Աւելի ճիշդ պիտի ըլլար ըսել, թէ Տը Ժիւրէ COPOUT29 մը տեղի կ’ունենայ, փոխանակ Տը Ֆաքթոյի։
Յստակացնենք մեր միտքը. բազմաթիւ երկիրներու առաջին դէմքերը զանազան պատճառներով իրենց մասնակցութիւնը չեն բերեր Միացեալ Ազգերու Կազմակերպութեան հովանիին տակ, COP29-ի (Conference Of the Parties) համաժողովին, որուն նպատակն է մանրամասնութեամբ եւ բծախնդրութեամբ քննարկել ու արծարծել կենսոլորտի փոփոխութեան եւ ապականման հարցերը: Բացակաները անուղղակիօրէն տկարացուցին կենտոլորտի տագնապին առաջնահերթութիւնը եւ ընդհակառակը՝ յաւելեալ անտարբերութեան մթնոլորտ մը ստեղծեցին։ ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ճառն ալ, թէ՝ կենսոլորտը մարդակերտ արհաւիրքներ՝ հրդեհներ, ողողումներ կը ստեղծէ, հազիւ թէ բաւարար հնչեղութիւն տուաւ տարուէ տարի ահագնացող տագնապին:
Իբրեւ հիւրընկալ երկիրի ներկայացուցիչ՝ Ատրպէյճանի կենսոլորտի եւ բնական աղբիւրներու նախարար Մուխթար Պապայեւ կատարեց բացումը։ Մեծ հարցականներ կախուած են նոյնինքն Պապայեւի ներկայութեան վերեւ. բռնատէր Ալիեւի հաւատարիմներէն՝ այս պաշտօնատարը տարիներ շարունակ գործած է քարիւղ արտադրող-զտող եւ բնականաբար կենսոլորտը ապականող ընկերութիւններու մէջ։
Ա․Մ․Ն․-ի նախագահական ընտրութիւններէն հազիւ շաբաթ մը ետք կազմակերպուած այս ժողովը որոշ չափով մնաց շուքի մէջ։ Ալիեւի կողմէ «աշխարհի կ’ողջունենք»ի եւ «չորս տարի առաջ յաղթանակ տարինք»ի յոխորտանքներն ալ անկարող մնացին փայլեցնելու Ատրպէյճանի դէմքը: Աւելի՛ն, կենսոլորտով երբեք չմտահոգուող, այլ ընդհակառակը՝ անոր դէմ աշխատող Թրամփի ընտրութիւնը յաւելեալ պատճառ մը եղաւ, որ աշխարհը, բաւական ցնցուած՝ դժգոհութիւն արտայայտէ այս ժողովը Պաքուի մէջ կազմակերպելու անտրամաբանական որոշումին դէմ:
Թէեւ 196 երկիրներէ ներկայացուցիչներ հաւաքուած էին բռնատէր Ալիեւի շուրջը, սակայն ներկաներէն աւելի՝ աչքառու էին… բացակաները։
Կաղացող Ճօ Պայտըն չմեկնեցաւ Պաքու եւ նախընտրեց պատուիրակութիւն մը ղրկել՝ կենսոլորտի հարցերու պատասխանատու Ճոն Փոտեսթայի գլխաւորութեամբ։ Գերմանիոյ վարչապետ Օլաֆ Շոլց, իր կառավարութեան ոտքերը դողացնող տագնապէն բխած անել կացութեան պատճառով (յանկարծ ստիպուեցաւ Փետրուարին ընտրութիւններ կազմակերպելու որոշում տալ), իր կարգին նախընտրեց չմեկնիլ Պաքու։ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոնն ալ չժամանեց. Ալիեւ զայն «կողմնակալ հայասէր» կը նկատէ, իսկ Ֆրանսայի նախագահը պաշտօնապէս կը քննադատէր Պաքուն, որ շաբաթներ առաջ ընդդիմադիր ազերի մը սպաննած էր Միւլհուզի մէջ։
Պաքու չժամանեցին Հնդկաստանի վարչապետ Նարենտրա Մոտին եւ Ռուսիոյ նախագահ Փութինը։
Հոլանտայի վարչապետ Տիք Շուֆն ալ պատճառաբանած էր, որ քանի մը օր առաջ, Ամսթերտանի մէջ, Իսրայէլի ֆութպոլի խումբին դէմ ցուցարարներու ստեղծած քաոսային վիճակին պատճառով ստիպուած է բացակայիլ։ Պրազիլիոյ (յառաջիկայ տարեշրջանի COP30-ը կազմակերպող երկիրը) նախագահ Լուլան արկածի մը հետեւանքով վիրաւորուած էր եւ իր կարգին․․․ տը ֆաքթօ չմեկնեցաւ։
21-ամեայ շուէտացի երիտասարդ գործիչ Կրեթա Թունպերկ, որ միլիոններով համակիրներու զօրակցութիւնը կը վայելէ, իր կարգին կոչ ուղղեց «սապոթաժ»-ի ենթարկելու այս ժողովը եւ Թիֆլիսի մէջ առաջնորդեց ցոյց մը, որուն մասնակիցներուն շարքին էին Ալիեւը ի՛սկապէս ճանչցող… ազերիներ։
Այս խորապատկերին առջեւ, Հայաստան, յանձին արտաքին գործոց նախարարութեան, ԳՈՐԾ ունէր եւ դեռ ալ ունի կատարելիք։ Ալիեւ չմոռցաւ յայտարարել, թէ այս ժողովը առիթ մըն է՝ որ Հայաստան պէտք չէ փախցնէ…: Երեւանի մէջ տատամսումը մնաց տիրական, իսկ Ազգային ժողովին մէջ ՔՊ-ականները ցուցադրեցին նորագոյն խայտառակութիւն մը, երբ մերժեցին Պաքուն քննադատող եւ պատանդներու վերադարձը պահանջող բանաձեւ մը, մինչդեռ նախօրօք, «ամչկոտ արտայայտութիւններով» յայտարարած էին, թէ Հայաստանէն ներկայացուցիչի մասնակցութիւնը կախեալ է գերիներու ազատ արձակումէն: Ինքնահակասումի այս ընթացքէն անդին, խայտառակութեան թագադրումն ալ այն էր, որ «պոս-Ալիեւ»ի մազին չդպչելու ծանօթ վարքագիծը քողարկելու անմիտ փորձով մը՝ իշխանականները նման անառարկելի պահանջի մը ետին փնտռեցին քաղաքական հաշիւներ: Կ’արժէ՞ մեկնաբանել նման սնանկութիւն: Իսկ եթէ մետասաներորդ պահուն որոշեն մասնակցիլ…:
Յետոյ, ինչպէ՞ս աչքաթող ընել մէկ այլ իրողութիւն. Միջազգային ատեանը նոյն պահուն դատապարտանքի խարան մը եւս աւելցուց Ատրպէյճանի ճակատին, մերժելով Արցախի ծանօթ կացութիւններուն իր դատապարտանքին դէմ Պաքու ներկայացուցած բողոքը: Անգամ մը եւս փաստուեցաւ, որ միջազգային շրջանակներ աւելի՛ արդարամիտ են եւ պահանջատէր՝ քան Երեւանի իշխանաւորները:
Ատրպէյճանի ապականող քարիւղն ու անոր տարածած ապականութեամբ քողարկուած փտածութիւնն է, որ կը քննադատէ աշխարհը։ Քիչ անգամ կը նշուին ու կը լսուին տեղահանուած Արցախի եւ անոր հայկական սրբատեղիներուն, յուշարձաններուն եւ խաչքարերուն հետեւողական քանդումին մասին, լաւագոյն պարագային՝ կիսատ-պռատ մատնանշումներ կը կատարուին։
Երբ հայկական պետական հակազդեցութեան մեքենայ գոյութիւն չունի, կամ… դիտմամբ չի գործեր, դատարկութեան առջեւ կը գտնուինք։ Իսկ երբ Հ․Հ․ Ազգային Ժողովի նախագահը, առանց բառերը ծամծմելու, ճակատաբաց եւ արհամարհանքով կը հաստատէ, թէ Արցախի հարց գոյութիւն չունի․․․
Աշխարհի իրադարձութիւններուն լոյսին տակ, եթէ կազմակերպուած աշխատանք կատարուէր, դժուար պիտի չըլլար COP29-ը վերածել Ատրպէյճանի բազմերես ոճիրները թէ՛ Տը Ֆաքթօ եւ թէ Տը Ժիւրէ փաստելու եւ COPOUT29-ով փոխարինելու առիթի մը:
Արդեօք Ալիեւ իրաւունք ունէ՞ր, երբ կ’ըսէր, թէ Հայաստան պէտք չէ փախցնէ այս առիթը…
«Հայրենիք» – Պոսթըն
Խմբագրական