Ա.Մ.Ն. Արեւմտեան Թեմի Առաջնորդ՝ Գերշ. Տ. Գեղամ Արք. Խաչերեան 22 Յուլիս 2024-ին այցելեց «Ազդակ»ի խմբագրատուն եւ տեսակցեցաւ «Ազդակ»ի տնօրէնութեան ու խմբագրութեան հետ:Սրբազանը ծանօթանալէ ետք «Ազդակ»-ի տարբեր մարզերու ծրագիրներուն, հաստատեց, որ սփիւռքի տարբեր երկիրներու մէջ մեծ թիւով ընթերցողներ հետեւողականօրէն կը կարդան «Ազդակ»ը եւ կը հետեւին անոր գործունէութեան:
Ան գոհունակութիւն յայտնեց, որ «Ազդակ» կ՛արձագանգէ Քալիֆորնիոյ հայութեան կեանքին եւ յատկապէս Արեւմտեան Թեմի բոլոր նախաձեռնութիւններուն: