Եգիպտոս, Քաթար եւ Միացալ Նահանգներ յայտարարեցին, թէ Կազայի մէջ տագնապին երկու կողմերը համաձայնութիւն գոյացուցած են գերիներու փոխանակում կատարելու եւ վերականգնելու տեւական հանդարտութիւնը, ինչ որ կ՛իրագործէ երկու կողմէն մնայուն զինադադարի հաստատումը:
Համաձայնութիւնը, որ կը նախատեսուի, որ ուժի մէջ մտնէ 19 յունուարին, կը ներառէ 3 փուլեր: Առաջին փուլը, որուն տեւողութիւնը 42 օր է, կը ներառէ զինադադարի հաստատում, իսրայէլեան ուժերու հեռացում եւ խիտ կերպով բնակուած շրջաններէն դուրս տեղակայում, գերիներու եւ արգելափակեալներու փոխանակում, դիակներու փոխանակում, ներքին տեղահանուածներու Կազայի մէջ իրենց բնակավայրեր վերադարձ եւ հիւանդներու ու վիրաւորներու դարմանման համար Կազայէն ելքի դիւրացում:
Առաջին փուլը նաեւ կը ներառէ մարդասիրական օժանդակութիւններու աւելի լայնածաւալ ու անվտանգ կերպով հոսք դէպի Կազայի բոլոր շրջաններ, հիւանդանոցներու, դարմանատուներու եւ փուռերու վերանորոգում, վառելանիւթի մուտք եւ իրենց բնակարանները կորսնցուցած տեղահանուածներու պատսպարման համար պէտք եղած ապրանքներու մուտք:
Եգիպտոս, Քաթար եւ Միացեալ Նահանգներ յայտնեցին, որ իբրեւ այս համաձայնութեան երաշխաւոր իրենց քաղաքականութիւնն է հաստատել, որ անոր երեք փուլերը երկու կողմերը ամբողջական կերպով պիտի գործադրեն, ուստի միջնորդները միացեալ կերպով պիտի աշխատին երաշխաւորելու, որ կողմերը գործադրեն իրենց ստանձնած յանձնառութիւնները, եւ երեք փուլերը ամբողջական կերպով շարունակուին:
Երեք երաշխաւոր պետութիւնները նաեւ ՄԱԿ-ի, նուիրատու երկիրներու եւ աշխարհի բոլոր կողմերէն գործընկերներու հետ պիտի աշխատին դէպի Կազա մարդասիրական օժանդակութեան հասանելիութեան արագ եւ տեւական յաւելման համար:
Միջնորդ երկիրները միջազգային ընտանիքը յորդորեցին աջակցելու համաձայնութեան գործադրութեան համար կիրարկուող մեքանիզմի ծիրին մէջ այս ջանքերուն:
Միացեալ Նահանգներու նախագահ Ճօ Պայտըն յայտնեց, որ Կազայի մէջ զինադադարը իր վարչակազմին օրով կնքուեցաւ, սակայն նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմը անոր պայմանները պիտի գործադրէ:
«Համաձայնութիւնը գոյացաւ Համասի վրայ Միացեալ Նահանգներու աջակցութեամբ Իսրայէլի ճնշումներուն պատճառով», նշեց Պայտըն` աւելցնելով. «Զինադադարի հաստատման վերաբերեալ բանակցութիւնները երբեւէ տեսածներուս մէջ ամէնէն դժուարն էին»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու շնորհակալութիւն յայտնեց Միացեալ Նահանգներու նորընտիր նախագահ Տանըլտ Թրամփին եւ անոր հետ համաձայնեցաւ մօտ օրէն Ուաշինկթընի մէջ հանդիպիլ: Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդեց, որ ան նաեւ հեռաձայնած է Պայտընին եւ շնորհակալութիւն յայտնած համաձայնութեան գոյացման մէջ իրեն օգնելուն համար:
Սակայն Իսրայէլի ուժանիւթի նախարար Պեցալել Սմոթրիչ քննադատեց համաձայնութիւնը` զայն որակելով «վատ եւ Իսրայէլի ազգային անվտանգութեան համար վտանգաւոր համաձայնութիւն»:
Ան նշեց, որ իր Կրօնական սիոնականութիւն կուսակցութիւնը բուռն կերպով կ՛ընդդիմանայ համաձայնութեան` նշելով. «Լուռ պիտի չմնանք: Կառավարութեան մէջ մնալու մեր յստակ պայմանը մեծ ուժով եւ ամբողջական ծաւալով ու ամբողջական յաղթանակի ապահովումը, ներառեալ Համաս շարժումի ոչնչացումն ու գերիներու տունդարձը երաշխաւորող նոր ձեւով պատերազմին վերադառնալն է»:
Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ նշեց. «Գործարքին շարք մը մարտահրաւէրներ պիտի ընկերակցին, եւ պէտք է մեր ապահովական շահերու իրագործման ու մեր բոլոր քաղաքացիներու պաշտպանութեան վրայ պնդենք»:
Համաս շարժումը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնեց. «Զինադադարի համաձայնութիւնը արդիւնքն է աւելի քան 15 ամսուան ընթացքին մեր պաղեստինցի մեծ ժողովուրդի առասպելական տոկունութեան եւ Կազայի մէջ մեր քաջարի դիմադրութեան»:
«Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը մեր ժողովուրդին, դիմադրութեան, ազգին եւ աշխարհի ազատներուն համար ձեռքբերում մըն է, եւ թշնամիին հետ տագնապի փուլերուն մէջ անկիւնադարձային փուլ մը` մեր ժողովուրդի ազատագրութեան եւ տունդարձի նպատակներու իրագործման երթին մէջ», նշեց Համաս:
Ֆրանսայի նախագահ Էմանուել Մաքրոն շեշտեց, որ պէտք է յարգել Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը եւ անհրաժեշտ է քաղաքական լուծումի հասնիլ: «15 ամիս անտեղի տառապանքներէ ետք, Կազայի բնակչութեան հսկայական հանգիստ, եւ պատանդներուն ու անոնց ընտանիքներուն յոյս», նշեց Մաքրոն:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մեթիու Միլլըր յայտնեց. «Միացեալ Նահանգներ կ՛ուզեն, որ Կազա մուտք գործող բեռնակառքերուն թիւը զինադադարի համաձայնութենէն ետք հասնի օրական աւելի քան 500 բեռնակառքի»:
Եմէնի հուսիներու Անսարուլլա շարժումի բանբեր Մուհամետ Ապտելսալամ յայտարարեց. «Կազային թիկունք կանգնելու ճակատամարտը իր աւարտին հասնելէն եւ զինադադար յայտարարուելէն ետք, Պաղեստինի դատը պիտի մնայ առաջին դատը»:
Եւրոպական յանձնաժողովի նախագահ Ուրսուլա Ֆոն Տեր Լեյեն ողջունեց Իսրայէլի եւ Համասի միջեւ գոյացած համաձայնութիւնը եւ երկու կողմերը յորդորեց գործարքը «ամբողջական կերպով գործադրելու` նկատի ունենալով, որ անիկա շրջանին մէջ մնայուն կայունութեան մեկնարկ մըն է եւ տագնապին դիւանագիտական լուծում մը»:
Եգիպտոսի նախագահ Ապտել Ֆաթթահ Սիսի ողջունեց համաձայնութիւնը` ընդգծելով Կազային մարդասիրական օժանդակութիւնները արագօրէն յանձնելու անհրաժեշտութիւնը:
«Եգիպտոս միշտ պիտի շարունակէ իր խոստումին հաւատարիմ մնալ, ըլլալ աջակիցը արդար խաղաղութեան, անոր իրագործման հաւատարիմ գործընկեր մը եւ պաղեստինցի ժողովուրդի արդար իրաւունքներուն պաշտպան մը», նշեց Սիսի:
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ողջունեց զինադադարի համաձայնութիւնը` շեշտելով. «Այժմ առաջնահերթութիւնը պէտք է ըլլայ այս տագնապէն յառաջացած հսկայական տառապանքի մեղմացումը»:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան ողջունեց Կազայի մէջ զինադադարի համաձայնութիւնը` յոյս յայտնելով, որ անիկա ճամբայ կը հարթէ «պաղեստինցիներուն եւ շրջանին համար մնայուն խաղաղութեան ու կայունութեան»:
«Թուրքիան պիտի շարունակէ Կազայի ժողովուրդի կողքին կանգնիլ եւ բոլոր միջոցներով անոր աջակցիլ», ըսաւ Էրտողան:
Նեթանիահուի Գրասենեակ. «Համաս Կը Փորձէ
Վերջին Պահուն Ստեղծել Տագնապ,
Որ Կ՛արգիլէ Կարգաւորման Հասնիլը»
Նեթանիահուի գրասենեակը երէկ յայտարարեց. «Համաս կը հրաժարի ձեռք բերուած համաձայնութիւններէն եւ վերջին պահուն կը ստեղծէ ճգնաժամ, որ կը խոչընդոտէ համաձայնութիւնը: Նախարարաց խորհուրդի նիստի ժամկէտը պիտի ճշդենք միայն Համասի բոլոր մանրամասնութիւններուն համաձայնելէն ետք»:
Համաս շարժումը, սակայն, նշեց, որ յանձնառու է միջնորդներուն կողմէ յայտարարուած զինադադարի համաձայնութեան:
Սպիտակ տան ազգային անվտանգութեան խորհուրդի բանբեր Ճոն Քըրպի իր կարգին յայտնեց. «Գոյութիւն ունին կարգ մը մանրամասնութիւններ, որոնք պէտք է յստակացնել, սակայն ճիշդ չեն այն լուրերը, թէ զինադադարի համաձայնութիւնը կրնայ տապալիլ»: