Վարուժ Բաբումեան
Ռուս-Ուկրանական պատերազմը եւ անոր որպէս արդիւնք՝ Արեւմուտքի պատժամիջոցներու գործադրութիւնը եւ Ռուսական քարիւղէն եւ բնական գազէն հրաժարիլը, կասկած չի կայ, որ զգալիօրէն սկսած է ազդել ճարտարարուեստականացած պետութիւններու տնտեսական, ընկերային եւ ֆինանսական հիմնահարցերուն վրայ: Եւրոպական գերտնտեսութիւնները՝ ինչպէս Գերմանիան, որը ի միջի այլոց վերջին քսան տարիներուն հանդէս եկած է որպէս Եւրոպայի ամենէն կայուն տնտեսութիւններէն մէկը, անմիջականօրէն կախուածութեան մէջ կը գտնուի ռուսական քարիւղէն ու գազի ներածումներէն: Իրականութեան մէջ Գերմանիա իր սպառած քարիւղի 40 առ հարիւրը մինչեւ պատերազմի սկսիլը կը ներածէր ռուսաստանէն: Գրեթէ նոյն կացութեան մէջ կը գտնուի նաեւ Ֆրանսան, Ամերիկան, իտալիան եւ Հիւսիսային Ատլանտեան Դաշինքի ՆԱՏՕ մնացեալ անդամ երկիրները: Այս երեւոյթը երկար վազքի վրայ զգալի եւ ծանր վնասներ կրնայ պատճառել արհեստագիտօրէն զարգացած երկիրներու տնտեսական, ընկերային եւ իչու ոչ նաեւ քաղաքական ասպարէզներու վրայ: Սակայն, այս հանգրուանին, ՆԱՏՕ-ի անդամ երկիրներուն համար շատ աւելի կենսական է Ռուսստանին եւ անոր ընդմէջէն, զսպել կամ միացեալ եւ վճռական ճակատ մը կազմել Պուտինի օրէ օր աճող միապետական ախորժակներուն դէմ:
Իրականութեան մէջ, Ռուս-Ուկրանկան պատերազմը առերեւոյթ այս երկու պետութիւններուն միջեւ է: Սակայն ուսումնասիրելով այս պատերազմին տուն տուող թաքուն ծալքերը կը տեսնենք, որ իրականութեան մէջ անիկայ լռելեայն պատերազմ է երբեմնի Համայնավար կայսրութիւնը վերակենդանացնող Պուտինի եւ Արեւմուտքի միջեւ: Այլ խօսքով, Համայնավարական կարգերու փլուզումով, փլուզուեց նաեւ երբեմնի երկբեւեռ քաղաքական համակարգը: Այս փլուզումը պատճառ դարձաւ, որ երբեմնի Խորհրդային միութեան անդամ երկիրներէն շատեր նախընտրեցին անդամակցիլ ՆԱՏՕ-ի եւ Եւրոպական Միութեան: Հոն տեսնելով իրենց երկիրներու եւ ժողովուրդի բարօրութիւնը, քաղաքական համեմատական կայունութիւնը եւ ընկերային ազատութիւնները: Մէկ խօսքով բոլոր այն ինչ զրկուած էին աւելի քան 75 տարիներ:
Ըլլալով նախկին համայնավար եւ ԿԳԲ-ի ղեկավար, Պուտինին համար մահուան համազօր էր տեսնիլ թէ ինչպէս մէկիկ մէկիկ համայնավար պետութիւնները անդամակցելով Եւրոպական Միութեան Եւ ՆԱՏՕ-ին, Ռուսաստանի շուրջ կը ստեղծեն այնպիսի անթափանցելի պատնէշ մը որը ուշ թէ կանուխ պիտի վտանգէ Ռուսական կայսրութիւնը վերակենդանացնելու Պուտինի երազները: Որպէս օրինակ կրնանք յիշել 2004 թուականին վրաստանի եւ Սահակաշվիլի իշխանութեան մտադրութիւնները ՆԱՏՕ-ին միանալու ճիգերը ուր Վրաստան որպէս արդիւնք կորսնցուց Աբխազիան եւ Օսէթիան: Անկէ ետք, 2014-ին Ուկրանիոյ բացարձակ տրամադրութիւնները, նմանապէս Եւրոպական անդամակցութեան եւ նոյնիսկ ՆԱՏՕ-ին միանալուն յայտարարութիւնները եւ Արժանապատուութեան Յեղափոխութիւնը եւ Մայտանի ցոյցերը որուն արդիւնքով օրուայ նախագահ Եանուկովիչ պարտաւորուեցաւ, նախ հեռանալ Կիեւէն եւ անկէ ետք ալ Ուկրանիայէն:
Հայաստանի մէջ 2018-ին կասկածելի ու հարցական պայմաններու մէջ իշխանութեան եկաւ քաղաքական ուժ մը որուն հիմնական արեւելումը թաքուն չը մնաց ո՛չ միայն Հայ ժողովուրդի աչքէն, այլ եւ մանաւանդ Ռուսերէն:
Անգամ մը եւս Պուտին ականատեսը եղաւ Հարաւային Կովկասի աշխարհաքաղաքական հաստատած համակարգի հաւասարակշռութեան խախտման վտանգը: Հայաստանեան նոր իշխանութիւնները շատ հապճեպով սկսան իրենց հակակրանքը Ռուսաստանի նկատմամբ ցոյց տալ: Երեւոյթ մը որ Պուտինին մղեց բոլորովին տարբեր քաղաքականութիւն որդեգրել Հայաստանի նկատմամբ:
Վրաստանի եւ Ուկրանիոյ փորձառութիւններուն եկաւ աւելնալու Հայկական փորձառութիւնը: Ուստի, հարկաւոր էր նաեւ Հայաստանի նկատմամբ որդեգրել, նախ համոզելու իսկ յետոյ պատժիչ քաղաքականութիւն: Վրաստանի վրայ զինուորական գործողութիւններուն յաջորդեց Ուկրանիոյ Արեւելեան շրջաններու զինուորական լուծումներով անջատումը եւ զանոնց անպաշտօն կցումը Ռուսաստանի:
Չուշացաւ նաեւ Հայաստանի պարագան: Արդարեւ, Պուտին շատ աւելի ջերմ յարաբերութիւններու մէջ մտաւ Հայաստանի դրացի եւ վաղեմի թշնամի՝ Թուրքիոյ եւ Ադրբեջանի հետ: Մէկ քարով երկու թռչուն որսալու սկզբունքով՝ նախ Արեւմուտքէն մասամբ հեռացուց Թուրքիան անոր տալով S-400 գերարդիական հրթիռներու համակարգը, երեւոյթ մը որ հաշտ աչքով չը դիտուեցաւ Միացեալ Նահանգներու եւ ՆԱՏՕ-ի կողմէ, իսկ անկէ ետք, կանաչ լոյս ցոյց տուաւ Ադրբեջանին սանձազերծելու համար 2020 թուականի 44 օրեայ պատերազմը Հայութեան դէմ, որուն որպէս արդիւնք Արցախ եւ Հայաստան ունեցան մարդկային, զինուորական եւ տնտեսական զգալի վնասներ:
Սակայն ինչո՞ւ այս բոլորը:
Ռուս-Ուկրանական պատերազմին պատճառով ստեղծուած տնտեսական ճգնաժամը, ռուսական վառելանիւթէն կախուածութեան ճգնաժամը դարմանելու մտադրութեամբ, Արեւմուտքը կը փորձէ տարածաշրջանին մէջ լարուածութիւնները եւ հակամարտութիւնները լուծել եւ ստեղծել այնպիսի նպաստաւոր իրավիճակ ուր կարելի պիտի ըլլայ Ադրբեջանի քարիւղը հասցնել Եւրոպա, եթէ ոչ նոյնիսկ, Միացեալ Նահանգներ:
Տարածաշրջանի ամենէն խոցելի հակամարտութիւններէն է Ատրպէյճանականն աւելի քան երեսուն տարիներու վրայ յամեցող զինուորական գործողութիւնները, թէ՛ Հայկական կողմի եւ թէ՛ Ազերիական կողմի անզիջող եւ կարծր դիրքորոշումները:
Ահաւասիկ, այս իրողութիւններու լոյսին տակ է, որ պիտի քննուի վերջին քանի մը ամիսներուն գաղտնի եւ յայտնի բանակցութիւնները Թուրքերու եւ Հայերու միջեւ մէկ կողմէ, իսկ միւս կողմէ ալ, այսպէս կոչուած, Հայաստանաբնակն սահմանազատման եւ սահման գծման, ինչպէս նաեւ հաշտեցման ճիգերը:
Կարեւորութեամբ հոս յիշենք, որ Նիկոլ Փաշինեանի կողմէ յաճախ օգտագործուող հաշտեցման դարու բանակցութիւնները ոչինչ եթէ ոչ այն զուռնային որուն ձայնը հեռուէն միայն հաճելի կը հնչէ: Այլապէս անիկայ ո՛չ մէկ դրական արդիւնք պիտի ունենայ Հայաստանի ու Հայութեան համար: Ընդհակառակը, անկէ հիմնական օգտուողներն պիտի ըլլան նախ եւ առաջ Արեւմուտքը, ով պիտի թեթեւացնէ քարիւղի սահմանափակումներուն պատճառով ստեղծուած ճգնաժամը թեթեւացնելու իր սեփական ժողովուրդին համար: Երկրորդ, Ռուսաստան պիտի կորսնցնէ սեփական քարիւղի խաղաքարտը գործածելու առաւելութենէն եւ տնտեսական սահմանափակումներու որպէս հետեւանք կրնայ պարտադրուիլ զիջումներ կատարելու այս պատերազմի ընթացքին: Երրորդ շահողներէն պէտք է յիշել Թուրքիան ով կարելիութիւն պիտի ստանայ Զանգեզուրի եւ Հարավային Հայաստանի ճամբով հասնիլ իր դարաւոր երազանքներէն մէկին՝ մինչեւ թրքախօս ժողովուրդներ: Այլ խօսքով իրականացնել Փանթուրանականութիւնը: Իսկ Ադրպէճանի պարագային, ան պիտի վերատիրանայ 1991-ի պատերազմին կորսնցուցած իր եօթ շրջանները, առաւել, լաւագոյն պարագային նաեւ ամբողջ Արցախը:
Չը մոռնանք նաեւ Իրանի պարագան: Իրան եւս պիտի կորսնցնէ այն պատեհ առիթը: Հայաստանի վրայով իր քարիւղը հասցնել Եւրոպա եւ անդի:
Ասպէս կոչուած Դարաշրջանի Հաշտեցման գործընթացը ինչ բարենպաստութիւն պիտի բերէ Հայաստանին, Արցախին ու Հայութեան: Գրեթէ ոչինչ:
Այս ընթացքով Արցախ պիտի յայտնուի Ադրպէճանի կազմին մէջ, որ կը նշանակէ ոչ տասնամեակէ ուշ ամբողջականապէս հայաթափում: Այն ինչ պատահեցաւ Նախիջեւանի պարագային: Իսկ Հայաստան պիտի ստանայ տնտեսական մանրուքներ որը պիտի բաւարարէ սովէն չը մահանալու աստիճան ողջ մնալու եւ ձեւով մը գոյութիւն քարշ տալու իրավիճակ:
Միամտութիւն պիտի ըլլայ Հայաստանի ներկայ իշխանաւորներուն համար մտածել, որ սահմաններու վերաբացումը, հաշտեցման գործընթացները, սահմաններու վերջնական վերագծումը Հայաստանին ու Հայութեան պիտի նուիրէ իրենց երազած Հայաստանը:
Ո՛չ բացարձակ անիրական երազ է:
Ոչ մէկ ժողովուրդ կամ պետութիւն այնքան բարեացակամութիւն պիտի չը ցուցաբերէ մեր նկատմամբ եւ ինչո՞ւ: Յիշենք Խրիմեան Հայրիկի անժամանցելի իմաստութիւնը:
Թղթէ շերեփով կարելի չէ հարիսա ուտել: