ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը վերահաստատեց իր ամբողջական աջակցութիւնը Արցախի մեկուսի շրջանին

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը վերահաստատեց իր ամբողջական աջակցութիւնը Արցախի մեկուսի շրջանին

Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան երկրորդ լիագումարը Երեւանի մէջ
2023-2027 քառամեակի Կեդրոնական Վարչութեան երկրորդ լիագումարի նիստերը տեղի ունեցան Չորեքշաբթի, 13 եւ Հինգշաբթի, 14 Նոյեմբերին, Երեւանի մէջ, Հայաստան։

Երկու օրուան վրայ երկարած նիստերը քննարկեցին Պատգամաւորական ԺԳ. Ընդհանուր Ժողովէն (Հոկտեմբեր 2023) մինչեւ օրս իրագործուած գլխաւոր ձեռնարկները, «Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախ հիմնադրամ»ի իրագործումները եւ Կեդրոնական Վարչութեան եօթը յանձնախումբներու աշխատանքները։

Նիստերը արծարծեցին նաեւ յառաջիկայ երեք տարիներուն նախատեսուած համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական ձեռնարկներու կազմակերպման ընթացքը (համա-Հ.Մ.Ը.Մ.ական մարզախաղեր եւ բանակում, ցամաքամասերու մարզախաղեր եւ բանակումներ, քարոզչական եւ երիտասարդական համագումարներ եւ այլն)։ Յատուկ օրակարգով քննութեան նիւթ դարձան «Մարզիկ» պաշտօնաթերթը, տնտեսական յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ տեղի ունենալիք 2026-ի նաւապտոյտը եւ միութեան կայքէջի ու բջիջային հեռաձայնի յատուկ ծրագիրի արդիականացումը։

ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական Վարչութիւնը վերահաստատեց միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններուն ամբողջական աջակցութիւնը Արցախի Մեկուսի շրջանին

Միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովին եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի տօնակատարութիւններուն առիթով Երեւան ժամանած Հ.Մ.Ը.Մ.ի Կեդրոնական Վարչութեան անդամները Երեքշաբթի, 12 Նոյեմբեր 2024-ին, Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի կեդրոնին մէջ առանձին հանդիպումներ ունեցան Հ.Մ.Ը.Մ.ի Արցախի Մեկուսի շրջանի վարչութեան եւ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Կեդրոնական Վարչութեան հետ։

Արցախի վարչութեան հետ քննարկուեցան վտարանդի մասնաճիւղին անցնող մէկ տարուան աշխատանքները եւ դիմագրաւած գլխաւոր դժուարութիւնները։ Կեդրոնական Վարչութիւնը այս առիթով անգամ մը եւս հաստատեց միութեան աշխարհասփիւռ շրջաններուն ամբողջական աջակցութիւնը Արցախի Մեկուսի շրջանին եւ անոր ծրագիրներուն։

Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի Վարչութեան հետ արծարծուեցան միջ-դիւանական 11-րդ խորհրդաժողովի եւ ՀԱՍԿ-ի 35-ամեակի նախապատրաստական աշխատանքները եւ հայրենի սկաուտութիւնը յուզող հարցեր։ Հանդիպումին Կեդրոնական Վարչութիւնը իր յատուկ գնահատանքը յայտնեց անցնող ամառ Հ.Մ.Ը.Մ.-ՀԱՍԿ-ի կազմակերպած բակային ճամբարներուն, որոնց մասնակցեցան 830 արցախցի երեխաներ։ Հանդիպումը նաեւ առիթ մը եղաւ անդրադառնալու Հայաստանի մէջ Հ.Մ.Ը.Մ.ի աշխատանքներուն տարածման ու զարգացման բազմազան ծրագիրներուն։

Share