Ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան՝ շուրջ երեսուն տարի Հայ Օգնութեան Միութեան Հրատարակութեան բաժանմունքը տնօրինելէ ետք, հանգստեան կոչուեցաւ Յունուար 2024-ին։
Մեծ է վաստակը ընկեր Թաթուլին հայութեան հաւաքական կեանքին եւ մասնաւորաբար Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան եւ Հայ Օգնութեան Միութեան հասարակական, կազմակերպական եւ միութենական կեանքերուն մէջ։
Ան ծնած է Գահիրէ, Եգիպտոս։ Համալսարանական իր ուսումը աւարտելէ ետք, ընկեր Թաթուլ աշխատակցած է տարբեր օրաթերթերու, շաբաթաթերթերու եւ ամսաթերթերու, ձեւաւորելով անոնց կողքերը։ 1951-էն 1957 գործած է Ամերիկեան Տեղեկատուութեան Գործակալութեան մէջ՝ իբրեւ հրատարակչական բաժնի վարիչ- գծագրիչ։ Տեղին է յիշատակել ընկերոջ գծանկարիչի տաղանդը՝ ստեղծագործելով որմազդներ եւ նշանապատկերներ տարբեր միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու համար:
Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան 1957-ին փոխադրուած է Միացեալ Նահանգներ։ 1961էն 1972 վարած է University Press of Cambridgeի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը։ 1972էն 1978 ունեցած է իր անձնական հրատարակչական ընկերութիւնը՝ գործակցութեամբ Հարվըրտ համալսարանի հրատարակչական գրասենեակի մասնագիտական հրատարակութիւններու բաժանմունքին։ 1978էն սկսեալ գործած է իբրեւ ազատ մասնագէտ՝ հրատարակչական, խմբագրական եւ տպագրական մարզերու մէջ։
Ան ունի նաեւ թարգմանական բեղուն աշխատանք։ Ան Անգլերէնի թարգմանած է բազմաթիւ բանաստեղծութիւններ եւ յօդուածներ, ինչպէս օրինակ՝ Անդրանիկ Ծառուկեանի «Թուղթ Առ Երեւան»ը՝ գործակցաբար Ռուբէն Ճանպազեանի եւ Դանիէլ Վարուժանի «Հացին Երգը»՝ գործակցաբար Վիգէն Թիւֆէնքճեանի: Պէտք չէ մոռնալ ընկերոջ մեծ ներդրումը՝ Համազգայինի թատերական կեանքին, որուն իր մասնակցութիւնը բերած է երկար տարիներ։
Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանը արժանացած է զանազան պատուագրերու, մրցանակներու եւ շքանշաններու, ինչպէս՝ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան Մեսրոպ Մաշտոց շքանշանին, Ա.Մ.Ն. Արեւելեան շրջանի Հայ Դատի յանձնախումբի «Վահան Քարտաշեան» շքանշանին եւ Հայ Օգնութեան Միութեան Արեւելեան Ամերիկայի Շրջանային վարչութեան «Է․ Ակնունի» մրցանակին։
Ան մեծ պատասխանատուութեամբ վարած է Հ․Յ․Դ․ եւ Հայաստանի առաջին հանրապետութեան արխիւներու պատասխանատուի պաշտօնը՝ անձնուիրաբար եւ հաւատարմօրէն կատարելով իրեն տրուած բոլոր պարտականութիւնները։ Զուգահեռաբար այս պաշտօնին, ընկեր Թաթուլ նաեւ վարած է «Արմինիըն Ռիվիու»-ի խմբագիրի պաշտօնը։
Ինչ կը վերաբերի Հայ Օգնութեան Միութեան, ապա ընկեր Թաթուլ շուրջ երեսուն տարի անընդմէջօրէն կատարած է միութեան հրատարակութիւններու բաժանմունքի տնօրինումը, յատուկ ուշադրութեան առարկայ դարձնելով Հ․Օ․Մ․-ի «Հայ Սիրտ» պարբերականը: Ան նաեւ վարած է միութեան կեդրոնական գրասենեակի վարիչ տնօրէնի պաշտօնը:
Թաթուլ Սոնենց- Փափազեան կը հանդիսանայ մէկ անձնուէր գործիչը այն սերունդին, որ գործեց խոր գիտակցութեամբ՝ իր գիտելիքը եւ փորձառութիւնը ի սպաս դնելով Հայ Դատին եւ առհասարակ հայ հասարակական եւ միութենական կեանքերուն, իբրեւ ղեկավար, խմբագիր, հրատարակութիւններու վարիչ, թարգմանիչ եւ մտաւորական։
Հայ Օգնութեան Միութիւնը երախտապարտութեան եւ երախտագիտութեան զգացումներով պիտի յիշէ ընկեր Թաթուլ Սոնենց- Փափազեանի վաստակը՝ երկար եւ առողջ կեանք մաղթելով սիրելի ընկերոջ։