Հայաստան Արցախ Ֆոնտը  աւելի քան 600 հազար դոլարի դեղորայք է հայթայթել

Հայաստան Արցախ Ֆոնտը աւելի քան 600 հազար դոլարի դեղորայք է հայթայթել

Կլէնտէյլ, Քալիֆորնիա – Անցեալ շաբաթ, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը օդային առաքումով եւ $630,463 ընդհանուր արժէքով դեղորայք ուղարկեց Հայաստան։

Americares կազմակերպութեան կողմէ նուիրուած՝ առաքուած ապրանքները կը ներառնէին Linagliptin, Milrinone, Flourouracil, Fluconazole, եւ այլ հրատապօրէն անհրաժեշտ դեղեր։

«Մեծապէս կը գնահատենք Հայաստան Արցախ Ֆոնտի երկար տարիներու գործընկեր՝ Americares կազմակերպութեան նուիրած, կեանք փրկող այս դեղերը», յայտնեց Հայաստան Արցախ Ֆոնտի Նախագահ Յարութ Սասունեան։

Յունուարէն Հոկտեմբեր 2024-ի միջեւ, Հայաստան Արցախ Ֆոնտը $25 միլիոն ընդհանուր արժէքով դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ առաքած է Հայաստան, եւ կը ծրագրէ մի քանի եւս առաքում կատարել մինչեւ այս տարուայ վերջը։

Անցեալ 35 տարիներուն, Հայաստան Արցախ Ֆոնտն ու զայն նախորդած Միացեալ Հայկական Ֆոնտը Հայաստանին ու Արցախին հայթայթած են աւելի քան 1 միլիառ եւ 56 միլիոն տոլար ընդհանուր արժէքով մարդասիրական օժանդակութիւն, 158 թռիչքներով եւ 2,595 ծովային արկղերով։

«Հայաստան Արցախ Ֆոնտին կանոնաւորաբար կ՚առաջարկուի, բոլորովին անվճար կերպով, միլիոնաւոր տոլար արժէքով կեանք փրկող դեղեր եւ բժշկական պիտոյքներ», Սասունեան յայտնեց. «մեզի կը մնայ հոգալ առաքման ծախսը միայն։ Ուրեմն կը քաջալերենք ձեր առատաձեռն նուիրատուութիւնները, որպէսզի կարենանք շարունակաբար այս կենսական օժանդակութիւնը ուղարկել Հայաստանի բոլոր բժշկական կեդրոններուն»։ 

Յաւելեալ տեղեկութեան համար, կը խնդրուի դիմել Հայաստան Արցախ Ֆոնտի գրասենեակին. հեռաձայնի թիւ՝ (818) 241-8900. իմէյլի հասցէ՝ sassoun@pacbell.net։

Share