը ա­ռի­թը չեն փախց­ներ ներ­քին հան­րու­թեան եւ ար­տա­քին աշ­խար­հին ներ­կա­յաց­նե­լու այս­պէս կո­չո­ւած «խոս­տո­վա­նու­թիւն­նե­րը» ա­նօ­րի­նա­կան դա­տի տակ գտնո­ւող ան­ձե­րէն։ Ատր­պէյ­ճա­նի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գը շարք մը ծանր մե­ղադ­րանք­նե­րով կը փոր­ձէ աշ­խար­հի աչ­քին Ար­ցա­խի ժո­ղո­վուր­դը ու ա­նոր ղե­կա­վա­րու­թիւ­նը ներ­կա­յաց­նել յան­ցա­ւոր «մարդ­կու­թեան դէմ կա­տա­րած յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, ռազ­մա­կան յան­ցա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն, պա­տե­րազ­մա­կան յար­ձա­կո­ղա­կա­նու­թեան, ցե­ղաս­պա­նու­թեան, բնակ­չու­թեան բռնի տե­ղա­հան­ման, հե­տապն­դում­նե­րուն եւ ռազ­մա­կան թա­լա­նին, ո­րոնք Ատր­պէյ­ճա­նի ու ա­նոր ժո­ղո­վուր­դին դէմ կա­տա­րած է ­Հա­յաս­տա­նը եւ իր զի­նեալ ու­ժե­րը, ինչ­պէս նաեւ ­Հա­յաս­տա­նի կող­մէ ստեղ­ծուած այս­պէս կո­չո­ւած՝ ­Լեռ­նա­յին ­Ղա­րա­բա­ղի ­Հան­րա­պե­տու­թեան ու ա­նոր ա­պօ­րի­նի զի­նեալ խմբա­ւո­րում­նե­րուն» հա­մար։
­Պա­քո­ւի բռնա­տի­րա­կան վար­չա­կար­գի հե­տապն­դու­մը ո՛չ թէ քա­նի մը քա­ղա­քա­կան ան­ձեր դա­տա­պար­տե­լու մի­տու­մին մէջ կ­՚ամ­փո­փո­ւի, այլ իր ցե­ղաս­պա­նա­կան դի­մա­գիծն ու քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը քո­ղար­կե­լու մտադ­րու­թեամբ, հայ ժո­ղո­վուր­դը որ­պէս ցե­ղաս­պան եւ մարդ­կու­թեան դէմ ծանր ո­ճիր­ներ գոր­ծած ներ­կա­յաց­նե­լու ամ­բող­ջա­կան ծրա­գի­րին մաս կը կազ­մէ։

Յս­տակ է Ատր­պէյ­ճա­նի քա­ղա­քա­կա­նու­թիւ­նը, որ կը փոր­ձէ միան­գա­մընդ­միշտ պատ­մու­թեան մո­ռա­ցու­թեան գիր­կը նե­տել Ար­ցա­խի հար­ցը, ա­նոր ժո­ղո­վուր­դի պատ­մա­կան եւ ի­րա­ւա­կան փաս­տե­րը, ո­րուն ա­ռա­ջին փու­լը ա­ռաջ­նոր­դեց մեր ար­ծո­ւա­բոյ­նի ցե­ղա­յին զտման, հայ­րե­նա­կան հո­ղէն տե­ղա­հան­ման եւ հա­զա­րա­մեայ մշա­կու­թա­յին ժա­ռան­գու­թեան հա­մա­տա­րած ոչն­չաց­ման ու ան­հե­տաց­ման։

Ար­դէն իսկ այս օ­րե­րուն ատր­պէյ­ճա­նա­կան լրա­տո­ւա­կան մի­ջոց­նե­րուն կող­մէ տա­րա­ծուող շին­ծու տե­ղե­կա­տո­ւու­թեան հոս­քը յստա­կօ­րէն ցոյց կու տայ այդ երկ­րի բռնա­պե­տին նպա­տակ­նե­րը, երբ իբ­րեւ թէ 44-օ­րեայ պա­տե­րազ­մի ըն­թաց­քին ­Գեան­ջա­յի (­Գան­ձակ) ռմբա­կոծ­ման մա­սին դա­տա­րա­նը «բա­ցա­յայ­տում­ներ» եւ «խոս­տո­վա­նու­թիւն­ներ» կը կոր­զէ դա­տո­ւող ղե­կա­վար­նե­րէն, հիւ­սե­լու հա­մար հայ ժո­ղո­վուր­դի «ցե­ղաս­պան» եւ «յար­ձա­կո­ղա­պաշտ» ըլ­լա­լու մե­ղադ­րան­քը։

Այս ա­մօ­թա­լի խեղ­կա­տա­կու­թեան դի­մաց, ապ­շե­ցու­ցիչ կը դառ­նայ հայ­կա­կան կող­մի լռու­թիւ­նը։ ­Մինչ պի­տի սպա­սո­ւէր, որ ­Հա­յաս­տան իր պե­տա­կան եւ դի­ւա­նա­գի­տա­կան մե­քե­նան լա­րած պի­տի պա­հէր դա­տա­վա­րու­թեան մեկ­նար­կէն ա­ռաջ եւ ա­նոր ըն­թաց­քին՝ մի­ջազ­գա­յին ա­տեան­նե­րուն եւ «քա­ղա­քակր­թո­ւած» եր­կիր­նե­րուն մօտ քան­դե­լու լռու­թեան եւ մեղ­սակ­ցու­թեան պա­տը, հայ­րե­նի իշ­խա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը կը յա­մա­ռի ան­բա­ցատ­րե­լիօ­րէն լուռ մնալ կամ պար­զա­պէս բա­ւա­րա­րո­ւիլ ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը դի­տո­ղի դե­րին մէջ։

­Նոյն պա­հուն, դա­տա­վա­րու­թե­նէն ա­ռաջ ­Պա­քո­ւի բռնա­պե­տի ռազ­մա­շունչ ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը ­Հա­յաս­տա­նի հաս­ցէին միայն խոր մտա­հո­գու­թիւն կրնան ստեղ­ծել, իսկ հայ­կա­կան կող­մէն ներ­կա­յա­ցո­ւած կարգ մը զի­ջում­ներ, ո­րոնք կա­պո­ւած են Ե.Ա.Հ.Կ.-ի ­Մինս­քի խում­բի լու­ծար­ման ա­ռա­ջար­կին, կամ սահ­մա­նա­զա­տու­մը փու­թաց­նե­լու քայ­լե­րուն հետ, ցոյց կու տան, թէ խու­ճապ գո­յու­թիւն ու­նի Ե­րե­ւա­նի իշ­խա­նա­ւոր­նե­րուն մօտ։ ­Նոյ­նիսկ Եւ­րո­պա­կան ­Միու­թեան ան­դա­մագ­րու­թեան դի­մու­մը տա­րա­ծաշր­ջա­նա­յին ներ­կայ վտան­գա­ւոր ի­րադ­րու­թեան մէջ հե­ռան­կա­րա­յին ե­րաշ­խիք­նե­րու հնա­րա­ւո­րու­թիւն չի կրնար տալ, ոչ ալ ­Միա­ցեալ ­Նա­հանգ­նե­րու ըն­թա­ցա­ւարտ կա­ռա­վա­րու­թեան հետ ռազ­մա­վա­րա­կան կա­նո­նադ­րու­թեան ստո­րագ­րու­թիւ­նը կրնայ ե­րաշ­խա­ւո­րել Ատ­լան­տեա­նի այն կող­մը նոր ստանձ­նած ղե­կա­վա­րու­թեան ո­րե­ւէ կապ­տում ­Կով­կա­սեան աշ­խար­հա­քա­ղա­քա­կան հո­լո­վոյթ­նե­րուն նկատ­մամբ։

­Հայ քա­ղա­քա­կան միտ­քը հե­տե­ւո­ղա­կա­նօ­րէն կը մատ­նան­շէ պե­տա­կան քա­ղա­քա­կա­նու­թեան ար­մա­տա­կան փո­փո­խու­թեան անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը, դի­մա­կա­յե­լու հա­մար Ատր­պէյ­ճա­նի սան­ձար­ձակ ծա­ւա­լա­պաշ­տու­թիւ­նը եւ վերջ­նա­գի­րե­րով խօ­սե­լու սպառ­նա­լիք­նե­րը։ Հ­րա­մա­յա­կան կը դառ­նայ ազ­գա­յին ռազ­մա­վա­րու­թեան որ­դեգ­րու­մը, որ դի­ւա­նա­գի­տա­կան եւ անվ­տան­գա­յին զօ­րա­շար­ժի հնա­րա­ւոր մի­ջոց­նե­րով, ներ­քին եւ ար­տա­քին ճա­կատ­նե­րուն վրայ պի­տի հա­մախմ­բէ հա­յու­թեան ու­ժե­րը եւ պի­տի ձե­ւա­ւո­րէ միաս­նա­կա­նու­թեամբ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը հաս­ցէագ­րե­լու քա­ղա­քա­կան պա­հան­ջը։
­Պա­հանջ, ո­րուն ա­կան­ջա­լուր ըլ­լա­լու կա­րո­ղու­թե­նէն զրկո­ւած կը շա­րու­նա­կէ մնալ հայ­րե­նի իշ­խա­նա­կան հա­տո­ւա­ծը, ան­տե­սե­լով նաեւ քա­ղա­քա­կան աշ­խար­հին կող­մէ հնչած ա­հա­զան­գը եւ հա­մախմ­բո­ւա­ծու­թեան կո­չե­րը։

­Պատ­մու­թեան ան­հե­ռան­կար այս փու­լը շրջան­ցե­լու հա­մար՝ վեր­ջին եւ վա­ւե­րա­կան խօս­քը հայ­րե­նի ժո­ղո­վուր­դի քա­ղա­քա­ցիա­կան ի­րա­ւուն­քին մէջ կը գտնո­ւի։

«Ազատ օր»

Share