Վանաձորի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան պատանեկան ճամբարը

Վանաձորի մէջ սկիզբ առաւ ՀՅԴ Գանատայի Երիտասարդական Միութեան պատանեկան ճամբարը

2011 թուականին, Վանաձոր քաղաքին մէջ կայացաւ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Գանատայի Երիտասարդական Միութեան (ԳԵՄ) պատանեկան առաջին ճամբարը: Յաջորդող տարիներուն ճամբարի ծրագիրը շարունակուեցաւ, որպէս ԳԵՄ-ի հայրենի ծրագիր։ Այս ճամբարներուն ծրագիրները կ’ընդգրկեն Դաշնակցութեան եւ Հայ Դատի պատմութիւն, Արցախի Ազատագրական Պայքարի պատմութիւն, հայրենասիրական երգերու ուսուցում, անգլերէնի եւ համակարգիչի դասընթացքներ, մարմնակրթական եւ ուսուցողական խաղեր:

Այս տարի, որպէս վարիչ ճամբարին կը մասնակցին Գանատայի Երիտասարդական Միութենէն 10 անդամներ, որոնք հայրենի նորահաս սերունդը ազգային գաղափարախօսութեամբ թրծելու յանձնառութիւնը ստանձնած՝ կը գտնուին հայրենիք: Ճամբարին կը մասնակցին 200 պատանիներ։

Անցնող տարիներուն, ՀՅԴ Գանատայի երիտասարդականի անդամ աւելի քան հարիւր պատասխանատու-վարիչներ գործուղուած են Լոռիի մարզ եւ նոյն այդ ժամանակահատուածին երկու հազար երեխաներ մասնակից դարձած են ՀՅԴ ԳԵՄ-ի ամառնային ճամաբարներու ծրագիրներուն։

Share