Սփիւռքի մարդահամար

Սփիւռքի մարդահամար

Յ. Պալեան

            Ինքնախօսութեան հանդէս. կ’ըսենք եւ կը գրենք Սփիւռք: Ո՞վ կրնայ ըսել, թէ մարդկային,  թուական, ընկերաքաղաքական եւ այլ կարողականութիւններու ի՞նչ կշիռ կայ այդ կրկնուող յղացքի ետին:

            Հեռաւոր կամ մօտաւոր ո՞ր ճշգրտութեամբ կը խօսուի եւ կը գրուի ՍՓԻՒՌՔքի ենթադրական միլիոններու մասին: Ի՞նչ հիմնաւորումներով կ’ըլլայ համրանքի գնահատումը: Այլ հարց է ազգային որակի հարցը: Եթէ Սփիւռքը հայրենահանուածներու յետնորդներու աշխարհագրական բանաձեւում չունեցող անորոշ  սահմաններու մէջ ապրող հայրենազրկուած ազգի անդամներու տարտղնուածութիւն է, որ կը յաւակնի ազգային խմբաւորում ըլլալ, որուն անունով քաղաքական-քարոզչական նախաձեռնութիւններ կ’ըլլան, պէտք է գիտնալ թէ ի՞նչ թիւ կը ներկայացնէ ան, որպէսզի ան նկատառելի քաղաքական ազդակի յաւակնութիւն ունենայ: Ենթադրութիւններ կ’ընենք եւ ապա զանոնք կը համարենք իրականութիւն:

            Սփիւռքը կտակ ստացած է իր իրաւազրկուած եւ ոճիրի զոհ նախորդներու բազմաբնոյթ իրաւունքը, որ սիրողական կամ ճշմարիտ քաղաքականութիւն է, ըստ դիտանկիւնի: Աշխարհատարած դարձած  եւ կոտորակուած այդ զանգուած է ինչ որ կը կոչենք Սփիւռք, որուն համար ենթադրական թիւեր տալով հանդէս գալ հռետորաբանութենէ անդին չի տանիր:

            Սփիւռքը անորոշ թիւով համայնքներու եւ անոնց անորոշ թիւով անդամներու գումար է: Այս կամ այն համայնքին մէջ տուեալ խմբաւորումներ իրենք իրենց կը շնորհեն ներկայացուց»ութեան իրաւունք . եկեղեցի. յարանուանութիւններ, միութիւն-կուսակցութիւններ: Այս անորոշութեան պայմաններուն մէջ, Սփիւռքը քաղաքական ներկայացուցչութիւն ինչպէ՞ս կրնայ ունենալ: Կ’ունենայ միութիւններ, որոնք որքան ալ բազմամարդ եւ գործունեայ ըլլան, ՍՓԻՒՌՔի ներկայացուցչութիւն չեն ըլլար, քանի որ յոգնակի եւ բազմագլուխ փոքրամասնութիւններ են, եւ «ղեկավարներ» կամ զանազան  բնոյթի «կազմակերպութիւններ», իրենց ուզած ձեւով կը հնչեցնեն ներկայացուցչական ըլլալու իրենց նուագը, համոզուելով եւ համոզել փորձելով, որ լսուող-լսուելիք նուագը նոյնն է: Հիմա այդ ալ կը հնչէ որպէս աղմկակարութիւն  անտէր համացանցի եթերին մէջ:

            Ո՞ր յարգելի բանիմացը կրնայ ըսել, թէ այս կամ այն երկրի գաղութի, կամ քաղաքի հայերու թիւը ի՞նչ է: Թիւեր կը տրուին առանց հիմնաւորումներու: Ենթադրութիւն եւ ցանկութիւն իրականութիւն կը համարուին, որոնց վրայ տեսութիւններ կը մշակուին եւ դիրքեր գրաւելու պայքարներ կը մղուին:

            Գիտական մեծ հնարաւորութիւններու մեր դարուն, ինչո՞ւ չենք փորձած եւ չենք փորձեր գիտնալ, թէ ի՞նչ համրանք ունի Սփիւռք անուան տակ ներկայացուող հայկական միգամածը (nebulous): Սրահի մը մէջ հաւաքուածներ կամ քանի մը հազար ցուցարարներ այդ միգամածի ո՞ր տոկոսն են:

            Ո՞վ եւ ո՞ր իրաւասութեամբ, կամ լիազօրութեամբ, կրնայ խօսիլ եւ պահանջ ներկայացնել յանուն անորոշ թիւ ունեցող թէական զանգուածի մը: Ի՞նչպէս կրնանք ներկայանալ մեր խօսակիցին, համ ինչպէս սովորութիւն է, միջազգային ատեաններու:

            Ամբոխավարութիւն է խօսիլ ՍՓԻՒՌՔԻ ՄԻԼԻՈՆՆԵՐու մասին, կամ անոր անունով: Երկիրներ անձնագրային եւ տուրքի սպասարկութիւններ ունին, երբեմն ալ մարդահամար կը կազմակերպեն եւ կրնան գիտնալ իրենց ներայացուցած ժողովուրդին թիւը: Աւելի յստակ կ’ըլլայ կացութիւնը, երբ ժողովրդավարական քուէով ներկայացուցչութիւն կը լիազօրուի:

            Այդ ներկայացչուցչութեան իրաւունքը ձեռք կը բերուի նաեւ զանազան բնոյթի մարտերով. պատերազմ, յեղափոխութիւն: Ինչպիսի հիմնաւորումով կրնանք գիտնալ Արժանթինի, Ֆրանսայի, Սուրիոյ, կամ Փարիզի, Նիւ Եորքի կամ այլ քաղաքներու հայերու թիւը: Հարց է, թէ ինչպէ՞ս ներկայացուցչութիւն կ’ունենանք եւ ի՞նչ հիմնաւորումով: Եթէ մի ոմն Ինքնատիոս հրապարակ գայ եւ ըսէ, թէ ինք կը ներկայացնէ հայրենազրկուածներու յետնորդները, ո՞վ կարեւորութիւն պիտի ընծայէ անոր եւ ինչո՞ւ: Ցարդ միակ ընդունուած թուական գնահատումը կը վերաբերի ցեղասպանութեան զոհերուն, մէկուկէս կամ երկու միլիոն: Իսկ ցեղասպանուածներու եւ հայրենահանուածներու յետնորդները, Հայաստան եւ Սփիւռք, ի՞նչ թիւ կը ներկայացնեն: Ինչպէ՞ս թիւ տալ:

            Հայկական Կազմակերպութիւնները, եկեղեցի-յարանուանութիւններ, կուսակցութիւններ, ներկայացուցչական ըլլալու փառասիրութիւն ունեցող միութիւններ, համատեղ ճիգով ինչո՞ւ չեն փորձած ճշդել հայրենահանուածներու իրաւատէր յետնորդներու թիւը եւ յառաջացնել լիազօրուած ներկայացուցչութիւն, որ չկայ այսօր: Այսօր ան յոգնակի իրարանցում է

            «Սփիւռքի մարդահամար»ը սիրողական նախաձեռնութիւն մը չէ: Միջոցներով օժտուած եւ ընկերաբանական հիմունքներով կառոյցի մը գործ է, որուն իրականացման կ’աջակցին բոլոր բարի կամեցողութեան ունեցոող «կազմակերպութիւնները», առանց հրէի եւ հեթանոսի տարբերութիւններու: Այս շաբաթավերջի էսթէպլիշմընթային զբաղում չէ, ոչ ալ սովորական դարձած մրցակցութիւններ եւ փառասիրութիւններ բաւարարելու միջոց: Ի հարկին պէտք է դիմել միջազգային տարողութիւն ունեցող մասնագէտներու կարծիքին եւ օժանդակութեան, սեփական շահախնդրութիւնները եւ ենթադրութիւնները գերանցելով, յանգիլ առարկայական արդիւնքի: Այս թաղի մը քաղաքական կամ միութեան մը աշխատանք չէ, այդ սիրողական միջոցներով եւ «շաբաթավերջի բազմապատիկ կարծիքներով կարելի չէ իրականացնել, ան գիտական լայնածիր աշխատանք է: Եկեղեցական, կուսակցական, միութենական մասնատուած զբաղում չէ: Եթէ մի ոմն «ղեկավար»,  բարիկամեցողութիւն ունեցող հրապարակախօս, յայտարարէ, որ Սփիւռքը երկու, երեք, տասը, քսան կամ յիսուն միլիոն է, ո՛չ յայտարարողը այդ կրնայ փաստել ո՛չ ալ քննադատողը կրնայ հակառակը փաստել:

            Ազգի իրաւունք վերականգնելու համար պայքարողներ, «ղեկավար», «առաջնորդ», «մտաւորականութիւն», առարկայական հիմունքներով պէտք է գիտնան եւ ըսեն, թէ որոնց դատը կը պաշտպանեն, որոնց կողմէ լիազօրուած են:

            Սփիւռք յղացքին կցելու համար մարդկային զանգուածի  թիւ մը, առաջին հերթին կեանքի պէտք է կոչել բանիմացներու յանձնախումբ մը, որ կ’ուսումնասիրէ կարելիութիւնները, խորհրդատուութեան համար կը դիմէ մասնագէտներու, կը պատրաստէ կարելիութեան ծրագիր մը, որպէսզի Սփիւռքի մարդոց թիւը ճշդուի, ապա միայն կարելի է մտածել ներկայացուցչութիւն մը յառաջացնելու մասին, մէկ կամ բազմաթիւ, հայկական իրաւունքը միջազգային ատեաններու առջեւ պաշտպանելու համար, ներկայանալով  իրաւազրկուած եւ դեռ շարունակուող իրաւազրկման ենթակայ յատուկ անուններով մարդոց իրաւունքի որպէս պաշտպան:

            Առանց առարկայական տուեալներու հիմնաւորման հետապնդուած դատը, բախտաւոր պարագային կ’ըլլայ մխիթարական պարգեւի ակնկալութիւն, ինչպէս որ ցարդ եղան ցեղասպանութեան «ճանաչում»ները:

            Հայկական պետութիւնը, իր կարգին, պէտք է հետաքրքրուած ըլլար Սփիւռքի համրանքի եւ այլ կարողականութիւններու առարկայական ծանօթացումով, եւ   այդ նկատի ունենար որպէս  հզօրութեան կարեւոր ազդակ:

            Ներսը եւ դուրսը, մասնակիէն եւ անմիջականէն անդին նայելու քաղաքական իմաստութիւն կ’ունենա՞նք, որպէսզի այլոց խարդաւանանքներու եւ անկարողութիւններու զոհ չըլլանք, եւ օր մը մեր մասին չխօսուի որպէս «պատմական» կամ «անցեալ», եւ անբոյն ճնճղուկներու պէս չճռուողենք որպէս «համաշխարհային ազգ»:

            Այսօր հին թուղթերուս մէջէն յայտնուած ընթերցման նօթ մը ինծի յիշեցուց  Լիբանանցի մեծ գրող Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը: Արտագրած էի իր հետեւեալ իմաստութիւնը.

«Գթացէ՛ք ազգին՝  որուն իմաստունները, տարիքի բերմամբ համրացած են,  մինչ ուժեղները  դեռ օրօրոցի մէջ են:

          «Գթացէ՛ք  պառակտուած ժողովուրդի  մը՝ որուն իւրաքանչիւր հատուածը կ’ուզէ ինք տէր ըլլալ ազգի անուան»:

          Չեմ գիտեր, թէ մեծ գրողը հանդիպա՞ծ էր հայերու, ճանչցա՞ծ էր զանոնք: Գրողի իմաստուն կանչը,արտագրեցի ի պէտս ներսի եւ դուրսի զիրար մերժող ամենագէտ «հայրենասէրներ»ուն:

            Իրաւ իմաստունները միշտ սաւառնած են, խօսած եւ գրած են բոլոր ժամանակներու եւ բոլոր մարդոց համար:

            Եթէ հայ մը գրած ըլլար վերոնշեալ տողերը, թերթերը արձագանգած ըլլային, եթէ ընթերցողներ եւ լսողներ ըլլային, մեր անորոշ միլիոններու մթագնած ներկան տարբեր կ’ըլլար: Միշտ կրկնելով՝Հայաստան եւ բազմահասցէ եւ բազմանուն հին եւ նոր Սփիւռք(ներ):

            Ինչո՞ւ, փոխան տակառային աղմուկի, բարձրախօսներէն չի հնչեր Կոմիտասի «Անտունի»ն…

Մէկ օդանաւէ միւսը ցատքող եւ խօսափող զբաղեցնող ախտաւորները, միշտ ներսի եւ դուրսի, իրատես կը կը դառնան, եթէ տէրունական աղօթքի պէս յիշեն եւ երգեն Կոմիտասի «Անտունի»ն…  «Սիրտս նման է էն փլած տներ, Կոտրեր է սներ, խախտեր գերաններ, Բուն պիտի դնեն մէջ վայրի հաւքեր: Երթամ ձի թալեմ էն ելման գետեր, ըլնեմ ձկներու ձագերացն կեր: Տօ լաճ տնաւեր»…

Եւ յիշել Ժըպրան Խալիլ Ժըպրանը. «Գթացէ՛ք  պառակտուած ժողովուրդի  մը՝ որուն իւրաքանչիւր հատուածը կ’ուզէ ինք տէր ըլլալ ազգի անուան»: Աւելի հասկնալի՝ Գահին

Share