Խիզախ ամերիկացիներ Պաքուի մէջ

Խիզախ ամերիկացիներ Պաքուի մէջ

(կամ հայ դատի սերմերուն արդիւնքը)

Ս. Մահսէրէճեան

Ամերիկացի խորհրդարանականներ վերջին օրերուն խիզախ քայլեր առին Պաքուի մէջ: Ծերակուտականներ Էտ Մարքի եւ Շելտըն Ուհայթհաուս Ազրպէյճանի հողին վրայ չվարանեցան հայ գերիներու եւ պատանդներու ազատ արձակման, Արցախի հայութեան տունդարձի պահանջներուն մասին հրապարակաւ խօսելու, յայտարարելու՝ որ կը կանգնին Հայաստանի կողքին, միաժամանակ քաղաքավար բառերով խարանեցին Ալիեւն ու իր վարչամեքենան, որոնք բռնատիրութեան մարմնաւորում են: Իսկ Ներկայացուցիչներու Տան անդամ Ֆրէնք Փըլոն ապրեցաւ հազուադէպ ոդիսական մը, երբ Պաքու հասնելուն՝ դիմաւորուեցաւ ալիեւապաշտ (եւ Ալիեւի կողմէ հրահրուած) ցուցարարներու կողմէ, որոնք սպառնալիքներ եւ դատապարտանքի խօսքեր ուղղեցին «հայանպաստ» խորհրդարանականին հասցէին: Վա՜յ, ինչպէ՞ս կը պատահի, որ Փըլոնի պէս մէկը կը յանդգնի Պաքու այցելել: Ու Փըլոն «մազապուրծ» հեռացաւ Պաքուէն:

            Մեր իրաւունքներուն կողքին կանգնած ամերիկացի խորհրդարանականներու Պաքու ներկայութիւնը հաւանաբար պահ մը մտահոգութիւն եւ վարանք ստեղծեց որոշ շրջանակներու մէջ, բայց երբ հիմա աչքի առջեւ ունինք եղածը…

***

            Պաքուի մէջ յիշեալ պատահարները՝ ծերակուտականներու մամլոյ ասուլիսն ու Փըլոնի ոդիսականը ուսանելի կէտեր ունին:

  • (Այս տողերը չենք արձանագրեր՝ հայանպաստ ամերիկացի գործիչները կամ այլք իտէալականացնելու նպատակով, ո՛չ ալ կ’անտեսենք, որ նման կեցուածքներ նաեւ մեզմէ անկախ շահերէ մղում կ’առնեն):
  • Սա ցոյց կու տայ, թէ Միացեալ Նահանգներու Հայ Դատի յանձնախումբերուն տասնամեակներու աշխատանքը եւ մեր պահանջներուն կողքին ծերակուտականներ ու ներկայացուցիչներ ունենալը ե՞րբ եւ ինչի՞ կը նպաստեն:
  • Պատահարները միաժամանակ խարանող քննադատութիւն են Հայաստանի իշխանախումբին հասցէին, որովհետեւ, ինչպէս ծանօթ է, Արցախը, գերիները եւ ընդհանրապէս Հայ Դատը՝ իր Արարատով ու Կիլիկիայով, դուրս դրուած են օրակարգէ: Ընդհակառակն, անոնք իւրաքանչիւր քայլափոխի եւ օրը քանի մը անգամ ապացոյցներ կը ցուցահանեն, թէ լիովին կը ծառայեն թուրք-ազերիական հաշիւներու (մարդս մինչեւ իսկ կը տարուի մտածելով, թէ արդեօք պաշտօնազրկումի ալիքնե՞րն ալ ալիեւեան ու էրտողանական ներշնչումով կ’ըլլան…):
  • Ամերիկացի այս ու նման անձնաւորութիւններ միակը չեն, որ կը պաշտպանեն Արցախի եւ Հայաստանի իրաւունքները, կը դատապարտեն Ալիեւի ու Էրտողանի կայսերապաշտական, «մարդիկ գնելու» վարքագիծը: Նման դիրքորուշում ունեցողներ կան աշխարհի չորս ծագերուն, Հայաւային Ամերիկայէն մինչեւ Եւրոպա, մինչեւ Ռուսիա եւ այլուր: Այս բոլորը շօշափելի քաղաքական-դիւանագիտական դրամագլուխ են մեզի համար, որպէսզի աւելի, հրատապ կերպով հետապնդենք յիշեալ իրաւունքները (առանց իտէալական եւ երազկոտ դառնալու):
  • Փըլոնի Պաքու կարճատեւ այցելութիւնը այլապէս բարացուցական էր. ինչպէս հաղորդեցին լրատու աղբիւրները՝ ամերիկացի պետական անձնաւորութեան ժամանման պահէն սկսեալ, ու մինչեւ անոր հապճեպ մեկնումը՝ ազերի ցուցարարներ բառացիօրէն հանգիստ չեն տուած անոր, աղմկած են նա՛եւ պանդոկին մէջ, սպառնալիքներ տեղացուցած են, առանց մտահոգուելու, որ նման արարքներ, խորքին մէջ՝ ԱՀԱԲԵԿՉԱԿԱՆ ՔԱՅԼԵՐ կրնան հաշտ աչքով չդիտուիլ աշխարհին կողմէ: Հետեւաբար, թորւքեւազերիական «եղբայրութիւնը» մարմնաւորող ոեւէ ներկայացուցիչ արդար է որ նման ցոյցերով դիմաւորուին եւրոպական եւ այլ երկիրներու մէջ (Պրազիլիոյ մէջ, Էրտողան հանգիստ-հանգիստ կը մասնակցի ճարտարարուեստի հզօրներուն՝ G20-ի ժողովին…): Եւ չմոռնանք, որ նոյնինքն Հայ Դատի տղաքն ու գործիչներն էին, որ քանի մը տարի առաջ ցնցիչ ցոյցեր կազմակերպեցին Էրտողանի Ուաշինկթըն այցելութեան օրերուն եւ գործնապէս վար առին թուրքերու բիրտ նկարագիրը քողարկող դիմակը:
  • Անգամ մը եւս կը տեսնենք – ու պէտք չէ մոռնանք – որ Թուրքիա եւ Ազրպէյճան մի՛շտ ալ իրենց վայրագութիւնը ծածկող դիմակը վար առած են եւ «գորշ գալ»ը հրապարակ բերած, երբ անհատ մը, երկիր մը կամ կազմակերպութիւնը հայութեան կողքին կանգնած է, ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱ՛Ն կողքին դիրք բռնած է (վստահաբար յիշող կայ, որ Թուրքիա քանիցս Ֆրանսայի հետ դիւանագիտական տագնապ ստեղծած է, երբ Փարիզ խօսած է պատմական ճշմարտութիւններու լեզուով):
  • Եթէ մէկը ուղեղ եւ ճիգ գործածելու ատակ ըլլայ՝, չի բաւականանար պեխ-մօրուք ածիլելով ու անմիջական գործակիցները «գլխատելով» (երբեմն ա՛յդ ալ կարեւոր է), այլ Հայաստանի, Արցախի եւ հայութեան շահերուն ի նպաստ աշխատանք կը տանի, շահակիցներ կը գտնէ եւ կեցուածք կը ներդաշնակէ, քաղաքական բեմը չի զբաղեցներ ուշադրութիւնները էական հարցերէ շեղող դատարկաբանութիւններով:

***

Մեր Պահանջները, մեր արդար իրաւունքները պաշտպանելու համար, բազմամակարդակ եւ մազմակողմանի ԳՈՐԾ անհրաժեշտ է՝ ԲՈԼՈՐԻ՛Ն բազուկներուն միացումով, մինչեւ իսկ ՔՊ-ամէտներու ձեռքերուն միացումը անհրաժեշտ է, պայմանաւ, որ վերջ տրուի թշնամիին հաճոյանալու, անոր ծրագիրներուն գործադրողը ըլլալու եւ պատմութիւն ու անցեալ մոռնալու, թուրք-ազերիէն աւելի՛ համաթուրանական խաղալու «քաղաքականութեան»:

18 Նոյեմբեր 2024

Share