Ուղերձ Ապրիլ 24-ի 107-Ամեակի Առթիւ

Ուղերձ Ապրիլ 24-ի 107-Ամեակի Առթիւ

Այսօր կը նշենք Հայ ժողովուրդի դէմ գործադրուած 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան 107-րդ տարելիցը: Մեր գլուխները խոնարհելով մէկ ու կէս միլիոն նահատակներու յիշատակին առջեւ  անգամ մը եւս կու գանք վերանորոգելու՝ նահատակներու կտակին հաւատարիմ մնալու մեր ուխտը եւ  շնորհակալութիւն յայտնելու աշխարհի այն բոլոր երկիրներուն, որոնք ճանչցան Հայոց մեծ արհաւիրքը:

հայ ժողովուրդին դէմ գործուած ցեղասպանութեան փաստին ընդունումը՝ հետզհետէ նոր վաւերականութիւն կը ստանայ շատ մը երկիրներու կողմէ, որոնք անցեալին, խիստ անտարբեր էին մեր անժամանցելի դատին հանդէպ: Այսօր՝ այդ փաղանգն ընդլայնուելով, ստուար թիւ մը կազմած է, գլխաւորութեամբ ԱՄՆ-ին, որուն նախագահը տարի մը առաջ պաշտօնապէս ճանչցաւ հայոց ցեղասպանութիւնը: Վերջին տարիներուն տեղի ունեցած այս իրողութիւններու պրիսմակին տակ, կը հաւատանք, որ միայն հատուցման ճանապարհով է որ մեր ժողովուրդը պիտի հասնի իր արդար պահանջներուն:

Հայ ժողովուրդին դէմ գործադրուած անմարդկային ոճրագործութիւնը ցարդ կը մնայ անպատիժ ու Թրքական պետութիւնը կը մերժէ առերեսուիլ իր պատմութեան սեւ էջերուն հետ: Աւելին, Արցախի հերոս մեր ժողովուրդը նոր ցեղասպանութեան մը վտանգին առջեւ կը գտնուի՝ թուրք-ազերի դաշինքին կողմէ:

Արցախեան ներկայ իրապատկերի շուրջ վտանգաւոր կացութեան եւ տարածաշրջանի մէջ արագօրէն զարգացող իրադարձութիւնները անխուսափելիօրէն համայն Հայութենէն կը պահանջեն  գերզգոնութիւն եւ ազգային միասնութեան ջանքերու գերլարում կանխելու համար յետագայ ոտնձգութիւններ Հայաստանի եւ  արցախահայութեան խաղաղ բնակչութեան դէմ եւ անոնց առիթ ընծայելու  պահպանելու իրենց գոյութիւնը եւ իրաւունքներու անձեռնմխելիութիւնը։

Մեծ Եղեռնէն դար մը ետք, միջազգային ընտանիքը՝ տակաւին յստակ կերպով չէ դիրքորոշուած: Այլ խօսքով՝ գործնական միջամտութիւն չէ կատարած այն ազատատենչ ժողովուրդներուն նկատմամբ, որոնք կը շարունակեն իրենց արդար պայքարը՝ ի խնդիր ինքնիշխան ազատ եւ խաղաղ կեանքի:  

Մինչ այդ, Հայ ժողովուրդը՝ Հայաստանի եւ սփիւռքի տարածքին կը շարունակէ իր ամբողջական իրաւունքներու պաշտպանութեան եւ արդարութեան վերականգնման համար մղած իր պայքարը՝ մինչեւ վերջնական յաղթանակ:

Լոս Անճելըսահայ համայնքի կազմակերպութիւններով այս տարի եւս համախմբուած ենք մեր ձայնը բարձրացնելու ու պահանջելու մեր ժողովուրդի արդար իրաւունքները:

Բիւր յարգանք՝ Հայ ժողովուրդի բոլոր նահատակներուն

ՍԴՀԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Վարիչ Մարմին

ՀՅԴ Արեւմտեան Ամերիկայի Կեդրոնական Կոմիտէ

ՌԱԿ Արեւմտեան Ամերիկայի Շրջանային Վարչութիւն

Ապրիլ 24, 2022

Share