Առաջնորդ սրբազան հայրը նախագահեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վերահսկիչ մարմինի համագումարին

Առաջնորդ սրբազան հայրը նախագահեց կիրակնօրեայ վարժարաններու վերահսկիչ մարմինի համագումարին

Շաբաթ, 28 Սեպտեմբեր 2024-ին, Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Ս. Արք. Խաչերեան նախագահեց Թեմի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերահսկիչ մարմինի կողմէ վերամուտի առիթով կազմակերպուած միօրեայ համագումարին, որ տեղի ունեցաւ Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ համալիրին մէջ: Համագումարին ներկայ եղան Կրօնական Ժողովի ատենապետ՝ Գերպ. Տ. Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեան, Հոգեւորականաց դասու անդամներ, Կիրակնօրեայ վարժարաններու նուիրեալ-ծառայողներ՝ տեսուչներ, ուսուցիչ-ուսուցչուհիներ:

Ըստ աւանդութեան, ամէն աշնան, Կիրակնօրեայ վարժարաններու վերամուտէն կարճ ժամանակ ետք, Վերահսկիչ մարմինը կը կազմակերպէ համագումար՝ Կիրակնօրեայ վարժարաններու գործունէութիւնը գնահատելու, առկայ դժուարութիւնները քննելու եւ նոր տարեշրջանի ծրագիրները համատեղ մշակելու նպատակով:

«Տէրունական աղօթք»ի եւ «Հաւատամք»ի միասնական արտասանութենէն ետք Վերահսկիչ մարմինի ատենադպիր՝ Արժ. Տ. Ղեւոնդ Քհնյ. Քիրազեան կատարեց բացման խօսքը, մինչ տեսուչները, յաջորդաբար, ներկայացուցին իրենց ուսուցչական կազմերը եւ Կիրակնօրեայ դպրոցներու ներկայ իրավիճակը: Կլենտէյլի Ս. Աստուածածին եկեղեցւոյ Տեսուչ՝ Տիար Յակոբ Ջաղացպանեան իր կարգին ներկայացուց պատանիներու կրօնա-բարոյական դաստիարակութեան առնչուող շինիչ նիւթ:

Ճաշի դադարէն ետք, համագումարին մասնակիցները հաղորդ դարձան Միւռոն Ծ. Վրդ. Ազնիկեանի նիւթին, որ կ՛առնչուէր մերօրեայ հայ մանուկին ու պատանիին ինքնութեան ու հոգեւոր-բարոյական կառոյցի խաթարման սպառնացող վտանգներուն եւ անոնց առաջքը առնելու մասին իր պատկերացումներուն:

Համագումարի մասնակիցներուն ծրագիրները, տեսակէտներն ու առաջարկները լսելէ ետք, Առաջնորդ Սրբազան Հայրը յատուկ կերպով շեշտեց Կիրակնօրեայ վարժարաններու դերն ու առաքելութիւնը Թեմի ազգային կեանքին մէջ՝ դիտել տալով, որ ներկայիս Կիրակնօրեայ վարժարանները նաեւ կոչուած են մեծ բաց մը փակելու հայ համայնքի կրթական համակարգին մէջ, ուր, դժբախտաբար, հազիւ թէ կը մատուցուին հայ-քրիստոնէական գիտելիքներ, հոգեւոր դաստիարակութեան ջամբում տեղի չ՛ունենար բաւարար չափով, հայ նոր սերունդի մատղաշ տղաքն ու աղջիկները չեն ամրանար քրիստոնէական հաւատքով, չեն պատրաստուիր ծառայելու Հայ Եկեղեցւոյ եւ ըլլալու պիտանի անօթ ազգին ու հայրենիքի կեանքին մէջ:

Յատկապէս այս իմաստով ան շեշտեց կարեւորութիւնը Կիրակնօրեայ վարժարաններու դաստիարակչական ծրագիրներուն՝ ըսելով. «Մեր ակնկալութիւնն է, որ ձեզի յանձնուած աշակերտները դուք դաստիարակէք Հայ Առաքելական Ուղղափառ դաւանանքի սկզբունքներով, անոնց դեռատի հոգիներն ու միտքերը լեցնէք Հայ Եկեղեցւոյ հայրերու հաւատալիքներով ու դաւանած հոգեւոր, ազգային եւ համամարդկային անկորնչելի արժէքներով», ապա ներկաներուն հայրաբար մաղթեց յաջողութիւն իրենց աշխատանքներուն մէջ, որոնք շարունակուեցան մինչեւ ուշ յետմիջօրէ:

Share