Հայ Օգնութեան Միութեան ԱՄՆի Արեւմտեան Շրջանի 99րդ Շրջանային Պատգամաւորական ժողովը յաջողութեամբ գումարուեցաւ 19-21 Յուլիս 2024-ին, Պըրպէնքի Հայ Կեդրոնէն ներս, հիւրընկալութեամբ շրջանիս «Արազ» Մասնաճիւղին, 75 E Santa Anita, Burbank, CA 91502։
Ժողովի բացումը կատարեց Շրջանային Վարչութեան Ատենապետուհի Վիքի Մարաշլեան եւ հրաւիրեց ժողովականները մէկ վայրկեան յոտնկայս յարգելու Արցախի նահատակներու յիշատակը։ Ապա, ժողովականները ունկնդրեցին Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու, Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ՀՕՄ-ի քայլերգները։
Հոգեշնորհ Տէր Զարեհ Վարդապետ Սարգիսեանը փոխանցեց Արեւմտեան Թեմի առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեանի ուղերձը այս ժողովին առիթով։ Ժողովիս ներկայ էին ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան, գանձապահ ընկհ. Անի Քէշիշեան, խորհրդական եւ շրջանիս կապը՝ Ժարմէն Միրզախանեան։
Ընկհ. Միրզախանեանը փոխանցեց Կեդրոնական Վարչութեան գործունէութեան
առաջին տարուան տեղեկագիրը, պաստառի վրայ երեւցող ծրագիրները մէկ առ մէկ
բացատրեց եւ դրուատեց ՀՕՄի անդամներու նուիրումը ծրագիրներու
իրականացման մէջ։
Շրջապատուած շուրջ 120 գաղափարակից հայուհիներով, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան Կեդրոնական Կոմիտէի Ներկայացուցիչ Լեւոն Պարոնեանը բարձրօրէն գնահատեց ՀՕՄ-ի ազգանուէր աշխատանքը։
Շրջանային Վարչութեան խօսքը փոխանցեց ընկհ. Վիքի Մարաշլեան՝ շնորհակալութիւն եւ գնահատանք յայտնելով իր գործընկերներուն, մասնաճիւղերուն եւ անդամներուն որ անձնուիրաբար աշխատեցան անցած տարեշրջանին ընթացքին։
Ընկերուհին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց գրասենեակի տնօրէն Ժասիկ Ջառահեանին, ընկերային ծառայութեան գրասենեակի գործադիր տնօրէն Շուշիկ Աւագեանի եւ հայերէնի բաժնի քարտուղար Տոքթ. Սուսաննա Դավթյանին։ Ընկերուհի Մարաշլեանի կարգահրաւէրով, ժողովը սկսաւ ներկայութեան ստուգումով։ Կարեւոր գործ ստանձեց ժողովի դիւանը գլխաւորութեամբ հայերէնի ատենապետ ընկհ. Մարալ Փօլատեանի (Անահիտ Մասնաճիւղ) եւ անգլերէնի ատենապետ ընկհ. Ճիւտի Ճինկիրեանի (Կարին Մասնաճիւղ)։ Դիւանի հայերէնի քարտուղարներն էին Անգինէ Յակոբեան եւ Զարուհի Տէր Դաւիթեան, իսկ անգլերէնինները՝ Ռիթա Հինդլեան եւ Անահիտ Պօղոսեան։
Իրաւասութիւններ ճշդող յանձնախումբը զեկոյցով ի յայտ եկաւ թէ 20 մասնաճիւղերէ կը մասնակցէին 62 պատգամաւորներ։ Երիցագոյն պատամաւորն էր Էրեբունի (Օքլանտ) Մասնաճիւղի ընկհ. Վիքթորիա Մարքարեան՝ որ միայնակ Սաքրամէնթոյէն եկած էր 89 տարեկան հասակին։ Իսկ աւելի քան 20 պատգամաւորներ առաջին անգամ այդ դերը կը ստանձնէին։ Անգլերէնն ու հայերէնը փոխն ի փոխ կ՚արծարծուէին։ Ժողովականներուն դէմքերը արտացոլացումն էին յուզմունքի, ապշանքի կամ վճռականութեան։
Դիւանը հսկիչ նշանակեց հիւրընկալ «Արազ» Մասնաճիւղի ընկերուհիները որոնք ուշադրութեամբ եւ հոգատարութեամբ սատարեցին ժողովին սահուն ընթացքին։
Պատգամաւորական ժողովի օրերը անցան յոյժ գործնական, շինիչ առաջարկներով եւ
առողջ քննարկումներով։ Ընթացաւարտ վարչութեան աշխատանքը գնահատուեցաւ
գնահատելի։
Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետուհի Արուսեակ Մելքոնեան ժողովին ընթացքին հարցի մը քննարկումի ընթացքին յիշեց թէ Արցախէն Հայաստան ապաստանած կիներու քաղցկեղը համեմատականօրէն աւելցած է։ Ժողովը օրակարգը մէկդի դրած ինքնափուխ նուիրատութիւններու անցաւ եւ Շրջանային Վարչութեան լրացումով, 50 հազար տոլար հանգանակուեցաւ ՀՕՄի Ախուրեանի Մօր ու Մանկան Առողջապահական Կեդրոնի եւ Ծննդատան մամոկրաֆի գործիքի մը ի նպաստ կանխազգուշական քննութիւններ կատարելու համար։
Պատգամաւորական ժողովը ամէն հարցի լուծում չունէր, բայց իր կարելին ըրաւ նախահաշիւ մը վաւերացնել որ ՀՕՄի 115-ամեակը հանգամանօրէն տօնախմբուի, տաք ճաշի ծրագիրները շարունակուին, տուներ եւ ագարակներ տրամադրուին Արցախցի ընտանիքներուն, կրթաթոշակներ տրամադրուին հերոսներու զաւակներու եւ ուսանողներուն, ինչպէս նաեւ շարունակուին ընկերային եւ հոգեբանական ծառայութիւնները շրջանէս ներս։
Կեդրոնական Վարչութեան անդամները, պատգամաւորները, հիւրերը եւ ընթացաւարտ Շրջանային Վարչութիւնը սիրալիր յաջողութեան մաղթանքներ փոխանցեցին ՀՕՄ-ի մեծ ընտանիքին եւ նորընտիր վարչութեան։ Անոնք նաեւ գնահատեցին դիւանն ու հիւրընկալ մասնաճիւղի ժրաջան ընկերուհիները։
Ժողովի աւարտին ընտրուեցաւ ինը անձերէ բաղկացած Շրջանային Վարչութեան
կազմ, որմէ ետք ՀՕՄի Կեդրոնական Վարչութեան Ատենապետ Արուսեակ Մելքոնեանի եւ պատգամաւորական ժողովի դիւանի մասնակցութեամբ նորընտիր Շրջանային Վարչութիւնը ընտրեց իր դիւանը։
Ստորեւ, երկու տարուայ՝ 2024-2026 շրջանի Շրջանային Վարչութեան կազմը, իր
պաշտօններով։
Քրիսթինա Ամիրեան Խանճեան՝ Ատենապետ
Վիքի Մարաշլեան՝ Փոխ-ատենապետ
Էօժէնի Շամլեան Արոյեան՝ Ատենագրող Քարտուղար
Ռիթա Հինդլեան՝ Թղթակցող Քարտուղար
Մարալ Գույումճեան Մանուկեան՝ Գանձապահ
Քնարիկ Աւետիսեան՝ Խորհրդական
Հայկո Օվայեան Պարսամեան՝ Խորհրդական
Սիրուն Պետիրեան՝ Խորհրդական
Թալին Կայեայան՝ Խորհրդական