Խոր ցաւով եւ կսկիծով է որ կը գրենք այս տողերը։ Սակայն, մեր հաւաքական խիղճին, նաեւ մեր ընկերներուն եւ ընտանիքներուն հանդէպ պարտականութեան գիտակցութեամբ է որ կը կատարենք այս։
Լոս Անճելըսի շրջանային իշխանութիւնը կը գտնուի ահռելի դժուար ճգնաժամի մը դէմ յանդիման։
Խորին կարեկցանք կը յայտնենք համայնքին եւ անոր տրամադրութեան տակ կը դնենք մեր ամբողջ կազմակերպչական օժանդակութիւնը, յատկապէս բոլոր այն հայ ընտանիքներուն, որոնք հրդեհի աղէտներէն չեն խնայուած։
Դոյզն գոհունակութեամբ սփոփուած ենք տեղեկանալով, թէ մեր համայնքէն ոչ մէկ զոհ արձանագրուած է մինչեւ օրս. խոր վիշտով կը ցաւինք բազմաթիւ հայ ընտանիքներուն համար, որոնք իրենց տուները եւ բնակավայրերը կորսնցուցած են, կամ ստիպուած եղած են հեռանալու եւ ապաստան գտնելու ապահով բայց հեռաւոր շրջաններու մէջ։
Նաեւ հիասթափուած ենք, որովհետեւ մեր սուրբ ուսումնական ուխտավայրերէն մէկը՝ Սահակ-Մեսրոպ Հայ Քրիստոնեայ վարժարանը, հրկիզուած եւ մոխրացած է։
Այսպիսի ցաւագին պայմաններու մէջ, մենք անգամ մը եւս կը բարձրանանք ծառայութեան բագինին՝ ի նպաստ օժանդակութեան եւ հայ ազգի միասնականութեան։
Մեր Հայ կեդրոններուն, ինչպէս նաեւ Հայ եկեղեցիներուն դռները բաց են բոլոր անոնց համար, որոնք ապահով ապաստաններու կարիքը ունին։
Մենք պիտի շարունակենք այս սկզբնական քայլին հետապնդումը, սպասարկելու համար մեր համայնքի կարիքներուն, ինչպէս նաեւ զուգահեռաբար որոնելով լրացուցիչ յաւելեալ ծրագիրներ՝ օգնութիւն ցուցաբերելու համար կարիքաւորներուն։
Եթէ օգնութեան կարիքը ունիք՝ կը խնդրենք որ դիմէք ձեր շրջանի Հայ կեդրոններուն, կապ հաստատելով յանձնառու պատասխանատուներուն հետ։
Նկատի ունենալով այս բոլոր իրադարձութիւնները եւ աղետալի պայմանները, որոնց դէմ յանդիման կը գտնուի համայնքս՝ առ այժմ մենք պատշաճ չենք նկատեր իրականացնել ՀՅԴի 134րդ ամեակին նուիրուած տօնակատարութիւնը, զոր ծրագրած էինք կատարել 12 Յունուարին, Կլենտէյլի «Ալեքս» թատերասրահին մէջ, երեկոյեան ժամը 5ին։ Առ այդ՝ տօնակատարութիւնը յետաձգուած է ցնոր տնօրինութիւն։
Միասնաբար գործակցելու՝ մեր ամրակուռ յանձնառութիւնը ձեր տրամադրութեան կը յանձնենք՝ ծառայելու համար հայ համայնքին, որպէսզի դարձեալ վերականգնի այն, ինչը ցարդ կորսուած է։
ՀՅԴ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ԱՄԵՐԻԿԱՅԻ ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ԿՈՄԻՏԷ
9 ՅՈՒՆՈՒԱՐ 2025