Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի ու Ռ. և Գ. Գաբրիէլ մանկամսուրի ներկայացուցիչներ այցելեցին ազգային առաջնորդարան

Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի ու Ռ. և Գ. Գաբրիէլ մանկամսուրի ներկայացուցիչներ այցելեցին ազգային առաջնորդարան

Երեքշաբթի, 1 Հոկտեմբեր 2024-ի երեկոյեան, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան, Ազգ. Առաջնորդարանի մէջ ընդունեց այցելութիւնը Մոնթեպելլոյի Մեսրոպեան Ազգ. երկրորդական վարժարանի տնօրէնուհի՝ Օրիորդ Լենա Կարապետեանի, Ուսումնական մարմինի անդամներու, գլխաւորութեամբ ատենապետ՝ Տիար Քրիս Կուլճեանի, ինչպէս նաեւ Ռան եւ Գոհարիկ Գաբրիէլ մանկամսուրի վարիչուհի՝ Տիկին Անգին Իսկաճեանի: Հանդիպման ներկայ եղաւ նաեւ Ս. Խաչ Մայր տաճարի Հոգեւոր տեսուչ՝ Գերպ. Հայր Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը բարի գալուստ մաղթեց այցելուներուն եւ իր խօսքին մէջ վեր առաւ Ազգ. վարժարաններու մէջ քրիստոնէական դաստիարակութեան կարեւորութիւնը՝ շեշտելով հայ դպրոցներու աշակերտութիւնը կանուխ տարիքէն Աստուծոյ երկնային պատուիրաններով սնուցելու անհրաժեշտութիւնը:

«Դաստիարակութիւնը նաեւ կ՛իրականանայ կրօնի դասագիրքերու ժամանակակից պատրաստութեամբ», ընդգծեց Գեղամ Արքեպիսկոպոս՝ աւելցնելով, որ կրօնի նոր դասագիրքերու պատրաստութիւնը անհրաժեշտ է վստահիլ ատակ եւ փորձառու հայորդիներու, ապա շեշտեց կարեւորութիւնը՝ շրջահայեաց մօտեցումով եւ արդի մեթոտներով քրիստոնէական հիմնարար սկզբունքները մանուկ, պատանի եւ երիտասարդութեան սեմին կանգնած աշակերտներուն մատուցելու, ինչպէս նաեւ՝ կրօնի արդիական դասագիրքեր իրականացնելը, «որովհետեւ,- ըսաւ ան,- հինէն ի վեր, հայեցի դաստիարակութեան անբաժան մաս եղած է Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութիւնը, երկուքը զիրար ամբողջացուցած են եւ միասնաբար ջամբուած Ազգային վարժարաններու մէջ, մինչ, նոր ժամանակներու մէջ, դժբախտաբար, Հայ Եկեղեցւոյ քրիստոնէական դաստիարակութեան բաժինը պահանջուած կարեւորութեամբ չէ, որ մաս կը կազմէ հայեցի կրթութեան համակարգին»: Շարունակելով այս մտածումը, Գեղամ Արքեպիսկոպոս նաեւ իր գոհունակութիւնը յայտնեց, որ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարանի նորանշանակ տնօրէնուհին Հայ Եկեղեցւոյ առաքելութեան ու դաւանած արժէքներուն շատ մօտիկ կանգնած՝ հաւատքով լեցուն երիտասարդուհի, յանձնառու անձնաւորութիւն եւ վարժարանի կրթական ղեկավարն է:

Մտերմիկ զրոյցի աւարտին, այցելուները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնեցին Առաջնորդ Սրբազանին, որ մօտէն կը հետեւի մատղաշ տղոց ու աղջիկներու հոգեկերտուածքի առողջ պահպանման ու զարգացման, ապա տեղեկութիւններ փոխանցեցին իրենց վարժարանին ու մանկամսուրի ներկայ իրավիճակին, աշխատանքներուն եւ ծրագիրներուն մասին՝ դիտել տալով, որ նոր մարզասրահի կառուցումը ամբողջացման ընթացքի մէջ է, եւ որ հաւանաբար պատրաստ կ՛ըլլայ երկու ամիսէն:

Առաջնորդ Սրբազան Հայրը շնորհաւորեց երկու կառոյցներուն պատասխանատուները եւ իր հայրական օրհնութիւնները բաշխեց անոնց՝ նշելով, որ նախապատիւ կը համարէ այցելել հայկական վարժարաններ եւ խոստացաւ ամէնէն յարմար առիթով պաշտօնապէս այցելել նաեւ Ազգ. Մեսրոպեան վարժարան եւ Գաբրիէլ մանկամսուր:

Հուսկ, վարժարանի պատասխանատուները յիշատակի իւրայատուկ նուէր մը փոխանցեցին Առաջնորդ Սրբազան Հօր:

Share