Լոռի Թաշճեան-Ադամեան
26 Յուլիս 2024-ին Փարիզի մէջ սկիզբ առին նոր ժամանակաշրջանի 33-րդ Ողիմպիական խաղերը, որոնք կը նկատուին մարզական աշխարհի ամէնէն կարեւոր իրադաձութիւններէն մին:
Հակառակ «Կարեւորը մասնակցիլն է» նշանաբանին, իւրաքանչիւր երկիր, ժողովուրդ կամ խմբաւորում ամէն ճիգ կը թափէ ապահովելու համար առաւելագոյն թիւով մետալներ` ոսկի, արծաթ կամ պրոնզ: Բայց կայ նաեւ մետալին միւս երեսը, այլեւս ընդունուած իրականութիւն է, որ Ողիմպիական խաղերը իրենց զուտ մարզական մրցակցութեան կողքին, դարձած են նոյն ժամանակաշրջանի ընկերային, քաղաքական, մշակութային վիճակներուն հայելին, անոնք իրենց երկար եւ աղմկալի պատմութեան ընթացքին շատ անգամ բեմ հանդիսացած են ժողովրդային պոռթկումներու, ցուցական արարքներու, քաղաքական կեցուածքներու կամ փոքրամասնութիւններու պահանջներու:
Ահա այս դիտանկիւնէն կարելի է լուսարձակի տակ առնել 1912-ին Սթոքհոլմի Ողիմպիական խաղերուն երկու հայ մարզիկներու մասնակցութիւնը:
1908-ին օսմանեան սահմանադրութեան հաստատումը եւ ազգային փոքրամասնութիւններու հանդէպ ստեղծուած ժամանակաւոր հանդուրժողականութիւնը առիթ կու տան, որ արեւմտահայութիւնը` կեդրոն ունենալով Պոլիսը, ապրի ազգային, քաղաքական, մշակութային, ընկերային եւ, ասոնց զուգահեռ, մարզական զարթօնք մը:
Նախապէս, սուլթան Ապտուլ Համիտի իշխանութեան շրջանին, ներկայ հասկացողութեամբ մարզական կեանք գոյութիւն չունէր: Բացի աւանդական-տոհմիկ խաղերէ, որոնք ընդհանրապէս կը կիրարկուէին գիւղերու մէջ, մարմնակրթութիւնը կը կիրարկուէր միայն կրթական օտար հաստատութիւններու մէջ:
Սահմանադրութեան բերած համեմատական ազատութիւնը պատճառ կ՛ըլլայ, որ ստեղծուին մարմնամարզով զբաղող եւ տարբեր մարզաձեւերու հետեւող հայկական միութիւններ, կազմակերպուին մարզահանդէսներ` ֆութպոլի, աթլեթիզմի, մարմնական գեղեցկութեան մրցումներ:
Կարճ ժամանակի ընթացքին ասպարէզ կու գան Եւրոպայի տարբեր մարմնակրթական ուսումնական հաստատութիւններու մէջ դաստիարակուած կամ Պոլսոյ մէջ գործող օտար վարժարաններու (Ռոպերթ քոլեճ, Ֆրանսական բարձրագոյն վարժարան) մէջ տիրող մթնոլորտէն ազդուած երիտասարդներ, որոնք մարզանքը կը ծանօթացնեն հայկական ժողովրդական լայն խաւերուն եւ կը յաջողին անոր հանդէպ սէր ու հետաքրքրութիւն արթնցնել:
Այս մթնոլորտին իբրեւ արդիւնք` Պոլսոյ գրեթէ իւրաքանչիւր թաղամաս կ՛ունենայ իր մարզական ակումբը, անոնք յաճախ կը մրցին իրարու միջեւ կամ օտար խումբերու դէմ:
Հայկական մարզական կեանքի ոլորտի յառաջդիմութեան եւ վերելքի մղիչ ուժը կը հանդիսանայ «Մարմնամարզ» կոչուող մարմնակրթական պարբերաթերթը` իր խմբագրական կազմով եւ անոր շուրջ համախմբուած մարզասէր երիտասարդներով: Արդարեւ, փետրուար 1911-ին Յակոբեան եղբայրներու նիւթական աջակցութեամբ եւ հայ երիտասարդ սերունդին ֆիզիքական դաստիարակութեամբ հետաքրքուած մտաւորականներու ( Յ. Թ. Հինդլեան, Յ. Ճ. Սիրունի եւ ուրիշներ) բարոյական աջակցութեամբ, Շաւարշ Քրիսեան անունով 25-ամեայ երիտասարդ մը, որ իր մարմնակրթական մասնագիտական ուսումը ստացած էր Եւրոպայի մէջ, յանդգնութիւնը կ՛ունենայ հրատարակելու մարզական-մարմնակրթական պատկերազարդ պարբերաթերթ մը, որ իր տեսակին առաջինը կ՛ըլլայ Թուրքիոյ մէջ:
«Մարմնամարզ»-ի նախաձեռնութեամբ 1 մայիս 1911-ին, Պոլսոյ մէջ գործող հայկական 20 ակումբներու մասնակցութեամբ, Գատըգիւղի «Իւնիոն քլիւպ» մարզադաշտին վրայ տեղի կ՛ունենան հայկական առաջին Ողիմպիական խաղերը, որոնք մեծ խանդավառութիւն կը ստեղծեն եւ կը կրկնուին մինչեւ 1914:
«Մարմնամարզ»-ի յամառ հետապնդումներու իբրեւ արդիւնք` հայկական վարժարաններ իրենց ուսումնական ծրագիրին մէջ կը ներառեն մարմնամարզը, եւ Պոլսոյ թաղերուն մէջ կը սկսին երեւիլ սկաուտական խումբեր:
Մարզական այս յառաջընթացը իր անդրադարձը կ՛ունենայ նաեւ գաւառներու երիտասարդութեան վրայ, ուր կը հիմնուին մարզական բազմաթիւ ակումբներ եւ մարմնակրթական միութիւններ, «Մարմնամարզ» յաջորդական թղթակցութիւններով կ՛անդրադառնայ գաւառի մարզական շարժումներուն, առաւել` կոչով մը կը դիմէ Պոլսոյ մարզիկներուն եւ մարզիչներուն, որպէսզի մեկնին գաւառները եւ իրենց ունեցած փորձառութեամբ օգտակար դառնան մարզանքի տարածման աշխատանքին:
Այս կոչին կ՛ընդառաջեն շատ մը երիտասարդներ, որոնց կարգին, օրինակ, ապագայ քնարերգակ-բանաստեղծ Մատթէոս Զարիֆեան, որ ծանօթ մարզիկ մըն էր եւ 1913-ին կարճ ժամանակամիջոցի մը համար կը մեկնի Ատանա` որպէս Ազգային վարժարանի մարմնամարզանքի դասատու:
«Մարմնամարզ» կը զբաղի նաեւ հայ կնոջ մարմնակրթութեան հարցով: Նոյնինքն Շաւարշ Քրիսեանի ջանքերով կը կազմուի Էսայեան սանուց միութեան իգական սեռի մարմնակրթական միութիւնը, կը հիմնուի «Հիժի», այսինքն` hygiene, աղջկանց մարմնակրթական միութիւնը, իսկ 1913-ի հայկական երրորդ Ողիմպիականին աղջիկ մարզիկներ առաջին անգամ ըլլալով իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն այդ խաղերուն:
Հոս եւս գաւառը չի մոռցուիր, «Մարմնամարզ»-ի խմբագրութիւնը կը կազմակերպէ մարմնակրթութեան դասընթացք մը, որուն հետեւող օրիորդներէն ոմանք կը մեկնին գաւառ` որպէս մարզանքի դասատու:
1912-ի սկիզբը Թուրքիոյ Ազգային ողիմպիական կոմիտէն, գլխաւորութեամբ Սելիմ Սըրրիի, թրքական մամուլին մէջ եւ յատկապէս «Իքտամ» եւ «Սապահ» թերթերուն մէջ
ծանուցումներ կը տեղադրէ` հրաւէր ուղղելով երիտասարդութեան իրենց թեկնածութիւնը ներկայացնելու Սթոքհոլմի մէջ նոյն տարուան ամրան տեղի ունենալիք Ողիմպիական խաղերուն որպէս մասնակից:
Սելիմ Սըրրի, որ հետեւած էր Սթոքհոլմի ֆիզիքական կրթութեան ուսուցիչներու դպրոցի մարմնամարզանքի դասընթացքներուն եւ ծանօթ մըն էր Շաւարշ Քրիսեանի, «շատ լաւ կը գիտակցէր մարմնակրթութեան ունեցած կարեւորութեան` օսմանեան ապագայ երիտասարդութեան կազմաւորման մէջ» («Մարմնամարզ», այդ տարի թիւ 1 փետրուար 1911): Ուստի կ՛ուզէ անպայման ներկայացուցիչներ ղրկել Սթոքհոլմ:
Ողիմպիական խաղերու մասնակցելու հրաւէրը մեծ ոգեւորութիւն կը ստեղծէ հայ մարզասէր շրջանակներէն ներս:
Դարձեալ «Մարմնամարզ»-ն է, որ Շաւարշ Քրիսեանի գլխաւորութեամբ կը հանդիսանայ մղիչ ուժը եւ կը խրախուսէ հայկական մարզական միութիւններն ու ակումբները` լծուելու հայ մարզիկ մը Սթոքհոլմի խաղերուն հասցնելու աշխատանքին, որովհետեւ, ինչպէս կը գրէր իր 15 յունուար 1912-ի թիւի խմբագրականին մէջ, «Անոնց (Ողիմպիական խաղերուն) մասնակցիլ ուզելը կը նշնակէ հասկցած ըլլալ մեծ ժողովուրդներուն մեծութեան գաղտնիքներէն եւ պատճառներէն մին», ապա կ՛աւելցնէ. «Առաջին կամ վերջին ելնելը երկրորդական է, կարեւորը մաս առնելն է իբր հայ»:
Անմիջապէս կը կազմակերպուին հանդիպումներ, Պոլսոյ մէջ գործող զանազան ակումբներու մասնակցութեամբ կ՛ըլլան քննարկումներ, ժողովներ, որոնք հետաքրքրութիւն կը ստեղծեն ո՛չ միայն մարզասէր երիտասարդութեան, այլ նաեւ հայութեան տարբեր խաւերուն մէջ:
Սակայն Ողիմպիական խաղերուն մասնակցիլը կ՛ենթադրէ նիւթական ծախսեր (միայն ճամբու ծախսի համար նկատի առնուած է 50-60 ոսկիի անհրաժեշտութիւն):
Ուստի Պոլիսէն Իզմիր եւ մինչեւ գաւառներ կը կատարուին հանգանակութիւններ, նուիրատուութիւններ, վիճակահանութիւններ, մարմնամարզական հանդէսներ, նոյնի՛սկ կը տրուին թատերական ներկայացումներ, որոնց հասոյթը կը տրամադրուի Ողիմպիականի մասնակցութեան ծախսերուն:
Նիւթական ծախսերը ապահովելու աշխատանքին զուգահեռ, կ՛ընթանայ Սթոքհոլմ մեկնելիք մարզիկին ընտրութեան աշխատանքը: Պոլսոյ մէջ լաւ հայ մարզիկներ շատ կային, բայց երկու աթլեթներ` Մկրտիչ Մկրեան եւ Վահրամ Փափազեան, կ՛առանձնանան իրենց կարողութիւններով եւ արդիւնքներով:
Մկրտիչ Մկրեան, որ Ռոպերթ քոլեճը նոր աւարտած 19 տարեկան ուսանող մըն էր, անդամ` Սկիւտարի «Րաֆֆի» ակումբին, իր արձանագրած արդիւնքներով անզուգական առաջինն էր սկաւառակ, նիզակ, քառորդ մղոն վազք մարզաձեւերուն մէջ եւ լաւագոյններէն` բարձրութիւն ցատկելու եւ ոստումի մէջ, ու լաւապէս կրնար մասնակցիլ հնգամարտի (penthatlon) եւ տասնամարտի (dechatlon) նման բաղադրեալ մրցումներու, որոնք ընդգրկուած էին Ողիմպիական խաղերու ընթացքին կիրարկուելիք մարզաձեւերու ցանկին վրայ:
Գալով Վահրամ Փափազեանին, որ նոյնպէս Ռոպերթ քոլեճի ուսանող էր (շրջանաւարտ` 1913-ին) եւ անդամ` Գուրուչէշմէի «Արտաւազդ» ակումբին, մասնագէտ էր մէկ մղոն եւ կէս մղոն, այսինքն` միջակ երկարութեամբ վազքերու մէջ:
Անոր կեսարացի հայրը Ռոպերթ քոլեճի ստորոտը գտնուող Պեպէք թաղամասին մէջ լրագրի ցրուիչ էր: Վահրամ Փափազեան տարիներ վերջ (1962-ին) Պէյրութ հրատարակուած իր «Սէր, սէր, սէր» վերնագրուած ինքնակենսագրական հատորին մէջ յիշելով Ողիմպիականին նախորդող օրերը` կը գրէ. «… Յաճախ հայրս զիս գիշերուան երկուքկէսին կ՛արթնցնէր, որ նաւակով միասին Պոլիս երթանք, Պապը Ալիէն լրագիր գնենք եւ յետոյ վազելով վեց մղոնի չափ թերթերու խոշոր տրցակը թեւերուս տակ, թերթ կը ցրուէի աջ ու ձախ, ու յոգնած դպրոց կ՛երթայի դասերուս հետեւելու»: Վահրամ Փափազեան 1911-ի մայիսին շահած էր հայկական առաջին Ողիմպիականի լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը:
Այս երկու մարզիկներուն միջեւ ընտրութիւն կատարելը դժուար կ՛ըլլայ: Իւրաքանչիւրը ունէր իր առաւելութիւնները եւ համակիրները: Մարզական մրցանիշներու իմաստով, Մկրեանին արդիւնքները կը գերազանցէին Փափազեանին արդիւնքներուն, բայց միւս կողմէ` մարզական ակումբներու ներկայացուցիչներու մէկ հանդիպումին տրուած որոշում մը կ՛ըսէր, թէ Ողիմպիական խաղերուն պէտք է մեկնի այն մարզիկը, որ շահած է հայկական Ողիմպիական խաղերու լաւագոյն մարզիկի տիտղոսը: Այս տիտղոսը կը պատկանէր Վահրամ Փափազեանին` նկատի ունենալով, որ Մկրտիչ Մկրեան չէր մասնակցած հայկական ողիմպիականներուն:
Ի վերջոյ, շնորհիւ հաւաքական եւ անհատական ճիգերու, կարելի կ՛ըլլայ երկու հայ մարզիկներն ալ հասցնել Սթոքհոլմ, անոնք կ՛ըլլան այս խաղերուն Օսմանեան կայսրութեան միակ ներկայացուցիչները: Այսպէս, ինչպէս պիտի գրէր «Մարմնամարզ»-ը 15 յուլիս 1912-ին, «Օսմանեան դրօշի պատիւը բարձր բռնելու պաշտօնը երկու հայերու է որ կը վիճակուի»:
Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ հինգերորդ խաղերու բացումը կը կատարուի 5 մայիս 1912-ին, եւ խաղերը կը շարունակուին մինչեւ 22 յուլիս` մասնակցութեամբ 28 երկիրներ ներկայացնող 2547 մարզիկներու:
Վահրամ Փափազեան կը մասնակցի 1500 մ. վազքի մրցումին, իսկ Մկրտիչ Մկրեան` հնգամարտի եւ տասնամարտի մրցումներուն:
Սթոքհոլմի «Սթաիոն» թերթը հարցազրոյց մը կ՛ունենայ Մկրտիչ Մկրեանի հետ: Հայ մարզիկները թէեւ առաջնութիւններ չեն շահիր, եւ անոնց արձանագրած արդիւնքները շատ հեռու կը մնան եւրոպացի եւ ամերիկացի մարզիկներու արձանագրած մրցանիշերէն, բայց եւ այնպէս անոնց ներկայութիւնը միջազգային այս մրցումներուն արդէն բաւարար ցուցանիշ մըն է հաստատելու համար, որ հայկական մարմնամարզի առաջնորդները լաւապէս ըմբռնած էին անոր կարեւորութիւնը անհատին եւ հաւաքականութեան համար եւ կը հաւատային, որ, ինչպէս Շաւարշ Քրիսեան կ՛ըսէ, «Ցեղի ֆիզիքական վերածնունդը պիտի ծառայէ անոր ամբողջական վերածնունդին»: Մարմնամարզանքի յառաջդիմութիւնը եւ Ողիմպիականի նման միջազգային մրցաշարքերու հայութեան մասնակցութիւնը կը դիտուէր որպէս ազգային ինքնահաստատման դրսեւորում. Շաւարշ Քրիսեան ակնարկելով հայ մարզիկներու Ողիմպիականի ներկայութեան` չի վարանիր յայտնելու. «Իրենց ներկայութիւնը եւ հազարաւոր կատաղի մրցորդներու մէջ կենալը իրենց եւ իրենց պատկանած ազգին համար նիւթական մրցանակէ մը ոչ նուազ արժէք ունի, մեզի համար իտէալն է կարեւորը, մենք ալ ունեցանք փափաք փայլելու ու իտէալ մը, աւելի բարձր բռնելու հայ անունը` ազգերու մրցակցութեան մէջ» («Մարմնամարզ» օգոստոս 1912 Բ. տարի, թիւ 15): Իսկ ուրիշ խմբագրականի մը մէջ («Մարմնամարզ» Բ. տարի, թիւ 14) կոչ ուղղելով` շարունակելու սկսած աշխատանքը ոգեւորութեամբ, կը գծէ հայկական մարմնակրթութեան տեսլականը. «Մենք վստահ ենք, որ միջազգային վեցերորդ Ողիմպիականին մէջ, որ չորս տարի վերջ տեղի պիտի ունենայ Պերլինի մէջ, հայը պիտի ունենայ իր պատկառելի ներկայացուցիչները»:
Պերլինի Ողիմպիական խաղերը տեղի չեն ունենար Համաշխարհային Ա. պատերազմին պատճառով:
Շաւարշ Քրիսեան կը ձերբակալուի, կ՛աքսորուի, ապա միլիոնաւոր հայերու նման, զոհ կ՛երթայ Ցեղասպանութեան` իրեն հետ թաղելով իր եւ հազարաւոր երիտասարդներու երազները…
—-
Աղբիւրներ
«Մարմնամարզ» պարբերաթերթ, Պոլիս, 1911-1914:
Հայկ Դեմոյեան, «Հայկական սպորտը եւ մարմնակրթութիւնը Օսմանեան կայսրութիւնում», Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկ, Երեւան, 2009:
Վահրամ Փափազեան, «Սէր, սէր, սէր», տպարան «Սեւան»,Պէյրութ, 1962:
yerakouyn.com