Ս. Մահսէրէճեան
Ա. Ֆրանսայի մէջ Հինգշաբթի, 5 Դեկտեմբերին պատահեցաւ այն՝ ինչ որ նախատեսուած էր երեք ամիս առաջ, ա՛յն օրերուն, երբ վարչապետ նշանակուեցաւ Միշէլ Պառնիէ եւ կազմեց փոքրամասնական կառավարութիւն մը: Խորհրդարանը օր մը առաջ, աջերու եւ ձախերու ձայներուն միացումով, անվստահութիւն յայտնած էր կառավարութեան:
Տրուած հարուածը միայն Պառնիէի կառավարութեամբ չէ սահմանափակուած, որովհետեւ ընդդիմադիրները կը տեսնեն, որ ձախողութիւններուն գլխաւոր պատասխանատուն է «աճպարար» նախագահը՝ Մաքրոն (այլ հարց, թր անոր աճպարարութիւնները ուրկէ՞ ներշնչում կ’առնեն եւ վաղն ալ կրնան նման կօշիկներ նուիրել Գերմանիոյ վարչապետին): Ֆրանսացի մեկնաբան մը, հրաժարականին ընդունման լուրը հաղորդելէ ետք, քմծիծաղով մը հարց տուաւ. «Մաքրոն հիմա որո՞ւն անունը պիտի հանէ գլխարկին մէջէն եւ առաջարկէ իբրեւ վարչապետ»…: Սա Մաքրոնի ճառէն քանի մը ժամ առաջ էր:
Կարճ յիշեցում մը. խորհրդարանական վերջին ընտրութիւններէն ետք, «աճպարար»ը աջի՛ն ալ, ձախի՛ն ալ քթին խնդացեր էր, երբ մեծ թիւով աթոռներ շահողներէն հեռու պահած էր վարչապետի աթոռը, անտեսելով ժողովրդավարութեան տարրական աւանդութիւնը: Ստեղծուած վիճակին մէջ, Պառնիէի տապալման իսկական պատճառը լոկ այդ անտեսումը չէ, այլ կառավարութեան ՏՆՏԵՍԱԿԱՆ ծրագիրները, որոնք նոր հարուածներ կը խոստանան սպառողներու գրպանին: Ու ֆրանսացիք տեղ մը «ո՛չ» ըսին իրեն շահերն ու բարօրութիւնը աւելի՛ եւս վտանգող պիւտճէի ծրագիրին (այլ հարց, թէ գալիքը ինչպէ՞ս պիտի փրկէ կացութիւնը):
…Ի՞նչ զուգադիպութիւն. Հայաստանի մէջ ՔՊ-ական կառավարութիւնը ՔՊ-ական մեծամասնութեան քուէով երկու օր առաջ վաւերացուց քաղաքացիներուն քսակները աւելի՛ ազատ կողոպուտի թիրախ դարձնող պիւտճէի նախագիծը, ոտնատակ ընելով ընդդիմադիրներու արդար քննադատութիւններն ու տնտեսական-ընկերային յաւելեալ անկումէ զգուշանալու մասնագէտ բանիմացներու կոչերը:
Բ. Հարաւային Քորէայի նախագահը քանի մը օր առաջ արտառոց քայլ մը առաւ եւ երկրին մէջ ռազմական վիճակի օրէնք յայտարարեց, պատճառաբանելով, որ երկիրը պիտի պաշտպանէ «համայնավարական վտանգներու» դէմ: Ակնարկութիւնը, անշուշտ, Հիւսիսային Քորէային էր, որ, ինչպէս ծանօթ է, Ռուսիոյ հետ զինակցութիւն-մտերմութիւն կը խաղայ, եւ սա բնականաբար հաճելի չէ Ուքրանիոյ մէջ Ռուսիոյ դէմ ճակատ բացած Արեւմուտքին համար: Պէտք էր տեղ մը մէկը կսմթել, եւ վիճակը յայտնապէս ինկաւ նախագահ Եուն Սուն Եէոլի ճիտին: Խորհրդարանի բոլոր անդամները միաձայնութեամբ (զեռօ դէմ քուէով) դէմ ելան նախագահին կարգադրութեան, որ 6 ժամ ետք ստիպուեցաւ չեղարկել որոշումը: Ընդհանորւ կարծիքը այն էր, որ նախագահին կողմէ պետական հարուածի փորձ մը ձախողուպթեան մատնուած է միաձայնութեամբ: Հիմա, անոր պաշտօնազրկման համար ծրագիր կը մշակուի:
Հակառակ Արեւմուտքին սերտ գործակիցն ու մինչեւ իսկ զինակիցը ըլլալու իրենց հանգամանքին՝ քորէացիք յայտնապէս աւելի՛ շրջահայեաց են եւ կը նախընտրեն (առայժմ) չիյնալ Արեւելք-Արեւմուտք հակամարտութեան դաշտին մէջ, ի՛նչ ալ որ ըլլան միջ-քորէական քաղաքական-գաղափարական տարակարծութիւնները, գիտեն, որ հարաւցիները գիտեն, որ հիւսիսային քորէացիները իրենց ազգակիցն են, տասնամեակներ առաջ համտեսած են միջ-քորէական պատերազմին «պտուղները» եւ չեն ուզեր հրաժարիլ պատմական յիշողութենէ:
… Հայաստանի իշխանութիւնը սեփական Արցախը նուիրած է Ազրպէյճանին, հազար աղբիւրէ ջուր կը բերէ, բանեցնելու համար իր ազգադաւ եւ պատմութիւն ուրացող վարմունքը, մինչեւ իսկ Հայաստանի հպատակութենէ կը զրկէ բռնագաղթուած արցախցիները, հնարքներ կը նիւթէ՝ անոնց տրամադրուած օժանդակութիւնները կրճատելու համար: (Հաւանաբար ըլլան հայանուն մարդիկ, որ մեր ցուցահանած զուգահեռը չտեսնեն եւ հարց տան. Քորէաները մեզի ի՞նչ):
Գ. Հայաստանի հիւսիսի դրացին՝ Վրաստանը դարձեալ եռքի մէջ է. հրապարակ նետուած են եւրոպամէտ-հակաեւրոպամէտ, ռուսասէր-ռուսատեաց եւ նման նշանախօսքեր: Խորհրդարանի վերջին ընտրութիւնները կոչուած էին դարձակէտ մը նշելու ներմուծուած հակամարտութիւններուն մէջ, սակայն հորիզոնը բոլորովին չէ յստակացած: Հոն ալ կայ նախագահ մը՝ Սալոմէ Զուրապիշվիլի, որ դարձած է իշխանութեան ընդդիմադիրներու առաջնորդը, այսինքն՝ գործադիր իշխանութեան պետ նախագահը կը հակադրուի գործադիր իշխանութեան՝ կառավաութեան եւ օրէնսդիրին՝ խորհրդարանի որդեգրած քաղաքականութեան:
Վրաստանը Հարաւային Քորէա չէ, հոն գետինը աւելի՛ փափուկ է, սակայն հիմա աչքերը ուղղուած են յաջորդ դարձակէտ-թուականին՝ 14 Դեկտեմբերին, երբ տեղի պիտի ունենան նախագահական ընտրութիւններ: Զուրապաշվիլիին այլ տեսակի անկում մը կը սպասէ, եթէ դէպքերուն չտրուի (բնականաբար դուրսէն) այնպիսի ընթացք, որ վիճակուեցաւ Սուրիոյ հիւսիսային կիսուն՝ Հալէպէն մինչեւ Համա եւ շրջակայք: Ուքրանիոյ պատերազմին ելեւէջներուն ստեղծած անկայունութիւնը ազատ արձակած է Թուրքիոյ ձեռքերը, որ հրապարակ եկած է Իսրայէլի «կէս ձգած գործը» շարունակելու եւ ի՛ր նպատակները յառաջ տանելու ախորժակով, չէ մոռցած, որ Վրաստանի մէջ ալ այլապէս բաւական յառաջխաղացք արձանագրած է: Վրաստանի մէջ կսմիթի քաղաքականութեան համար կան այլ փորձադաշտեր ալ:
…Երեւանի համար, այս բոլորը «հեռաւո՜ր գետակներու» ձայներ են. ՔՊ-ականները ոգի ի բռին կը փորձեն ժողովուրդը համոզել, որ Ազրպէյճանի (ուրեմն նաեւ Թուրքիոյ) հետ խաղաղութեան հասնելու համար մնացեր է միայն քանի մը փոքր քայլ: Ի՜նչ կարեւորութիւն ունին «արեւմտեան ազրպէյճանի ազերիները պէտք է իրենց երկիրը վերադառնան» բացայայտ սպառնալիքները: Ինչո՞ւ հաւատալ ազերիներուն ռազմափորձերուն: Ի՞նչ պէտք կայ տեսնելու՝ որ Սուրիան, Լիբանանն ու Կազան խժռող Իսրայէլը կը շարունակէ զինել Ազրպէյճանը: Իշխանախումբը վստահ է, որ հանրութեան մէկ մասին ուղեղները կը մնան իր լուացքի մեքենային մէջ, անոր յիշողութիւնը այնքա՜ն մկրատուած է (չգործածենք աւելի պատկերաւոր բառ), որ պատրաստ է մոռնալու մինչեւ իսկ ՔՊ-ականներու այն ճի՛շդ ախտանշումները, թէ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան չեն հրաժարած Ցեղասպանութիւնը վերջնական փուլին հասցնելու դարաւոր ծրագիրէն:
Դ. Միացեալ Նահանգներու «կաղ» նախագահը՝ Ճօ Պայտըն, ներում շնորհեց իր օրինազանց զաւկին՝ Հանթըրի, որ մեղադրուած է չարաշահութեան եւ օրինազանցութեան մէկէ աւելի յանցանքներով: Պայտըն հաւանաբար մտածեց, որ եթէ դատական ատեանները, գերագոյնէն սկսեալ, պատրաստ են ներում շնորհելու ընտրեալ նախագահ Տոնալտ Թրամփի, որուն կռնակին բազմած յանցանքներն ու օրինազանցութիւնները լեռնաշղթայ կը կազմեն, իրեն ալ իրաւունք կ’իյնայ ներում շնորհելու իր չարաճճի տղուն:
Եւ ահա քաղաքական հրապարակին վրայ հսկայական աղմուկ բարձրացած է (յիշեցնելով Շէյքսփիրի ծանօթ թատերակը՝ Much Ado About Nothing-ը): Հանրապետականները անբարոյ կը հռչակեն Պայտընը (իրաւունք ունին), որ աղաղակող օրինազանցութիւն կ’ընէ եւ պաշտօնը կը շահագործը (մաքուր հայերէնով… «կորումպցիա»), դեմոկրատները կրկնակի անբարոյ կը հռչակեն Թրամփն ու զայն դատական հետապնդումէ զերծ պահող դատարանները (անոնք ալ իրաւունք ունին): Այս աղմուկին մէջ կորսուած կամ լուսանցքայնացուած են Կազան, Լիբանանը, Սուրիան եւ այլ տարածքներ, մինչեւ իսկ… Ուքրանիան, այլ ի՞նչ խօսք՝ տնտեսական նոր նահանջներու եւ դրացիներու ու դաշնակիցներու հետ այդ գետնի վրայ հակամարտութեանց վերարծարծման վտանգին մասին: (Այլ հարց, թէ այս կամ այն երկրին հասնող պատուհասներուն շարունակումն ու դադարեցումը ինչո՞ւ պէտք է կախեալ ըլլան Սպիտակ Տուն բերուող-տարուողէն):
Ըստ էութեան շինծու փոթորիկներուն ընդմէջէն է որ ամերիկեան նաւը կ’ուղղուի դէպի Յունուար 2025, երբ նախատեսուած է իշխանութեան փոխանցումը: Մէկ բան յստակ դարձած է. պետական բարձրագոյն դիրքեր գրաւողներ ու անոնց շրջապատը զերծ են հաշուետուութենէ, ազատ են գործելու ամէն տեսակի օրինազանցութիւն, նետուելու բարոյական եւ անբարոյական ամէն տեսակի գայթակղութեանց մէջ, տիրական դարձած է անպատժելիութեան յանցաւոր վիճակ մը: (Սիրելի ընթերցող. գիտէի՞ր որ գայթակղութիւններն ալ կարելի է բաժնել բարոյական եւ անբարոյական տեսակներու: Նոր աշխահին մէջ ամէն այլանդակութիւն ընդունելի է եւ կը կլլուի…):
…Եթէ ամենաթողութիւնը տիրական դարձած է մեծ ու ժողովրդավարութեան պասթիոն հռչակուած երկիրներու մէջ, Հայաստան ինչո՞վ պակաս է, իրաւունք ունի մեծնալ ձգտելու: ՔՊ-ական ամէ՛ն տեսակի օրինազանց իրաւունք ունի օգտուելու ամենաթողութենէ, պայմանաւ որ… ենթարկուի բոլոր օրէնքները ոտնատակ ընող վարչապետի պահանջներուն, հրահանգներուն, որոնք շուկայ կը հանուին «խնդրեցի որ հրաժարի… մանտաթը վար դնէ» պիտակներով:
Իրենց երկիրներուն ցաւը իրենց մորթին վրայ զգացողներ իրենց մաշկը փրկելու-պահպանելու համար կտրուկ քայլերու կը դիմեն: Մարդս կը մտածէ, որ Հայաստանի մէջ կայ զանգուած մը, որ …մորթազերծ եղած է եւ կը մնայ անտարբեր՝ հողային, նիւթական եւ ամէն տեսակի իշխանակերտ կորուստներուն դիմաց:
Իսկ սպասումը ինչի՞ կապուած է: