Շաբաթ, Հոկտեմբեր 19-ին, Նիւ Եորքի Քուինզ շրջանի «Terrace on the Park» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Արեւելեան Ա․Մ․Ն․-ի Հայ Դատի տարեկան մեծարանքի 18-րդ հանդիսութիւնը։ Օրուան հանդիսավարն էր Վեհ Պզտիկեանը, որ ամենայն վեհութեամբ եւ բծախնդրութեամբ կատարեց իր պարտականութիւնը։ ։ Ան բեմ հրաւիրեց իր քոյրը՝ երգճուհի Յուշեր Պզտիկեանը, որ Ա.Մ.Ն.-ի, Հայաստանի եւ Արցախի քայլերգները մեներգելով կատարեց մեծարանքի հանդիսութեան բացումը։
Ապա, Նիւ Եորքի մայր Սուրբ Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ հովիւ Մեսրոպ Լագիսեան, որ կը ներկայացնէր Ա.Մ.Ն. Արեւելեան Թեմի Բարեջան Առաջնորդ Անուշաւան Դանիէլեանը (Վեհափառ Արամ Ա․-ի հետ կ՛այցելէր այլ գաղութներ) կատարեց բացման աղօթքը եւ օրհնեց սեղանը։
Ձեռնարկին ներկայ էին Հ․Յ․Դ․ Բիւրոյի անդամ Կիրօ Մանոյեան եւ Հայաստանի Ազգային Ժողովի «Հայաստան» խմբակցութեան պատգամաւոր, Հ.Յ.Դ.-ի անդամ Արթիւր Խաչատրեան։
Տպաւորիչ էր Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Տոքթ․ Արա Չալեանի խօսքը։ «Քիչ առաջ, օգտագործելով ձեռքի հեռաձայնիս ընծայած դիւրութիւնները, ստուգեցի թէ մեր Արցախի մայրաքաղաք Ստեփանակերտի ջերմաստիճանը․․․։ 43 ֆահրընհայթ (6 Սելսիուս) է։ Կարծեմ կը հասկնաք, թէ ո՞ւր է խելքս։ Առանձին չեմ։ Բոլորս ալ հոն ենք։ Մեր Արցախն է եւ մեր պարտականութիւնն է, որ ամէն գնով վերստին տիրանանք եւ մեր քաջարի արցախահայութիւնը վերադառնայ իր երկիրը»։ Ապա Չալեան ներկայացուց Հայ Դատի գործունէութիւնը, շեշտելով, թէ հետեւողական աշխատանքն է, որուն արդիւնք կարելի է իրականացնել մեկնակէտ եւ նպատակ։
Նայիրի Տիրացունեան (Նիւ Ճըրզի) ներկայացուց «Ազատութիւն» շքանշանով պարգեւատրուող ներկայացուցիչ Կրէյս Մենկը (Դեմոկրատական – Նիւ Եորք), որ բռնօրէն քննադատեց Պաքուի քաղաքականութիւնը։
Ան շեշտեց, թէ տարի մը անցած է արցախահայութեան տարագրութենէն եւ սակայն Ատրպէյճան կը մերժէ վերադարձնել հայ գերիները:
«Պաքու կը մերժէ վերադարձնել ղեկավարները, տասնեակ հայ պատերազմական գերիները, ինչպէս նաեւ գերի ինկած խաղաղ բնակիչները: Դեռ աւելին, Ատրպէյճան կը շարունակէ նաեւ սպառնալ իր վերահսկողութեան տակ անցած տարածքներուն մէջ գտնուող կրօնական եւ մշակութային յուշարձաններուն։ Կը կրկնեմ, Ատրպէյճանի մէջ պահուող հայ գերիներու վերադարձի հարցը տակաւին վերջնական լուծում չէ ստացած: Ատրպէյճանի իշխանութիւնները չեն աճապարեր վերադարձնել գերիները` անոնցմէ շատերը կոչելով ահաբեկիչներ եւ վարձկաններ: Հայ գերիներու նկատմամբ քրէական գործեր յարուցուած են:
Որոշած եմ ամէն գնով գործի լծուիլ, որպէսզի Արցախի ժողովուրդին համար ինքնորոշում եւ խաղաղութիւն պահանջեն, եւ անշուշտ առաջնահերթութիւն է բոլոր պատերազմական գերիներու անյապաղ վերադարձը: Պետական մակարդակի գործընկերներուս հետ պիտի աշխատիմ, որպէսզի լուրջ պատժամիջոցներ կիրարկուին Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի դէմ», ըսաւ Մենկ խոր համոզումով եւ զգացումով:
Ապա խօսք առին նաեւ Նիւ Եորքի Հայ Դատի յանձնախումբի ատենապետ Շանթել Նասրի եւ Հայ Դատի Ա․Մ․Ն․ արեւելեան շրջանի գանձապահ Սթիւ Մեսրոպեան, շեշտելով, թէ բեղուն եղաւ անցեալ տարեշրջանը։ «Մեր դէմ ցցուած անելներն ու դժուարութիւնները յաղթահարեցինք։ Նախագահ Ճօ Պայտըն պատշաճօրէն ճանչցաւ Հայոց Ցեղասպանութիւնը, սակայն պատասխանատւութեան չկանչուեցաւ Ատրպէյճանը՝ Արցախի մէջ գործադրած ցեղային զտման համար», ըսաւ Նասրի, իսկ Սթիւ Մեսրոպեան շեշտեց, թէ հայանպաստ զանազան բանաձեւերու յաջողութեամբ, Հայ Դատը պիտի շարունակէ գործել յաւելեալ կորովով: « Հայ Դատի պահանջատիրութեամբ պայքարի ընթացքը զգալի յառաջխաղացք արձանագրած է», ըսաւ ան շեշտելով, թէ այս եւ նմանօրինակ յաղթանակներու պատիւը յատկապէս կը պատկանի երիտասարդութեան, որ վարժողական յատուկ ծրագիրներու կը հետեւի եւ ըստ այնմ, ամենայն պատրաստակամութեամբ եւ հաւատարմութեամբ կը գործէ:
Ապա, Սթիւ Մեսրոպեան ներկայացուց օրուան «Վահան Քարտաշեան» շքանշանակիր Անդրանիկ Պուտագեանը, որուն մօտէն ծանօթացած է տարեկան նաւապտոյտները կազմակերպելու ժամանակ։
Յուզիչ էր Պուտագեանի արտասանած խօսքը, որ թէ հայերէն եւ թէ անգլերէն լեզուով ըսաւ․- «Շատ բան կը պարտիմ իմ ծնողքիս եւ ընտանիքիս։ Անոնք ամէն գնով ուզեցին հայրենի դաստիարակութիւնով թրծել եւ ահաւասիկ այսօր, հպարտ եմ, որ կը ճանչցուիիմ գաղութէն ներս, իբրեւ օրինակելի հայորդի»։
Գաղութէն ներս կատարած իր հետեւողական եւ ժրաջան աշխատանքին համար մեծարուեցաւ նաեւ երիտասարդ Թոնի Վարդանեան, որուն ներկայացուց Շիքակոյի Հայ Դատի գործօն անդամ՝ Մարալ Աբրահամեանը։ Վարդանեան նշեց, թէ աննկուն պայքարելով կարելի է սուրբ նապատակին հասնիլ։ Ան նաեւ նշեց, թէ դասեր պէտք է քաղենք մարդկութեան նկատմամբ կատարուած այլ յանցագործութիւններու ճանաչման եւ հատուցման օրինակներէն:
Օրուան վերջին պարգեւատրուողը յետ մահու տոքթ․ Արա Գաբրիէլեանն էր, ներկայութեամբ իր կողակից Արեւիկի եւ զաւակ՝ Արմէնին։
Հանդիսավար Վեհ Պզտիկեան յատուկ մանրամասնութիւններով նկարագրեց լուիսահոգի տոքթ․ Արան, որ հակառակ Միացեալ Նահանգներ ծնած ըլլալուն, բացառիկ ճշգրտութեամբ կը տիրապետէր հայերէն լեզուին։
Արմէն Գաբրիէլեան, իր հօր մասին խօսելով յայտնեց,թէ որքան տպաւորութիւն ձգած է Արային կատարած հետեւողական աշխատանքը գաղութի զանազան բնագաւառներէն (ազգային, քաղաքական եւ մշակութային)։ «Հպարտ եմ, որ այսպիսի հայր մը ունեցած եմ, որ հիմա վերէն կը հետեւի եւ իր կարգին հպարտ կը զգայ»։
Օրուան փակման եւ վերջին խօսքը փոխանցեց Ուաշինկթընի Հայ Դատի գրասենեակի պատասխանատու Ռաֆֆի Համբարեան, որ ամփոփելով, օրուան հանդիսութիւնը, յայտնեց թէ մեր պարտաւորութիւնն է հետեւողական ձեւով սուրբ գործը շարունակել։ Ապա, ան շեշտեց, թէ միշտ ու միշտ պէտք է երիտասարդութիւնը ներգրաւել եւ գործի լծել։ Ան իր խօսքը աւարտեց, թէ պէտք է հետեւիլ Գարեգին Նժդեհի օրինակով եւ երբեք չվհատիլ։ «Ահաւոր դժուար ու դժնդակ օրեր կ՛ապրնք, բայց միասնաբար կարելի է, որ յաղթահարենք եւ յաղթենք»։
Յայտագրէն առաջ, կատարուեցան նուիրատուութիւններ, որոնք փոխանցուեցան Հայ Դատի Յանձնախումբի անձեռնմխելի հիմնադրամին։ Նաեւ կազմակերպուած աճուրդի արդիւնք, գոյացաւ կոկիկ գումար մը: