Յարութ Սասունեան
Նախկին քոնկրեսական Պապ Լիվինկսթըն նախորդ շաբաթ մեկնաբանութիւն հրապարակեց «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ին մէջ` Միացեալ Նահանգներու պաշտօնաթող գլխաւոր դատախազ Մերիք Կարլենտէն պահանջելով ներողութիւն խնդրել հետաքննութեան համար «Լիվինկսթըն կրուփ» լոպիական ընկերութենէն, որուն միլիոնաւոր տոլարներ վճարած է Թուրքիոյ կառավարութիւնը՝ Հայոց ցեղասպանութիւնը ժխտելու եւ Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին կողմէ անոր ճանաչումը արգելափակելու համար:
Լիվինկսթըն կը մեղադրէ Կարլենտը՝ «դեմոկրատական կուսակցութեան ռազմավարութեան գործիք ըլլալու մէջ, զոր կը շահագործէ արդարադատութեան նախարարութիւնը` քաղաքական տարբեր ուղղութիւններ ունեցող անմեղ մարդոց նկատմամբ անարդարութիւն գործելու համար»: Լիվինկսթըն եղած է հանրապետական քոնկրեսական 1977-1999 թուականներուն: Կը նախատեսուէր, որ ան դառնար Ներկայացուցիչներու տան խօսնակ, սակայն հրաժարական տուաւ իր արտաամուսնական կապի բացայայտումէն ետք: Հետագային ան հիմնեց եւ 25 տարի շարունակ ղեկավարեց «Լիվինկսթըն կրուփ» ընկերութիւնը:
Լիվինկսթըն իր մեկնաբանութեան մէջ գրած է, որ՝ «2022 թուականին Դաշնակցային հետախուզութեան գրասենեակի՝ «Էֆ.Պի. Այ.»-ի երկու գործակալներ եկան իմ տունս՝ Նիւ Օրլինզ, եւ զիս հարցաքննեցին (2.5 ժամ)` 2018-ին միջազգային յաճախորդի մեր ներկայացուցչութեան վերաբերող միջադէպերուն գծով»: «Էֆ.Պի. Այ.»-ի գործակալները ներկայացուցին «խուզարկութեան հրամանագիր՝ իմ ընկերութեանս բոլոր արձանագրութիւններուն համար` կապուած իրենց հարցումներուն»: Յաջորդ օրը «Էֆ.Պի. Այ.»-ը անոր յայտնեց, որ ան՝ «յանցագործութեան մեղադրանքի թիրախ է»:
Լիվինկսթըն յայտարարեց, որ դեկտեմբեր 2023-ին «Էֆ.Պի. Այ.»-ի գործակալը հարցապնդեց իր աշխատակիցներէն մէկը, որ՝ «սաստիկ վախցաւ: 31 դեկտեմբեր 2023-ին ան քնացաւ եւ յաջորդ օրը չարթնցաւ»: Լիվինկսթըն կը գրէ, որ՝ «20 ամիս շարունակ օր ու գիշեր ես կ՛ապրէի այն հաւանականութեամբ, որ մուրճը կրնայ իյնալ որեւէ պահու։ Ամէն ինչ, որուն համար ես աշխատած եմ, պիտի վարկաբեկուէր, իմ ընկերութիւնս պիտի փլուզուէր, պաշտօնեաներս պիտի կորսնցնէին իրենց աշխատանքը, բոլորս պիտի զրպարտուէինք մամուլին կողմէ, իսկ ես կրնայի յայտնուիլ բանտը»:
Լիվինկսթըն պնդեց, որ ինք եւ իր ընկերութիւնը՝ «անմեղ են իրենց վերագրուած բոլոր մեղադրանքներէն… Մենք հսկայական գումարներ ծախսեցինք փաստաբաններուն վրայ, երեք անգամ աւելի, քան վաստակած ենք՝ ներկայացնելով խնդրոյ առարկայ յաճախորդը: Մեր փաստաբանները պատրաստած են 88 էջնոց համառօտագիր` հերքելով բոլոր մեղադրանքները: Անոնք յաջողութեամբ կրցան վերցնել մեղադրանքները, բայց ես համոզուած եմ, որ (արդարադատութեան) բաժանմունքի գործողութիւնները եղած են քաղաքական եւ չարամիտ` ուղղուած ինծի դէմ իբրեւ լոպիիստ, որ կ՛աջակցի Տոնալտ Թրամփին եւ կը քննադատէ նախագահ Պայտընը… Մեր գործի վաղեմութեան ժամկէտը աւարտեցաւ նոյեմբերին, եւ մեղադրողները ըսին, որ իրենք այլեւս շահագրգռուած չեն մեղադրանք առաջադրելով»։
Բաւարարուելու փոխարէն, որ իր եւ իր ընկերութեան դէմ ուղղուած մեղադրանքները վերցուեցան, Լիվինկսթըն կը շարունակէ պնդել, որ՝ «Թրամփի վարչակազմի անդամները եւ անձամբ պարոն Թրամփը հետապնդուած ու ձերբակալուած են: Անոնց կեանքը կործանած է գրասենեկային աշխատանքի աննշան խախտումներու պատճառով: Թրամփ յաղթած է զինք ոչնչացնելու փորձերուն, բայց միւսներուն բախտը այնքան ալ լաւ չէ եղած»: Լիվինկսթըն շատ դիւրին կերպով մոռցած է, որ Թրամփ դատապարտուած է սեռական ոտնձգութիւններու եւ 34 յանցագործութիւններու համար` դառնալով Միացեալ Նահանգներու առաջին նախագահը, որ դատապարտուած յանցագործ է:
Լիվինկսթընի բողոքը որոշ պարունակի մէջ դնելու համար, եկէք քիչ մը աւելի իմանանք այս մարդուն մասին եւ տեսնենք, թէ ո՛վ որմէ ներողութիւն պէտք է խնդրէ:
«Նիւ Եորք Թայմզը» 2007 թուականի հոկտեմբեր 17-ին հրապարակուած` «Թուրքիոյ մարդը Քոնկրեսի շէնքի քուլիսներուն մէջ» վերնագիրով յօդուածին մէջ ներկայացուց մասնակի ցանկը Լիվինկսթընի ընկերութեան չարաշուք գործունէութեան` ցեղասպանութիւնը ժխտող Թուրքիոյ համար կատարուած միլիոնաւոր տոլարներու փոխարէն:
«Թայմզ» Լիվինկսթընը կը նկարագրէ իբրեւ՝ «Թուրքիոյ գլխաւոր լոպիիստը, որ կ՛արգելափակէ քոնկրեսին ջանքերը` ընդունելու Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերող բանաձեւը: Երկու անգամ յաջողութեան հասնելէ ետք (2000 եւ 2004 թուականներուն) եւ իր ընկերութեան` «Լիվինկսթըն կրուփ»-ին համար հաւաքելով աւելի քան 12 միլիոն տոլար` ան կրկին յառաջ կը մղէ իր յաճախորդը… Ան թուրք բարձրաստիճան պաշտօնեաներուն ընկերակցեցաւ քոնկրեսի շէնք` զգուշացնելու, որ բանաձեւը կը սպառնայ ոչնչացնել իրաքեան պատերազմի ուժեղ դաշինքը»:
«Բանաձեւին աջակցող (Ներկայացուցիչներու տան) անդամներուն մօտ դասալքութիւններու աճը ցուցանիշ էր, որ պարոն Լիվինկսթընի հզօր ջանքերը արդիւնք կու տային», կը գրէ «Թայմզ»: «Պարոն Լիվինկսթըն դրամ թափած է Ներկայացուցիչներու տան եւ Ծերակոյտի անդամներուն, Ազգային հանրապետական Քոնկրեսի յանձնաժողովին եւ այլ քաղաքական կազմակերպութիւններու վրայ: Արձանագրութիւնները ցոյց կու տան, որ ան եւ իր ընկերութիւնը աւելի քան 200 հազար տոլար յատկացուցին նախընտրական քարոզարշաւի վերջին ընտրական փուլին… Այս հարցին մէջ Թուրքիոյ դրամներն ու բարձր մակարդակի կապերը կը հակադրուին ամերիկահայ քաղաքացիական խումբերու յամառ եւ զգացական արշաւին», կը գրէ «Թայմզ»:
Քար քարի վրայ չձգելու նպատակով, թրքական կառավարութիւնը զինուորագրեց նաեւ «նախկին քոնկրեսական Սթեֆըն Ճ. Սոլարզը, որուն ընկերութիւնը այս ամառ ստացաւ 165 հազար տոլար` պարոն Լիվինկսթընի հետ համաձայնագիրով Թուրքիոյ յօգուտ լոպիինկ կատարելու համար»: Թուրքիան նաեւ կաշառեց՝ «այլ նշանաւոր լոպպիստ Ռիչըրտ Ա. Ճեֆըրտը՝ Միսսուրիէն, Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան նախկին առաջնորդ եւ դեմոկրատ», որ համահովանաւորած էր Ցեղասպանութեան մասին բանաձեւը, երբ Ներկայացուցիչներու տան անդամ էր: Անոր «DLA Piper» ընկերութիւնը Թուրքիոյ հետ մէկ տարուան լոպիական համաձայնագիր կնքած է 1.2 միլիոն տոլարով: Միայն 2005 թուականի օգոստոսէն սկսեալ 12 ամիսներու ընթացքին Թուրքիան 3.2 միլիոն տոլար ծախսեց լոպիիստներուն եւ հասարակութեան հետ կապերու ընկերութիւններուն վրայ:
«Լիվինկսթըն կրուփ»-ը լոպիի աշխատանք կը կատարէ նաեւ Ազրպէյճանի, Քոնկոյի եւ Քէյմըն կղզիներուն համար: «Ընկերութեան եկամուտին աւելի քան մէկ քառորդը, որ կը կազմէ աւելի քան 71 միլիոն տոլար, ստացուած է օտարերկրեայ յաճախորդներէն», կը բացայայտէ «Թայմզ»-ի յօդուածը:
Փոխանակ պահանջելու, որ գլխաւոր դատախազ Մերիք Կարլենտ ներողութիւն խնդրէ, Լիվինկսթըն ի՛նք պէտք է ներողութիւն խնդրէ աշխարհասփիւռ հայութենէն` Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման իր նողկալի սուտերը տարածելուն եւ շահոյթ ստանալուն համար: Լիվինկսթըն պէտք է Թուրքիայէն վաստակած 12 միլիոն տոլարը նուիրաբերէ ամերիկահայ կազմակերպութիւններուն՝ իր եւ իր ընկերութեան գործած կեղծիքներուն իբրեւ հատուցում։