ՀՅ Դաշնակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ընդլայնելու համախոհութեան ծիրը

ՀՅ Դաշնակցութիւնը կոչ կ՛ուղղէ ընդլայնելու համախոհութեան ծիրը

Երէկ` չորեքշաբթի, 8 յունուար 2025-ի երեկոյեան, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն գումարեց ժողով մը` քննարկելու համար նախագահական ընտրութեան թղթածրարը:

Այս ծիրին մէջ, Կեդրոնական կոմիտէն շեշտեց նախագահութեան պաշտօնի դատարկութեան վերջ տալու անհրաժեշտութիւնը եւ ընտրութեան կայացման կարեւորութիւնը` հաստատութիւններու աշխատանքին կանոնաւորման եւ լիբանանեան պետութեան քաղաքական առողջութեան վերականգնման համար:

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն վերահաստատեց վստահութիւն եւ զօրակցութիւն վայելող անձնաւորութեան մը շուրջ ամէնէն լայն համախոհութիւնը գոյացնելու անհրաժեշտութիւնը: Անձնաւորութիւն մը, որ կարողութիւնը կ՛ունենայ համախմբելու լիբանանցիները, մարմնաւորելու ազգային միասնականութիւնը, առաջնորդելու վերակառուցման փուլը եւ Լիբանանին վերադարձնելու իր առաջամարտիկի դերը` իր բոլոր բաղկացուցիչներուն ջանքերով:

Այս մեկնակէտէն մեկնելով` քննարկելէ ետք այս թղթածրարին գծով պատկան տարբեր կողմերուն հետ կատարուած հաղորդակցութիւններուն արդիւնքները, ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական կոմիտէն որոշեց բոլոր կողմերուն հետ ջանալ խորհրդարանի նիստը պսակել հանրապետութեան նախագահի ընտրութեամբ, եւ այդ` լայնածիր համախոհական կեցուածքի մը ձեւաւորումով, որ ընտրուած նախագահին կը շնորհէ ազգային ամէնէն լայն օրինականութիւնը, որ կը շրջանցէ ընտրութեան համար անհրաժեշտ քուէներու քանակը:

Share